
Սիրելի ծնողներ եւ ներկաներ,
Մեր փայլուն ծաղկոցը իր վերջին հրաժեշտը կու տայ այսօր, շքեղութեամբ եւ յուզումով, ուրախութեան անուշիկ շեշտ մը տալով բոլորիս: Մեր տասը ընտրանի Ծաղիկներուն շնորհիւ, իւրաքանչիւր օր՝ այս երկու տարուան ընթացքին՝ եզակի՛օր մըն էր. իրենց վառ հետաքրքրութեան եւ ուսումնասիրութեան արտացոլացումը՝ զգալի եղաւ բոլոր ծրագրուած եւ արտասովոր պահերուն, ստեղծելով թանկագին առօրեայ մը. այն իտէալական առօրեան՝ ուր ձեռք ձգած փորձառութիւնները եւ ապրումները գլխաւոր դերակատարները եղան հայեցի դաստիարակութեան մէջ:
Երկու տարուայ ընթացքին՝ տասը մատղաշ փոքրիկները մեր մանկավարժական եւ նորարար ծրագիրներուն շնորհիւ՝ գեղեցիկ աշխարհ մը ստեղծեցին, ուր ամէն օր հայերէնը ինքնաբերաբար կը զարգանար ու միեւնոյն ժամանակ կը զուարճանար:
Մեր ամբողջական ծրագրին ընմէջէն, ընդգրկելով խաղը, երգը, հեքիաթը՝ մեր փոքրիկները յայտնաբերեցին, ստեղծագործեցին ու իրենց մտածումը ծաւալեցին, միշտ եռանդով եւ ուրախութեամբ: Մտերմութիւնը սկիսբ առաւ՝ խնդուկները ու լացերը, վէճերը եւ չարաճճիութիւնները այն բոլոր պահե՛րը եղան, զորս մանկութիւն կը յիշեցնեն եւ զայն անմոռանալի կը դարձնեն: Բայց մանաւանդ կարեւոր հիմերը դրուեցան ու հիմա մեր հունձքը պատրաստ է շարունակելու եւ ընդլայնելու իր հայեցի դաստիարկութիւնը:
Ահա՝ մեր կրթական օճախին առաքելութիւնը, ուր կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն սկիսբ կ՚առնեն ու կ՚ընթանան քայլ առ քայլ, հանգրուանէ հանգրուան, մակարդակէ մակարդակ՝ կազմաւորելով հայ աշակերտին միտքը ու նկարագիրը: Հայու ապագան ապահովող թանկագին օճախը՝ ուր մարդադերտումը եւ հայակերտումը կը զուգադիպին եւ կ‘իմաստաւորեն մեր գոյատեւումը:
Տարուան ընթացքին մեր ծրագիրներուն առընթեր իրագործուեցան՝ յաւելեալ հետեւեալ ծրագիրները՝
1. Կարողութիւններու աշխատանոցը՝ (Εργαστήριο Δεξιοτήτων), յունալեզու ծրագիր մը առաջարկուած կրթական նախարարութեան կողմէ:
2. «Կեանքի քայլեր» ծրագիրը՝ մշակուած հայերէնի դասապահերուն:
3. «Բադիկը կ՚երթայ» երկլեզու իրազեկման ծրագիր մը, «Մանկան Ժպիտ»ի գործակցութեամբ` (Το Χαμόγελο του Παιδιού), որուն նպատակն էր երեխաները կարեւոր կարողութիւններ զարգացնեն՝ եթէ յանկարծ իրենց կողմնորոշումը կորսնցնեն կամ ծնողքը չտեսնեն:
Ջերմագին շնորհակալութիւններ՝
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, Հ..Կ.Խաչի Շրջ.վարչութեան, շրջանիս Հոգեւոր հօր, ուսումնական, տնտեսական եւ կալուածային խորհուրդներուն , Հ.Կ.Խ.-ի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղին: Շնորհակալութիւն նաեւ՝ մեր «Զաւարեան» վարժարանի տնօրենուհի Հայկանուշ Մինասեանին, իր քաջալերական շեշտը դնելով ՝ մեր բոլոր ծրագիրներուն մէջ: Մեր ծնողական միութեան՝ որ առաջին օրէն աջակից կանգնեցաւ ու հոգաց մանկապարտէզի բոլոր կարիքներուն եւ այսօրուայ յանձնուելիք նուէրներուն:
Շնորհակալութիւն նաեւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն Քիրիաքիտու Էֆի՝ յունարէնի ուսուցչուհի եւ Փէսեքսիտու Էլսա՝ անգլերէնի ուսուչուհի: Շնորհակալութիւն Պետոյեանին Թամարին որ առաջին օրէն՝ իր ազնիւ ջանքով՝ օգնեց մեր ծրագիրներու իրագործման:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն մեր բոլոր գիտակից ծնողներուն, որոնք միշտ կը գննահատեն մեր նախաձեռնութիւններն ու դրական լիցքով մեր ծրագիրները կը քաջալերեն:
Շնորհակալութիւններ՝ մանկապարտէզի աշակերտութեան բոլոր ծնողներուն որ վստահեցաք ձեր զաւակները հայկական մեր այս վարժարանին :
Սիրելի 10 աշակերտներ՝
Միշտ տպաւորուած ու հիացած պիտի զգամ ձեր եռանդուն եւ ուսումնասէր աշխարհով. սէրը եւ անհաբերութիւնը, որ կը յայտնէիք բոլոր գործունէութիւններոն մէջ, մեր ծաղկոցին զարդը եղան:
Այս զարդը ձեր հետը առէք ու նորանոր նուաճումներու առիթ թող ըլլայ:
Սրտագին շնորհաւորութիւններս, մաղթելով յառաջդիմութիւն յաջորդ մարզերուն մէջ:
Վարձքերնիդ կատա՛ր՝ սիրելի փոքրիկներ: