Հայաստանը, կարծես, վերջապէս կը ձերբազատի իր յետխորհրդային հիւանդութենէն եւ ուրախութեամբ կ՝ընդունի ժողովրդավարական փոփոխութիւնները շնորհիւ համաժողովրդական շարժման, որ դեռ կրնայ փոխլրացման քաղաքականութիւն վարել ինչպէս Ռ.Դ. այնպէս ալ Արեւմուտքի հետ: Այդ մասին, կը գրէ Washington Post-ի մեկնաբան Տէյվիտ Իգնատիուսը:
Կը նշուի, որ ընդդիմադիր պատգամաւոր Նիկոլ Փաշինեանի կազմակերպած զանգուածային փողոցային ցոյցերուն իբրեւ արդիւնք՝ հրաժարական տուաւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը:
«Եթէ Փաշինեանը յաջողի նոր կառավարութիւն ձեւաւորել, ատիկա մեծապէս պիտի ըլլայ այն հանգամանքին հետեւանքը, որ ոստիկանութիւնը հրաժարեցաւ կրակ բանալէ Փաշինեանին սատարող բազմաթիւ ցուցարարներու վրայ: Սեփական համաքաղաքացիները սպաննելէ հրաժարիլը յաճախ հասարակական փոփոխութիւններու հիմք կը հանդիսանայ»,- կը նշուի յօդուածին մէջ:
Կը նշուի, որ վերջին 25 տարին Հայաստանի հիմնական խնդիրը եղած է ինչպէս համադրել արեւմտամէտ քաղաքական համակրանքը Ռուսիայէն ռազմական կախուածութեան հետ:
Ըստ հեղինակին, Փաշինեանի բարեփոխիչ խմբակիցները կը նշեն քանի մը գործօն, որոնք օգնեցին Փաշինեանին ճեղքելու «յետխորհրդային ճահիճը»:
«Առաջինը՝ անոր շարժումը բռնի չէ, կը հենուի բնակչութեան լայն շերտերու վրայ՝ երիտասարդներէն մինչեւ պապիկներ ու մամիկներ… Երկրորդը՝ Փաշինեանը հրաժարեցաւ Ռ.Դ. կամ Արեւմուտքի կողմը բռնելէն: Ան գնաց նեղ ճանապարհով մը, որ շարժման առաջնորդներէն մէկը կը բնութագրէ իբրեւ հայաստանակեդրոն:
Փաշինեանը հանգստացուց Մոսկուան՝ յայտարարելով, որ մտադիր չէ դուրս գալու Ռ.Դ. հետ ռազմական կամ առեւտրային պայմանագիրներէն, եթէ վարչապետ դառնայ:
Միեւնոյն ժամանակ, անոր ժողովրդամէտ շարժումը համակրանք յառաջացուցած է Եւրոպայի եւ Ա.Մ.Ն.ի մէջ՝ աւելի լայն բարեկամական յարաբերութիւններու հեռանկար բանալով այդ փոքր, պայքարող ազգին համար»,-ըսուած է յօդուածին մէջ:
Կը նշուի, որ Փաշինեանի շարժումը փոփոխութիւններ կը խոստանայ, «սակայն, ինչպէս յաճախ կ՝ըլլայ ժողովրդական ապստամբութիւններուն ժամանակ, անոնց մանրամասները մշուշոտ են»:
Հ.Հ.ը կ՝ազատի իր «յետխորհրդային հիւանդութենէն». Washington Post
Հ.Հ.ը կ՝ազատի իր «յետխորհրդային հիւանդութենէն». Washington Post