­Շա­բաթ՝ 22 ­Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան, Ե­րե­ւա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կա­տա­րուած շքեղ տո­ղանց­քով եւ պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեամբ, բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան տա­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պի­տի եր­կա­րին մին­չեւ 2018ի ա­ւարտ:
­Տո­ղանցքն ու հան­դի­սու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցան հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րուն ա­ռի­թով, ո­րոնք 19 շրջան­նե­րէ եւ ­Թեհ­րա­նի «Ա­րա­րատ» ու «­Նա­յի­րի» միու­թիւն­նե­րէն ­Հա­յաս­տան հա­մախմ­բած են 1250 մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­ներ, ի­րա­ւա­րար­ներ, մար­զա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ծնող­ներ ու բա­րե­կամ­ներ: ­Մար­զա­խա­ղե­րը ար­դէն ըն­թացք ա­ռած են Ե­րե­ւա­նի զա­նա­զան դաշ­տե­րուն վրայ:

­Տո­ղանց­քի նա­խօ­րեա­կին

10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րու տո­ղանց­քի եւ բաց­ման հան­դի­սու­թեան նա­խօ­րեա­կին, ­Շա­բաթ՝ 22 ­Յու­լի­սի յետ-մի­ջօ­րէին, մաս­նա­կից­նե­րը հա­ւա­քո­ւե­ցան Ե­րե­ւա­նի պե­տա­կան օ­փե­րա­յի Ա­րամ ­Խա­չա­տու­րեա­նի ա­նո­ւան սրա­հը, ուր ծա­նօ­թա­ցան մար­զա­խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ մար­մի­նի ան­դամ­նե­րուն, մար­զա­խա­ղե­րու օ­րէնք­նե­րուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան տի­պար մար­զի­կի բա­րո­յա­կան յատ­կա­նիշ­նե­րուն: Ա­նոնք դի­տե­ցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ ա­նոր մար­զա­կան շար­ժու­մը ծա­նօ­թաց­նող տե­սա­նիւթ մը: ­Ներ­կա­նե­րուն ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ Ար­ման­տօ ­Թոր­գո­մեան: Ա­պա՝ մար­զա­խա­ղե­րուն մաս­նա­կից 21 շրջան­նե­րը ներ­կա­յաց­նող մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­ներ ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի Ե­ղեռ­նի նա­հա­տա­կաց յու­շա­հա­մա­լիր, ո­րու ան­մար կրա­կէն վա­ռե­ցին մար­զա­խա­ղե­րուն ջա­հը եւ փոխն ի փոխ վա­զե­լով, զայն ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն փո­խադ­րե­ցին մին­չեւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ: ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ, ջա­հա­կիր մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­նե­րուն իր խօս­քը ուղ­ղեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ան­դամ ­Վի­գէն ­Քոր­թեան:

­Տո­ղանց­քը

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «մար­զա­կան բա­նակ»ին սպա­սո­ւած տո­ղանց­քը սկսաւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:15ին` Ա­զա­տու­թեան հրա­պա­րա­կէն մին­չեւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ: ­Տո­ղանց­քը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի շե­փո­րա­խում­բը, ­Հա­յաս­տա­նի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի եւ 100ա­մեա­կի դրօ­շա­կա­կիր­նե­րը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաու­տա­կան պա­տո­ւոյ խում­բի ան­դամ­նե­րը:
­Տո­ղան­ցող­նե­րը պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու այ­բու­բե­նա­կան կար­գով եւ լման կազ­մով ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ հա­սան եւ ի­րենց վե­րա­պա­հո­ւած տե­ղե­րը գրա­ւե­ցին հրա­պա­րա­կը լե­ցու­ցած բազ­մա­հա­զար ժո­ղո­վուր­դի քա­ջա­լե­րա­կան ծա­փե­րով:

­Պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը

­Տո­ղանց­քի ա­ւար­տին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8:00ին, ­Հա­յաս­տա­նի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայ­լերգ­նե­րով ըն­թացք ա­ռաւ 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րու բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րուն հետ ազ­դան­շա­նը տրո­ւե­ցաւ միու­թեան 100ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն:
­Հան­դի­սու­թիւ­նը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Ա­մե­նայն ­Հա­յոց եւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը` ­Վար­դան Եպս. ­Նա­ւա­սար­դեան եւ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեան, սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան, ­Հա­յաս­տա­նի մարմ­նակր­թու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան հար­ցե­րու, ինչ­պէս նաեւ` պաշտ­պա­նու­թեան փոխ-նա­խա­րար­նե­րը, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Գե­րա­գոյն ­Մար­մի­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ա­ղո­ւան ­Վար­դա­նեան, ­Հա­յաս­տա­նի մօտ ­Լի­բա­նա­նի եւ Ե­գիպ­տո­սի դես­պան­նե­րը, քո­րէա­կան ազ­գա­յին սկաու­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նող բազ­ման­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, մար­զա­խա­ղե­րու նա­խա­գահ տէր եւ տի­կին ­Սար­գիս եւ Ա­լիս ­Տէր-­Պետ­րո­սեան­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան այժ­մու եւ նախ­կին ան­դամ­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին եւ ­Մե­կու­սի ­Վար­չու­թիւն­նե­րու ա­տե­նա­պետ­ներ եւ հայ­րե­նի հիւ­րեր:
­Հան­դի­սու­թեան ա­ռա­ջին խօս­քը ար­տա­սա­նեց Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Վար­դան Եպս. ­Նա­ւա­սար­դեան, որ կար­դաց ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կո­սին ող­ջոյ­նի գի­րը: Իր գի­րին մէջ, ­Գա­րե­գին Բ. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը նկա­տել կու տար, որ մար­զա­խա­ղե­րը Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան մար­զիկ­նե­րուն հա­մար ա­ռիթ են ծա­նօ­թա­նա­լու ի­րենց հա­սա­կա­կից­նե­րուն, ճանչ­նա­լու հայ­րե­նի­քը եւ մեր հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին հա­րուստ ժա­ռան­գու­թիւ­նը: ­Գա­րե­գին Բ. ­Կա­թո­ղի­կոս կը մաղ­թէր, որ հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րո­ւած գե­ղե­ցիկ օ­րե­րու տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը անջն­ջե­լի մնան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րու հո­գի­նե­րուն մէջ եւ ա­նոնք յա­ւէտ ապ­րին մեր երկ­րին ու ա­նոր հայ­րե­նա­կան ար­ժէք­նե­րով:
­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Պետ­րոս Վրդ. ­Մա­նո­ւէ­լեան կար­դաց Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեան գի­րը: Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պե­տը իր գի­րով կը հաս­տա­տէր, որ անց­նող հա­րիւր տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր աշ­խար­հաս­փիւռ կա­ռոյց­նե­րով ու ան­դամ­նե­րով՝ ե­ղաւ տի­րա­կան ներ­կա­յու­թիւն մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ: ­Մեր ժո­ղո­վուր­դին ու ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րո­յա­կան, մշա­կու­թա­յին ու ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու գան­ձա­րա­նը եւ դպրո­ցը դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը: Ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին պատ­կա­նե­լիու­թեան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ եւ այդ պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը յանձ­նա­ռու ծա­ռա­յու­թեան վե­րա­ծե­լու նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կա­րե­ւոր ներդ­րում բե­րաւ մեր ժո­ղո­վուր­դին` ­Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րուն մէջ:
