Հ.Կ.Խ.-ի « Լ. եւ Ս. Յակոբեան»ազգային վարժարանի «Արթին Գալուստեան» մանկապարտէզի վկայականներու բաշխումի հանդէսի ընթացքին մանկապարտիզպանուհի Վիքթորիա Մաղաքեանի ուղղած խօսքը
Գերաշնորհ Սրբազան հայր, յարգարժան Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, յարգարժան Հ.Կ.Խաչի ներկայացուցիչ, սիրելի ծնողներ եւ ներկաներ:
Տարի մը եւս դժնդակ ու տարօրինակ պայմաններու տակ ապրեցանք նոր իրականութիւն մը ու նոր առօրեայ մը, որուն վարժ չէինք: Հասկցանք, թէ որքան կարեւոր ու անփոխարինելի է ուսուցիչ-աշակերտի անմիջական շփումը: Ինչքա՜ն կարեւոր դեր կը կատարէ երեխային նկարագիրին կերտումին համար ամէնօրեայ շփումը իր դասընկեր-դասընկերուհիներուն հետ: Ինչքա՜ն մեծ է կարիքը միասնաբար մասնակցելու դասարանային խմբային աշխատանքներուն , ստեղծագործելու, կարծիքներ ու գաղափարներ արտայայտելու, իրարու հետ խաղալու, խօսելու ու երգելու:
Ինչպէս ծաղիկ մը կարիքը ունի սնունդի, լոյսի,ջուրի ու պարարտ հողի որպէսզի մեծնայ ու աճի,նոյնպէս երեխաներուն համար խաղը, երգը եւ պարը իրենց տարեկիցներուն ու ընկերներուն հետ, իրենց սնունդն է:
Նաեւ, մենք զգացինք որքան մեծ պատիւ ու առաքելութիւն է փոքրիկներուն հետ աշխատիլը հայեցի դաստիարակութեան հիմքերը դնելով մեր մանկապարտէզի մտերմիկ, ջերմ ու ապահով միջավայրին մէջ:
Թէեւ այս տարի ստիպուեցանք ուսումնական տարեշրջանի ծրագրին մեծ մասը առցանց կատարել ու իրարմէ հեռու մնալ, սակայն մեր փոխադարձ սէրն ու գուրգուրանքը մեզ միացած պահեցին: Մեր երեւակայութիւնը եւ ստեղծագործական ոյժը գործածելով փորձեցինք դժուարութիւնները յաղթայարել, գիտելիքներ ստանալ, ճամբորդել ու երազել:
2020-2021 ուսումնական տարեշրջանը բոլորելով մեր ջերմագին շնորհակալութիւնները կը յայտնենք թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր, շրջանիս հոգեւոր հովիւին, Ազգային վարչութեան ուսումնական, տնտեսական ու կալուածային խորհուրդներուն, Հ.Կ.Խաչի շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց: Շնորհակալութիւն նաեւ, մեր վարժարանի տնօրէնութեան, հայ եւ յոյն պաշտօնակիցներուն եւ անձնակազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը ընծայեցին մեր ճիգերուն արդիւնաւորման համար:
Շնորհակալութիւն՝ մեր վարժարանի ծնողական միութեան, որ ամէն ջանք թափեց մեր կարիքները հոգալու, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն յանձնուած նուէրներուն համար:
Յատուկ շնորհակալութիւններ ձեզի՝ սիրելի ծնողներ, որ վստահեցաք ձեր զաւակները հայկական մեր այս վարժարանին:
Եզրափակելով, մեր յուզումի ու հպարտութեան զգացումները կը յայտնենք մեր սիրելի շրջանաւարտներուն որ այսօր հրաժեշտ կու տան մանկապարտէզին շարունակելով իրենց ուսումը մեր նախակրթարանի կարգերուն:
Սիրելի փոքրիկներ, ձեր մանկութեան ամէնէն մատղաշ տարիքին ջանացինք դառնալ այն բարի հովին ուժը որ ձեր կեանքին նաւը պիտի մղէ ու առաջնորդէ միշտ դէպի բարին, դէպի ապահով նաւահանգիստ մը: Դուք ձեր գիտելիքներն ու փորձարութիւնները իբրեւ մթերք ունենալով ձեռք պիտի առնէք նաւին ղեկը, պիտի կատարէք ձեր կեանքին ճամբորդութիւնը ու պիտի կերտէք ձեր ապագան:
Մեր սրտաբուխ ու անկեղծ մաղթանքն է, որ ծովին ջուրերը միշտ խաղաղ ու անփորձանք ըլլան: Ըլլաք միշտ պատրաստ նոր գիտելիքներ ու ապրումներ ստանալու: Սակայն, ուր ալ երթաք, սիրելի փոքրիկներ, ջինջ ու կայտառ պահեցէք հայու հոգին, ինքնութիւնն ու պատիւը: Մենք ձեր ճամբորդութիւնը տեսնելով միշտ ուրախ ու հպարտ պիտի ըլլանք ձեր յաջողութիւններով:
Բարի արձակուրդ ու
բարի վերամուտ