Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջին մէջ լոյս տեսած է հաղորդագրութիւն մը, թէ Յուլիս 23ին, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան հանդիպեցաւ Յունաստանի զբօսաշրջութեան նորանշանակ նախարար Խարիս Թեոխարիսի հետ:
Զրուցակիցները կարեւորեցին հայ-յունական երկկողմ բարեկամական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը, որ խարսխուած է երկու բարեկամ ժողովուրդներու պատմական սերտ կապերուն եւ փոխադարձ ջերմ գործակցութեան վրայ։ Այս յարաբերութիւնները ամուր հիմք կը հանդիսանան ոլորտային, մասնաւորապէս՝ զբոսաշրջութեան բնագաւառէն ներս, երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման համար:
Քննարկուեցան երկու երկիրներու միջեւ զբօսաշրջութեան ոլորտին հետ առնջուած փորձառութեան փոխանակման եւ վերապատրաստման ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր:
Հ.Հ. դեսպանը հանդիպեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարին հետ
Հ.Հ. դեսպանը հանդիպեցաւ զբօսաշրջութեան նախարարին հետ