Ա­րամ Ա. ­Կա­թո­ղի­կոս կը նշէր նաեւ, որ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թիւ­նը միշտ գնա­հա­տո­ղը ե­ղած է մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու շար­քին նաե՛ւ Հ.Մ.Ը.Մ.ին.- «Իր ա­ռա­քե­լու­թեան 100ա­մեա­կի սե­մին, վստահ ենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը պի­տի վե­րա­նո­րո­գէ իր հա­ւա­քա­կան ուխ­տը` հա­ւա­տա­րիմ մնա­լու ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ւել ծաղկ­ման, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ւել ամ­րապնդ­ման, սփիւռ­քի ա­ռա­ւել կազ­մա­կերպ­ման եւ պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին ա­ռա­ւել զօ­րաց­ման»:
Ա­պա, մար­զա­խա­ղե­րու հիւ­րըն­կալ շրջա­նի` Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց շրջա­նի ա­տե­նա­պետ ­Դա­ւիթ ­Յա­կո­բեան: Ան ը­սաւ, որ ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կին ա­ռի­թով կա­տա­րո­ւող 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րը կը վկա­յեն, որ միու­թիւ­նը մէկ դա­րէ ի վեր չէ դա­ւա­ճա­նած իր ա­ռա­քե­լու­թեան եւ սկզբունք­նե­րուն` ըլ­լա­լով ա­մուր, յա­ջո­ղած եւ ազ­նիւ գա­ղա­փա­րի ծա­ռա­յող կա­ռոյց: ­Կա­ռոյց, որ միաս­նա­կան մէկ բռունցք է: ­Կա­ռոյց, որ կը հա­մախմ­բէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը` ան­կախ ա­նոր ապ­րած վայ­րէն: ­Կա­ռոյց, որ բո­լո­րը կը հա­մախմ­բէ հայ­րե­նի­քի գա­ղա­փա­րին շուրջ:
­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րու կազ­մա­կեր­պիչ մար­մի­նին ա­նու­նով խօսք ա­ռաւ մար­մի­նի ա­տե­նա­պետ ­Մա­նո­ւէլ ­Մար­սէ­լեան, որ ը­սաւ, թէ նման մար­զա­խա­ղե­րու կազ­մա­կերպ­ման նպա­տա­կը մար­զա­խա­ղե­րը չեն միայն, այ­լեւ` հայ­րե­նի հո­ղին վրայ մեր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը քով-քո­վի բե­րե­լը եւ միաս­նա­բար հայ­րե­նի­քը վա­յե­լե­լը մար­զա­կան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ա­ռողջ մթնո­լոր­տի մէջ:
­Ներ­կա­նե­րուն իր սրտի խօս­քը ուղ­ղեց հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րու նա­խա­գահ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան նախ­կին ան­դամ ­Սար­գիս ­Տէր-­Պետ­րո­սեան: Ան ը­սաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը միշտ ե­րի­տա­սարդ այն միու­թիւնն է, որ իր ան­դամ­նե­րուն կը ջամ­բէ ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թիւն, հայ­րե­նա­սի­րու­թիւն եւ մէկ ազ­գի պատ­կա­նե­լիու­թեան գի­տակ­ցու­թիւն: Հ.Մ.Ը.Մ.ը չծե­րա­ցող միու­թիւն է, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր շար­քե­րը տե­ւա­բար կը նո­րո­գո­ւին ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դով եւ ա­ւիւ­նով: «Ե­րի­տա­սար­դու­թիւնն է մեր ներ­կան եւ ա­պա­գան: Ան է, որ այս միու­թիւ­նը պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ իր երկ­րորդ 100ա­մեա­կին»,- ընդգ­ծեց ­Տէր-­Պետ­րո­սեան:
­Յա­ջորդ խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեան: Ան Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ա­նու­նով ող­ջու­նեց հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը եւ ը­սաւ, որ այս մար­զա­խա­ղե­րը լաւ ա­ռիթ են ար­ժե­ւո­րե­լու մեր ա­մէ­նէն տա­րա­ծուն եւ ա­մէ­նէն փոր­ձա­ռու ե­րի­տա­սար­դա­կան կա­ռոյ­ցին դերն ու ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը մեր կեան­քին մէջ:
­Ռուս­տա­մեան նշեց, որ ինչ­պէս 100 տա­րի ա­ռաջ, նաեւ այ­սօր կա­րե­ւոր ա­ռա­քե­լու­թիւն ու­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ը հա­մաշ­խար­հայ­նա­ցած մեր ըն­կե­րու­թեան մէջ, ուր ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը կը դի­մագ­րա­ւէ գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ օ­տար հո­սանք­նե­րու եւ գա­ղա­փար­նե­րու զո­հը դառ­նա­լու մնա­յուն վտան­գը: Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը հան­դի­սա­նայ այն փրկա­րար ու­ժը, որ բո­լո­րը կառ­չած կը պա­հէ ի­րենց ար­մատ­նե­րուն, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն, սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն, ազ­գա­յին ու պե­տա­կան մեր նպա­տակ­նե­րուն:
­Ռուս­տա­մեան հաս­տա­տեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը այ­սօր պէտք է օ­րի­նակ դառ­նայ ե­րի­տա­սար­դա­կան մեր բո­լոր կա­ռոյց­նե­րուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան մար­զիկն ու մար­զի­կու­հին պէտք է շա­րու­նա­կող­նե­րը ըլ­լան այն ժա­ռան­գու­թեան, որ ի­րենց փո­խան­ցո­ւած է միու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րուն եւ ա­նոնց գոր­ծը շա­րու­նա­կած նուի­րեալ սե­րունդ­նե­րուն կող­մէ: «Այ­սօր, ո­րե­ւէ ժա­մա­նա­կէ ա­ւե­լի, անհ­րա­ժեշտ է միու­թե­նա­կան յանձ­նա­ռու­թիւն ու­նե­նալ, ո­րով­հե­տեւ մենք ազ­գո­վին լուրջ մար­տահ­րա­ւէր­ներ կը դի­մագ­րա­ւենք»,- ը­սաւ ան: ­Ռուս­տա­մեան նշեց նաեւ, որ այ­սօր որ­քան որ մե­զի անհ­րա­ժեշտ է ֆի­զի­քա­պէս ա­մուր ե­րի­տա­սար­դու­թիւն, նոյն­քան եւ ա­ւե­լի անհ­րա­ժեշտ է ո­գե­ղէն ամ­րու­թեամբ հզօր ե­րի­տա­սար­դու­թիւն:
Իր խօս­քը ներ­կայ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­նե­րուն ուղ­ղե­լով` ­Ռուս­տա­մեան ը­սաւ.- «­Ձեր կար­գա­խօ­սին հա­մա­ձայն, դուք միշտ պի­տի ձգտիք, որ հայ մար­դը բարձ­րա­նայ եւ ի­րեն հետ բարձ­րաց­նէ նաեւ իր ազ­գա­կի­ցը, որ­պէս­զի բո­լորս միա­սին բարձ­րաց­նենք պա­տիւն ու յար­գան­քը մեր երկ­րին նկատ­մամբ` բարձր պա­հե­լու հա­մար մեր յաղ­թա­կան դրօ­շը, հաս­նե­լու հա­մար մեր ե­րա­զած ա­զատ, ան­կախ ու միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նին»:
­Խօսք ա­ռաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան: Ան յայտ­նեց, որ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ կը թե­ւա­ծէ հպար­տու­թիւն, խան­դա­վա­ռու­թիւն, ո­գե­ւո­րու­թիւն եւ սէր: «­Դուք հպար­տու­թեամբ այս­տեղ կանգ­նած` կը խորհր­դան­շէք մեր ազ­գին միաս­նու­թիւնն ու միա­կա­մու­թիւ­նը 2800 տա­րե­կան դար­ձող մեր մայ­րա­քա­ղա­քի սրտին մէջ: Ե­րե­ւա­նը մեր հո­գե­ւոր մայ­րա­քա­ղաքն է, որ այ­սօր մագ­նի­սի նման ի­րեն կը քա­շէ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւ­նը»,- ա­ւել­ցուց ան:
­Յա­կո­բեան խորհր­դան­շա­կան գտաւ մար­զա­խա­ղե­րու ջա­հին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն բո­ցա­վա­ռու­մը եւ ը­սաւ, որ մեր սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող յու­շա­հա­մա­լի­րէն բե­րո­ւած ջա­հով այս պա­հուն կը բո­ցա­վա­ռին մեր հո­գի­ներն ու սրտե­րը, որ­պէս­զի մենք գոր­ծենք յա­նուն ­Հա­յաս­տա­նի, յա­նուն հա­յու­թեան եւ յա­նուն հայ մար­դուն:
«100 տա­րի ա­ռաջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր­նե­րը ցա­նե­ցին միու­թեան սեր­մե­րը, ո­րոնք հա­սուն­ցան, զօ­րա­ցան եւ 100 տա­րո­ւան փոր­ձու­թիւն­նե­րուն դի­մա­ցան»,- շեշ­տեց ­Յա­կո­բեան: Ա­պա ան ը­սաւ, որ ե­թէ պատ­մու­թեան ա­նի­ւը 100 տա­րին ան­գամ մը շրջա­դարձ կը կա­տա­րէ, ու­րեմն Հ.Մ.Ը.Մ.ը այ­սօր կանգ­նած է այդ շրջա­դար­ձին դի­մաց: «100 տա­րո­ւան ի­մաս­տու­թեամբ եւ փոր­ձա­ռու­թեամբ միու­թեան 1000ա­մեա­կը դի­մա­ւո­րե­լու հա­մար ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ւիւ­նով եւ խեն­թու­թեամբ յա­ռաջ ըն­թա­ցէ՛ք, յա­ջո­ղու­թիւն­ներ նո­ւա­ճե­ցէ՛ք, մրցու­նակ մաս­նա­գէտ­ներ դար­ձէ՛ք եւ մնա­ցէ՛ք հզօր, ու­ժեղ հա­յեր»,- թե­լադ­րեց ­Յա­կո­բեան: Այ­նու­հե­տեւ, պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թեան եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը ար­տա­սա­նեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան: Ան ը­սաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն մար­զա­խա­ղերն են, ո­րոնք այ­սօր ըն­թացք կ’առ­նեն ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի դրօ­շին ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, հայ­րե­նի պե­տու­թեան լայն ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ան­վե­րա­պահ օ­ժան­դա­կու­թեամբ: ­Մար­զա­խա­ղե­րը կը նա­խա­գա­հեն ­Սիտ­նիէն բազ­մա­վաս­տակ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան տէր եւ տի­կին ­Սար­գիս եւ Ա­լիս ­Տէր,­Պետ­րո­սեան­ներ, ո­րոնք իշ­խա­նա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թեամբ մը կա­րե­լի կը դարձ­նեն այս մար­զա­խա­ղե­րուն կազ­մա­կեր­պու­մը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: Մկր­տի­չեան հաս­տա­տեց, որ այս մար­զա­խա­ղե­րուն, 10 օ­րեր շա­րու­նակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­ներ պի­տի մրցին 9 մար­զա­ձե­ւե­րու մէջ, պի­տի յաղ­թեն ու պար­տո­ւին, սա­կայն բո­լո­րը պի­տի շա­հին հայ­րե­նի հո­ղին վրայ ըլ­լա­լու, հայ­րե­նի­քով ապ­րե­լու եւ հայ­րե­նի­քով զօ­րա­նա­լու մեծ ու­ժը: ­Հայ­րե­նի­քը պի­տի վե­րագտ­նէ իր հա­րա­զատ զա­ւակ­նե­րը, իսկ զա­ւակ­նե­րը պի­տի գտնեն այն հայ­րե­նի­քը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ի­րենց դաս­տիա­րա­կու­թեամբ, ի­րենց մտքե­րուն եւ հո­գի­նե­րուն մէջ է ար­դէն, ի­րենց ա­մէ­նօ­րեայ ապ­րում­նե­րուն եւ զգա­ցում­նե­րուն մէջն է ան­պայ­ման:
Մկր­տի­չեան նաեւ դի­տել տո­ւաւ, որ 108 մաս­նա­ճիւ­ղե­րու միու­թիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը: Ան ու­նի նման մար­զա­խա­ղեր կազ­մա­կեր­պե­լու 100 տա­րո­ւան կեն­սա­փորձ: ­Պոլ­սոյ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րէն մին­չեւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի եր­բեմ­նի միջ-մաս­նա­ճիւ­ղա­յին խա­ղեր` հաս­նե­լու հա­մար 1981ին ըն­թացք ա­ռած այս մար­զա­խա­ղե­րը Հ.Մ.Ը.Մ.ին ա­պա­հո­ված են հայ մար­զա­կան կեան­քին յա­ռա­ջա­տար միու­թիւ­նը ըլ­լա­լու ի­րա­ւուն­քը:
Մկր­տի­չեան ընդգ­ծեց, որ այս մար­զա­խա­ղե­րը ո՛չ միայն մե­ծա­գոյնն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան մէջ, այ­լեւ` ա­մէ­նէն յի­շա­տա­կե­լին են ցարդ կա­տա­րո­ւած բո­լոր մար­զա­խա­ղե­րու շար­քին, ո­րով­հե­տեւ այ­սօր, 10րդ­ այս մար­զա­խա­ղե­րուն բա­ցու­մով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը բա­ցու­մը կը կա­տա­րէ միու­թեան 100ա­մեա­կի յո­բե­լի­նա­կան տա­րո­ւան: ­Բաց­ման այս հան­դի­սու­թե­նէն սկսեալ եւ մին­չեւ 2018 թո­ւա­կա­նի ա­ւար­տը, Հ.Մ.Ը.Մ. ար­ժա­նա­վա­յել շու­քով կը նշէ իր հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կը, որ կը զու­գա­դի­պի ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման 100ա­մեա­կին: Հ.Մ.Ը.Մ. եւ ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թիւն հո­գե­հա­րա­զատ­ներ են: Հ.Մ.Ը.Մ. 100 տա­րի կրած ու պահ­պա­նած է ազ­գա­յին այն ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք դարբ­նո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի Ա. ­Հան­րա­պե­տու­թեամբ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը յայտ­նեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մար­զա­կան բա­նա­կը յա­ռա­ջի­կայ 10 օ­րե­րուն ազ­նիւ մրցակ­ցու­թեան եւ ար­դար խա­ղի լա­ւա­գոյն օ­րի­նակ­նե­րը պի­տի տայ մար­զա­սէր մեր հան­րու­թեան: Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը, ան­հա­տա­կան թէ խմբա­յին ի­րենց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով, պի­տի բարձ­րա­նան եւ ի­րենց հետ հա­յու­թիւնն է, որ պի­տի բարձ­րաց­նեն ա­մուր, պայ­ծառ եւ շէն­շող ­Հա­յաս­տա­նի մը տե­սիլ­քով:
«Հ.Մ.Ը.Մ. տե­սիլք­նե­րու հա­ւա­տա­ցող միու­թիւն է: 28 տա­րի հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան մար­զա­խա­ղե­րը հայ­րե­նի­քէն դուրս կա­տա­րե­լով, ան տե­ւա­կան տե­սիլ­քը ու­նե­ցաւ այդ մար­զա­խա­ղե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կա­տա­րե­լու: Այ­սօր ար­դէն 3րդ­ ան­գամն է, որ այդ մար­զա­խա­ղե­րը կը կա­տա­րո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, 2009ի եւ 2013ի յա­ջող փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րէն ետք: Հ.Մ.Ը.Մ.ի տե­սիլքն է, որ այս մար­զա­խա­ղե­րը մօ­տա­լուտ ա­պա­գա­յին կա­տա­րո­ւին ա­ւե­լի հզօր ու ա­ւե­լի բար­գա­ւաճ ­Հա­յաս­տա­նի մը մէջ»,- եզ­րա­փա­կեց ան:

10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րու ջա­հին բո­ցա­վա­ռու­մը

­Խօս­քե­րու ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նե­ցին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դէն մին­չեւ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ փոխն ի փոխ ջա­հը փո­խադ­րած 21 մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­նե­րը` ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ծան­րա­մար­տի Եւ­րո­պա­յի եւ աշ­խար­հի ա­խո­յեան ­Նա­զիկ Աւ­դա­լեա­նի: ­Ջա­հը հա­սաւ ջա­հա­վա­ռու­թեան պա­տո­ւան­դան, ուր բազ­մա­հա­զար ներ­կա­նե­րու ծա­փող­ջոյն­նե­րով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին հան­դի­սա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թեամբ բո­ցա­վա­ռե­ցաւ ան` ազ­դան­շա­նը տա­լով թէ՛ 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րու եւ թէ՛ միու­թեան 100ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րուն պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման:
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան մար­զի­կի եր­դում, զոր կա­տա­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի մար­զիկ­նե­րէն Անդ­րա­նիկ ­Սար­գի­սեան:
Ա­պա՝ մին­չեւ հան­դի­սու­թեան հա­մեր­գա­յին յայ­տա­գի­րին ան­ցու­մը, տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ մար­զա­կան ա­նոր շար­ժու­մը ծա­նօ­թաց­նող տե­սա­նիւ­թի մը ցու­ցադ­րու­թիւ­նը:

­Հա­մեր­գա­յին յայ­տա­գի­րը եւ հրա­վա­ռու­թիւ­նը

Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9:00ին սկսաւ հան­դի­սու­թեան հա­մեր­գա­յին բա­ժի­նը, ուր ժո­ղովր­դա­յին, ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան եր­գե­րով ե­լոյթ ու­նե­ցան հայ­րե­նի եր­գիչ-երգ­չու­հի­ներ ­Ռու­բէն ­Սա­սուն­ցի, Ան­նա ­Խա­չատ­րեան, ­Նա­րեկ ­Բա­ւէեան, ­Սո­նա ­Շահ­գել­դեան, Ար­սէն Գ­րի­գո­րեան, ­Նա­րէ ­Գէոր­գեան, ­Վար­դան ­Պա­տա­լեան, Ա­նա­հիտ ­Շահ­պա­զեան, Է­րիկ ­Կա­րա­պե­տեան, Ա­րա­բօ եւ ­Ներ­սիկ Իս­պի­րեան­ներ, ­Գա­բի ­Գա­լո­յեան, ­Նա­րի­նէ ­Դով­լա­թեան եւ ­Սո­ֆի Մ­խէեան: ­Հա­մեր­գա­յին յայ­տա­գի­րը փա­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի եր­կին­քը գե­ղեց­կօ­րէն զար­դա­րող հրա­վա­ռու­թեամբ:

­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րուն ­Յու­նաս­տա­նը
ներ­կա­յա­ցու­ցին Հ.Կ.­Խա­չի Ազ­գա­յին «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ
վար­ժա­րա­նի 3րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան
հա­ւա­քա­կան վազք-ար­շա­ւի մար­զա­խա­ղին։