Ե­րեք­շաբ­թի՝ 25 ­Յու­լի­սի ե­րե­կո­յեան, հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 10րդ ­մար­զա­խա­ղե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու ե­րե­կո­յով մը նշե­ցին ­Խա­նա­սո­րի ար­շա­ւան­քին 120ա­մեա­կը եւ ­Լիզ­պո­նի գոր­ծո­ղու­թեան 34ա­մեա­կը:
Ե­րե­կո­յին բա­ցու­մը կա­տա­րեց եւ ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի վար­չու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պետ ­Ժի­րայր ­Պէօ­ճէ­քեան: Ան ը­սաւ, որ ­Խա­նա­սո­րի Ար­շա­ւան­քը մեր ժո­ղո­վուր­դին տո­ւաւ նա­խա­ձեռ­նու­թեան ո­գիի, մար­տու­նա­կու­թեան եւ հա­յու­թեան թշնա­մի­նե­րը պատ­ժե­լու լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը: ­Խա­նա­սո­րը ներշն­չու­մի աղ­բիւր հան­դի­սա­ցաւ սե­րունդ­նե­րուն: ­Խա­նա­սո­րի օ­րի­նա­կով ­Լիզ­պո­նի անձ­նա­զոհ հինգ տղա­քը եւս տո­ւին նա­խա­ձեռ­նու­թեան, մար­տու­նա­կու­թեան եւ ­Հայ ­Դա­տին դէմ բարձ­րա­ցած լռու­թեան պա­տը քան­դե­լու օ­րի­նա­կը: ­Պէօ­ճէ­քեան նշեց, որ ­Լիզ­պո­նը իր կար­գին ներշն­չու­մի օ­րի­նակ ծա­ռա­յեց Ար­ցա­խեան ա­զա­տա­մար­տի հե­րոս­նե­րուն, ո­րոնք կռո­ւի դաշտ մեկ­նե­ցան ­Խա­նա­սո­րի եւ ­Լիզ­պո­նի հե­րոս­նե­րուն հե­տե­ւո­ղու­թեամբ: ­Պէօ­ճէ­քեան իր խօս­քին մէջ յի­շեց նաեւ ար­ցա­խեան ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մի հե­րոս­ներն ու նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք ար­ժա­նի են իւ­րա­քան­չիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կա­նի յար­գան­քին եւ գնա­հա­տան­քին: Ան շեշ­տեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սոսկ մարմ­նակր­թա­կան միու­թիւն չէ, ան ազ­գա­յին-հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն ջամ­բող կազ­մա­կեր­պու­թիւն է, ո­րուն բո­վէն ե­լած են ­Վար­դան ­Բախ­շեա­նի եւ ­Վի­գէն ­Զա­քա­րեա­նի նման նուի­րեալ­ներ: ­Բաց­ման խօս­քէն ետք, ներ­կայ 1000 մար­զիկ-մար­զի­կու­հի­նե­րը ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րով ո­գե­կո­չե­ցին մեր հին ու նոր բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րուն յի­շա­տա­կը: