­Հոկ­տեմ­բե­րին մէջ ժա­մա­նած եւ իր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը ստանձ­նած ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նո­րան­շա­նակ դես­պան պ. ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան, յետ նա­խօ­րօք կար­գադ­րու­թեան, ­Կի­րա­կի՝ 14 ­Հոկ­տեմ­բեր 2021-ի ա­ռա­ւօ­տուն ներ­կայ ե­ղաւ ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւած պա­տա­րա­գին, ո­րուն հան­դի­սա­պե­տեց եւ իր հայ­րա­կան խօս­քը փո­խան­ցեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Ներ­կայ ե­ղան Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ ա­տե­նադ­պիր պ. ­Նա­զար Ա­ւա­գեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի կրթա­կան եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։
Իր քա­րո­զին մէջ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը ող­ջու­նեց դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեա­նի նոր պաշ­տօ­նի կոչ­ման ու­րախ ա­ռի­թը եւ լիա­կա­տար յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոր։ ­Մաս­նա­ւո­րե­լով հայ­րե­նի­քի եւ սփիւռ­քի մի­ջեւ կա­պե­րուն ու գոր­ծակ­ցու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, Սր­բա­զան հայ­րը հե­տե­ւեալ շեշ­տադ­րու­մը կա­տա­րեց։
«­Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն ետք նոր կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծո­ւե­ցաւ ամ­բողջ հա­յաշ­խար­հա­յին մէջ։ ­Պե­տու­թիւ­նը իր ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ, իսկ սփիւռ­քը տար­բեր հո­գե­վի­ճա­կի մէջ գտնո­ւե­ցաւ եւ բնա­կա­նա­բար՝ ո­րոշ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն­ներ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին հար­թո­ւե­ցան։ Ս­փիւռ­քը, մա­նա­ւանդ ա­ւան­դա­կան սփիւռ­քը, այն որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած՝ ա­պաս­տան գտաւ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րուն մէջ, ապ­րե­ցաւ գո­յա­պայ­քար մը, ինք­նու­թեան պահ­պա­նում մը եւ զայն տա­կա­ւին կ­՚ապ­րի գերզ­գա­յուն հայ­րե­նա­սի­րու­թեամբ։ Ս­փիւռ­քա­հա­յե­րը այս գերզ­գա­յուն հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը աչ­քի լոյ­սի նման պա­հե­ցին, եր­բեմն չա­փա­զան­ցո­ւած՝ օ­տա­րի աչ­քով։ Երբ մեր ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը սկսան զա­նա­զան եր­կիր­ներ հաս­նիլ եւ գա­ղութ­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցիլ, բնա­կա­նա­բար պե­տա­կա­նու­թեան մտա­ծե­լա­կեր­պը եւ գոր­ծե­լա­կեր­պը սկսաւ միա­խառ­նո­ւիլ սփիւռ­քի կեան­քին։
Ու­րեմն, ե­թէ պե­տա­կան մտա­ծե­լա­կեր­պը միտք է, ա­ռար­կա­յա­կան տրա­մա­բա­նու­թիւն է, միւս կող­մէն սփիւռ­քեան գա­ղութ­նե­րու կեան­քը գերզ­գա­յուն սիրտ մըն է։ ­Մենք սիր­տով հայ­րե­նա­սի­րու­թիւ­նը ապ­րե­ցանք, իսկ պե­տու­թիւ­նը միտ­քով, սա­կայն ա­հա­ւա­սիկ սիրտն ու միտ­քը ի­րա­րու պէտք է միա­խառ­նո­ւին։ ­Սիր­տը ա­ռանց միտ­քի ա­նի­մաստ գո­յու­թիւն է, իսկ միտ­քը ա­ռանց սիր­տի գո­յու­թիւն չու­նի։ Այս եր­կու­քի գե­ղե­ցիկ հա­մադ­րումն է, որ կը յատ­կան­շէ պե­տու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը ձեր ներ­կա­յու­թեան ընդ­մէ­ջէն եւ մեր պա­րա­գա­յին՝ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յու­թիւ­նը։
Կ­՚ու­զեմ շեշ­տել, որ ի պա­տիւ այս գա­ղու­թին՝ ան հա­յա­պահ­պան­ման հա­մար մար­տու­նակ պայ­քար մղած է։ Ա­ռա­ջին օ­րէն գա­ղու­թը, դես­պա­նա­տան հետ գոր­ծակ­ցե­լով, ձեռ­նար­կեց ­Հա­յաս­տա­նի մէջ հայ­րե­նա­շէն ծրա­գիր­նե­րու կա­տար­ման։ ­Մա­նա­ւանդ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ վեր­ջին պա­տե­րազ­մին, ա­մէն մարդ իր կա­րե­լին ը­րաւ ոտ­քի պա­հե­լու հա­մար մեր հե­րո­սա­կան հայ­րե­նի­քը։
Ող­ջու­նե­լով ձեր ներ­կա­յու­թիւ­նը կ­՚ու­զեմ շեշ­տել, որ պե­տու­թիւ­նը ու­նի իր հան­գա­ման­քը, իր սկզբունք­ներն ու գոր­ծե­լա­կեր­պը։ ­Մեր գա­ղութն ալ ու­նի իր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, իր հո­գե­բա­նու­թիւ­նը, իր իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ճամ­բով կը յայտ­նէ իր գոր­ծե­լա­կեր­պը։ Ու­րեմն, ա­մէն մէ­կը իր յա­տուկ դիր­քը ու­նի։ ­Մեզ հա­մար ու­րա­խա­լի է տես­նել այս եր­կու­քին ներ­դաշ­նակ հա­մադ­րու­մը։ ­Պե­տու­թեան հան­գա­ման­քը պա­հե­լով եւ հա­մայն­քի նուրբ զգա­ցում­նե­րը ի­րենց կար­գին նկա­տի առ­նե­լով, վստահ ենք, որ ձեր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան օ­րե­րուն եւս լաւ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով գոր­ծու­նէու­թիւն մը պի­տի հաս­տա­տո­ւի՝ միաս­նա­բար ջա­նա­լով ի շահ հայ­րե­նի­քին։ Այս օ­րե­րը շատ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան կան­չող օ­րեր են, բո­լորս կան­չո­ւած ենք մեր մե­ծու­թիւ­նը գործ­նա­պէս ցոյց տա­լու հա­յու­թեան ու հայ­րե­նի­քին անվ­տան­գու­թեան, ան­սա­սա­նու­թեան եւ յա­ւեր­ժու­թեան ա­պա­հով­ման հա­մար»։
­Պա­տա­րա­գէն ետք, ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին դես­պան ­Տիգ­րան Մկրտ­չեան ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ իր սրտի խօս­քը փո­խան­ցե­լու ներ­կա­նե­րուն եւ իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նե­լու իր պաշ­տօ­նի ստանձ­նու­մին ա­ռի­թով։ ­Դես­պա­նը հան­գա­մա­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան նա­խորդ պաշ­տօ­նի՝ ­Պալ­թեան եր­կիր­նե­րուն մէ­ջ դես­պա­նի իր ա­ռա­քե­լու­թեան գլխա­ւոր նո­ւա­ճում­նե­րը, ո­րոնք ընդգր­կե­ցին քա­ղա­քա­կան, ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման, մշա­կու­թա­յին եւ միջ­պե­տա­կան ո­լորտ­նե­րը, յատ­կա­պէս ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մին ու հայ­րե­նի­քին հան­դէպ ե­ղած նկրտում­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ։
­Ներ­կա­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան մտեր­միկ զրոյց մը ծա­ւա­լե­լու դես­պա­նին հետ եւ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լու իր նոր ա­ռա­քե­լու­թեան մէջ։