­Հինգ­շաբ­թի՝ 2 ­Յու­լիս 2020ի կ­.ա. ժա­մը 11:00ին, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ար­տա­կարգ եւ ­Լիա­զօր դես­պան պ. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մին Ա­ռաջ­նորդ գերշ Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեա­նին, Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս: Պրն. դես­պա­նին կ­՚ըն­կե­րա­նար Հ.Հ. դես­պա­նա­տան դի­ւա­նա­գի­տա­կան կազ­մի դես­պա­նի խորհր­դա­կան տ. Ան­նա ­Խա­չատ­րեան: ­Դես­պա­նի այ­ցե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ՝ գերպ. Տ. ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան:
Պրն. ­Չար­չօղ­լեան իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց այ­ցե­լու­թեան հա­մար, յատ­կա­պէս թա­գա­վա­րա­կի ար­գե­լա­փակ­ման ար­տա­կարգ պայ­ման­նե­րու բե­րու­մով բա­ւա­կան ա­տեն հան­դի­պե­լու ան­կա­րե­լիու­թե­նէն ետք: ­Դես­պա­նը ընդ­հա­նուր պատ­կե­րա­ցու­մով մը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ­Յու­նաս­տա­նի ու ընդ­հան­րա­պէս եւ­րո­պա­կան միու­թեան շրջագ­ծէն ներս ­Հա­յաս­տա­նի ի նպաստ ձեռք­բե­ռո­ւած շարք մը ի­րա­գոր­ծում­նե­րուն մա­սին, Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան ամ­րապնդ­ման եւ խա­ղաղ կեան­քի կա­յու­նաց­ման հա­մար տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րուն, ո­րոնց յա­ռա­ջաց­ման եւ ա­ռա­ւել աշ­խու­ժաց­ման ջան­քե­րուն իր կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը նաեւ ար­դէն ստանձ­նած է խորհր­դա­կան տ. Ան­նա ­Խա­չատ­րեան:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը իր կար­գին նոյն զգա­ցում­նե­րով ող­ջու­նեց այցե­լու­թեան ա­ռի­թը, բաժ­նե­լով պ. դես­պա­նին ու­րա­խու­թիւ­նը ան­ձամբ հան­դի­պե­լու գծով, ա­պա գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց, թէ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը, պ. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի օ­րօք, բա­ւա­կան աշ­խուժ եւ ար­դիւ­նա­բեր ծրա­գիր­նե­րու մշակ­ման եւ ի­րա­գործ­ման ե­ռու­զեռ մը կ­՚ապ­րի, ­Հա­յաս­տա­նի եւ բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու հետ կա­րե­ւոր մար­զե­րու մէջ գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ա­ջակ­ցու­թեան հար­թակ­ներ պատ­րաս­տե­լով ու ի­րա­գոր­ծե­լով, ինչ­պէս նաեւ բա­ւա­կա­նին լայն բա­ցո­ւած կար­կի­նի շրջագ­ծով եր­կիր­ներ նե­րա­ռե­լով ­Հա­յաս­տա­նի հետ կա­պեր ստեղ­ծե­լու ի­մաս­տով:
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը նաեւ ող­ջու­նեց եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց դես­պա­նի խորհր­դա­կա­նի նոր պար­տա­կա­նու­թիւն­ներ ստանձ­նած տ. Ան­նա խա­չատ­րեա­նին, ո­րուն ­Յու­նաս­տա­նէն ներս եր­կար ա­տե­նէ ի վեր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը եւս ծա­նօթ է յու­նա­հայ գա­ղու­թին, ա­պա յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոր աշ­խա­տանք­նե­րուն: Ան­շուշտ, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը պ. դես­պա­նին ան­գամ մը եւս հա­ւաս­տիա­ցուց, հարկ զգա­ցո­ւած պա­րա­գա­նե­րուն՝ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի պատ­կան մար­մին­նե­րուն ամ­բող­ջա­կան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը՝ ա­ջակ­ցե­լու Հ.Հ. դես­պա­նա­տան աշ­խա­տանք­նե­րուն: