Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Կիրակի՝ 17 Մարտ 2019ին, առաւօտեան ժամը 10էն 14, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած արիւնատուութեան առաջին փուլը:
Ամէն տարի իրագործուող այս նախաձեռնութիւնը միշտ իր շուրջ կը համախմբէ արիւն տալու պատրաստ հայրենակիցներ, որոնցմէ շատեր ամէն տարի ներկայ կ’ըլլան արիւնատուութեան արշաւին, հոգեկան բարձր գոհունակութիւն ստանալով իրենց կատարած մատուցումով։
Այս անգամ կարելի եղաւ 24 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մեծ մասը մերժուեցաւ:
Նշենք, որ պատասխանատու բժիշկները տարուէ տարի ալ աւելի խիստ քննութիւններէ կ’անցընեն կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Ստացուած արեան քանակութիւնը, այս տարի դարձեալ, տրամադրուեցաւ Էվանկելիզմոս հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն՝ հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահ դրուած արեան քանակը:
Ֆիքսի մէջ արիւնատուութեան օրուան պատասխանատուները՝ Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան, օգտակար հանդիսանալով կամաւորներուն, բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն՝ հսկելով արիւնատուութեան լաւագոյն կազմակերպման։
Հարկ է նշել, թէ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի տուեալ նախաձեռնութիւնը՝ մարդասիրական մատուցում մըն է մեր բոլոր հայրենակիցներու օգտին:
Բոլոր անոնք, որոնք առողջապահական կամ այլ պատճառներով կարողութիւնը չունեցան այս մարդասիրական մատուցումը կատարելու, առիթը պիտի ունենան Կիրակի՝ 5 Մայիս 2019ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» Կեդրոնին մէջ, մասնակցելու արիւնատուութեան երկրորդ փուլին:
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն