2018-2019 դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ. ­Տա­րեշրջան մը, ո­րուն ըն­թաց­քին փա­ռա­ւոր կեր­պով տօ­նե­ցինք, ներ­կա­յու­թեամբ եւ բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րին, մեր սի­րե­լի դպրո­ցին 90ա­մեա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը այս նոյն վայ­րին մէջ, ուր 1928-1929 տա­րեշր­ջա­նին վե­րա­մու­տին, մէկ տա­րի վար­ձու շէն­քի մը մէջ գոր­ծե­լէ ետք, «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նը կը հաս­տա­տո­ւէր իր սե­փա­կան ազ­գա­յին օ­ճա­խին մէջ։
Գոր­ծե­լու պայ­ման­նե­րը Ս­փիւռ­քի մէջ դժո­ւար էին ու կը շա­րու­նա­կեն մնալ. պա­տե­րազմ­ներ, տնտե­սա­կան տագ­նապ­ներ, քա­ղա­քա­կան ճնշիչ ժա­մա­նակ­ներ։ ­Սա­կայն, ա­նոնք ար­գելք չհան­դի­սա­ցան մեր սի­րե­լի վար­ժա­րա­նի գո­յա­տեւ­ման հա­մար։
­Մեր աչ­քե­րուն լոյ­սին նման պահ­պա­նո­ւե­ցաւ եւ այ­սօր եւս՝ կը շա­րու­նա­կենք պահ­պա­նել հայ դպրո­ցը, մե՛ր «­Զա­ւա­րեան»ը, հո՛ս՝ ուր պատ­րաս­տո­ւե­ցան, կը պատ­րաս­տո­ւին եւ պի­տի շա­րու­նա­կեն սնա­նիլ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով թրծո­ւած մատ­ղաշ և ­պա­տա­նի սե­րունդ­ներ։
­Ման­կա­պար­տէ­զ եւ նա­խակր­թա­րա­ն, այս տա­րեշր­ջա­նը բո­լո­րե­ցինք բե­ղուն, ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թեամբ, ա­զատ դաշտ տա­լով մեր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ լայ­նա­միտ ման­կա­վար­ժու­թեան ու բազ­մա­տե­սակ դաս­տիա­րա­կու­թեան ընդ­մէ­ջէն։
­Դաս­տիա­րակ­չա­կան նո­րա­րա­կան մե­թո­տիք աշ­խա­տան­քի ան­դիւնք­նե­րը վա­յե­լե­ցինք այս 10 ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին, շնոր­հիւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան եւ հաս­կա­ցո­ղու­թեան։
Այս­պէս, մեր վար­ժա­րա­նը ե­զա­կի է իր մա­կար­դա­կով ու նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով՝ ­Նի­քէա­յի ու ­Փի­րէա­յի շրջան­նե­րուն մէջ։
­Հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը միշտ մեր թի­րախն է. մեր ու­ղե­ցոյ­ցը։ Այս տա­րի այս ծրա­գիր­նե­րէն մաս մը ի­րա­կա­նա­ցաւ շնոր­հիւ «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան ­Հիմ­նարկ»ի հայ­կա­կան բաժ­նի բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան։
Ար­դիւն­քը.- ­Ման­կա­պար­տէ­զէն մին­չեւ 6րդ ­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը, հա­յե­րէն լե­զո­ւի եւ մշա­կոյ­թի դա­սա­պա­հե­րուն ըն­թաց­քին, ա՛լ ա­ւե­լի մօ­տե­ցան հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան եւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թին ու ա­րո­ւես­տին։
Ի­րենց ան­հա­տա­կան ե­րաժշ­տա­կան գոր­ծիք­նե­րու մի­ջո­ցաւ, ա­նոնք հնա­րե­ցին, յօ­րի­նե­ցին ի­րենց կտոր­նե­րը՝ եր­գե­րը։ Ա­ռա­ւել, 5րդ­ եւ 6րդ ­կար­գի ա­շա­կերտ­նե­րը ստեղ­ծե­ցին ի­րենց շա­րան­կար­նե­րը. քիչ ա­ռաջ ա­նոնք վա­յե­լե­ցինք։
Ո­րոշ ժա­մա­նա­կի մը ըն­թաց­քին, նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քէ ետք, բո­լոր դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը ստեղ­ծե­ցին հայ­կա­կան գան­ձե­րու նմոյշ­ներ՝ նկար­չու­թեան, ճար­տա­րա­պե­տու­թեան, ե­րաժշ­տու­թեան եւ ազ­գագ­րա­կան ո­լորտ­նե­րէն­.ի­րենց գոր­ծե­րը վա­յե­լե­ցինք ­Մա­յիս ամ­սո­ւան մէջ, եր­կու օ­րո­ւան ցու­ցադ­րու­թեան ըն­թաց­քին, ուր այ­ցե­լե­ցին նաեւ մեր շրջա­նի դրա­ցի դպրոց­նե­րէն 6րդ ­կար­գի 125 ա­շա­կերտ-ա­շա­կեր­տու­հի­ներ, ի­րենց տնօ­րէն­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն ու­ղեկ­ցու­թեամբ։
Վե­րոն­շեալ ձեռ­նար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին, ա­շա­կեր­տու­թեան ե­ռու­զե­ռը ան­նա­խըն­թաց էր։ Այս խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կո­ւէր տու­նը, վա­րա­կե­լով ըն­տա­նի­քը, ձեր իսկ վկա­յու­թեամբ՝ սի­րե­լի ծնող­ներ։
­Մի­թէ այս չէ՞ ու­զո­ւա­ծը…
հա­յե­րէ­նով ստեղ­ծել ու ապ­րիլ…
Ան­շուշտ՝ թէ այս բո­լո­րին զու­գա­հեռ, զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով շա­րու­նա­կե­ցինք կազ­մա­կեր­պել եւ կամ նշել շարք մը ներ-դպրո­ցա­կան ե­լոյթ­ներ։
­Նաեւ, ազ­գա­յին եւ հո­գե­ւոր տօ­նե­րուն առ­թիւ, ա­շա­կերտ­նե­րը հան­դէս ե­կան ի­րենց նա­խա­ձեռ­նած աշ­խա­տանք­նե­րով եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով։
Հա­ւա­տա­րիմ նպա­տա­կին՝ մօ­տիկ բե­րե­լու եւ ի­րար ծա­նօ­թաց­նե­լու Հ.Կ.Խ.ի եր­կու նա­խակր­թա­րան­նե­րուն ա­շա­կերտ­նե­րը, այս տա­րի՝ ­Բա­րե­կեն­դա­նի օ­րը տօ­նե­ցինք միաս­նա­բար, «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ, զա­նա­զան խան­դա­վառ խա­ղե­րու ու հե­տաքրք­րա­կան զբա­ղում­նե­րու մի­ջո­ցաւ։
Ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան հրա­ւէ­րին, նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան «­Մա­յի­սեան խա­ղե­րու» դա­սա­կան թե­թեւ մար­զա­ձե­ւե­րու մրցա­շար­քին։
­Մեր դպրո­ցը այ­ցե­լե­ցին`
Ա­մա­նո­րի եւ Ս. Ծնն­դեան տօ­նե­րուն առ­թիւ, Հ.Կ.Խ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան տի­կին­նե­րը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ո­րոնք ա­նուշ­նե­րով մե­ծա­րե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ա­պա ա­նոնց փո­խան­ցե­ցին ի­րենց բա­րե­մաղ­թան­քե­րը։
­Հինգ­շաբ­թի՝ 14 ­Մար­տին, խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ հպար­տու­թեամբ, մեր դպրո­ցը ըն­դու­նե­ցինք Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մշա­կոյ­թի, զբօ­սաշր­ջու­թեան եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հար­ցե­րու նա­խա­րար  ­Լեռ­նիկ ­Յով­հան­նի­սեա­նը։ Ա­նոր կ­՚ըն­կե­րակ­ցէին ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ներ։
Մեր վար­ժա­րա­նի այս տա­րո­ւան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն ցու­ցա­կը եր­կար է. կրնաք ա­նոնց մա­սին տե­ղե­կա­նալ՝ այ­ցե­լե­լով մեր կայ­քէ­ջը եւ կամ ի­րա­զէկ ըլ­լալ՝ մեր ման­կա­պար­տէ­զի եւ նա­խակր­թա­րա­նի տե­ղե­կագ­րե­րուն մի­ջո­ցաւ, ո­րոնք լոյս պի­տի տես­նեն յա­ջոր­դող օ­րե­րուն ըն­թաց­քին՝ «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թին մէջ։
­Մեր շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քը կ­՚ուղ­ղենք՝
­Թե­միս ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հօր՝ ­Գե­ղամ արք.­Խա­չե­րեա­նին, շրջա­նիս Ս.­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չէ­րեա­նին, ինչ­պէս նաեւ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին եւ ­Տիկ­նանց ­Մարմ­նոյ։ Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մօտ յար­գե­լի դես­պան պ. ­Ֆա­թէյ ­Չար­չօղ­լեա­նին։ ­Վար­ժա­րա­նիս բա­րօ­րու­թեան հա­մար հո­գա­տար Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ քոյր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն։
­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք ու­նինք՝
«­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կի հայ­կա­կան բաժ­նին՝ կրթա­կան, բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան զօ­րակ­ցու­թեան հա­մար­ ա­նոր աշ­խա­տա­կից­նե­րուն՝ ­Մա­րալ ­Քե­րով­բեա­նին եւ ­Սո­ւա­նա ­Չաք­րեա­նին։
Ա­մե­րի­կա­յի յու­նա­հա­յե­րու միու­թեան՝ ա­նոնց բա­րո­յա­կան եւ նիւ­թա­կան շա­րու­նա­կա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հա­մար. Ար­մէն եւ ­Մով­սէս ­Զա­ւա­րեան եղ­բայր­նե­րուն։
Վար­ժա­րա­նիս Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թեան վար­չու­թեան։ ­Տա­րեշր­ջա­նին ամ­բողջ ըն­թաց­քին, վար­չու­թիւ­նը ճիգ չխնա­յեց վար­ժա­րա­նիս զա­նա­զան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար։ ­Նաեւ, մեր ա­ւար­տա­կան­նե­րուն յի­շա­տա­կի նո­ւէր­նե­րը այս տա­րի եւս սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րո­ւե­ցան «­Փաւ­լոս եւ Ա­րիս» ոս­կեր­չա­տու­նէն։
Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թիւ­նը այս տա­րի եւս, յա­ջո­ղու­թեամբ կազ­մա­կեր­պեց «գիր­քե­րու ցու­ցա­հան­դէս»ը։ ­Շա­րու­նա­կեց ճատ­րա­կի դա­սե­րը՝ շա­բա­թա­կան հեր­թա­կա­նու­թեամբ, ո­րուն ար­դիւն­քը ե­ղաւ միջ-դպրո­ցա­կան խա­ղե­րուն մեր ա­շա­կերտ­նե­րու գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն խօսք ու­նինք՝
«Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի ու «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագրու­թեանց, ինչ­պէստ նաեւ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին:
­Սա­ներ պա­հող բա­րե­րար­նե­րուն՝ տի­կին­ներ՝ Ա­նուշ Ճ­րա­գեա­նին, ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեա­նին եւ պ. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նին։
­Նո­ւի­րա­տու­նե­րուն՝
Ա­րամ եւ Իոան­նա ­Գա­սար­ճեա­նին, ­Բա­րի Ար­շա­կու­նիին, ­Հայկ Ա­ճէ­մեա­նին, ­Ռա­ֆա­յէլ ­Չա­լեա­նին, ­Կա­րի­նէ ­Մի­քա­յէ­լեան-­Մար­տի­կեա­նին, ­Յա­րու­թիւն ­Մար­տի­կեա­նին եւ Ֆ­լո­րա ­Չեր­չեա­նին։
­Մեր բո­լոր բա­րե­կամ­նե­րուն՝ ո­րոնք թի­կունք կանգ­նե­ցան մեր վար­ժա­րա­նին ու հո­գա­ցին ա­նոր բազ­մա­տե­սակ կա­րիք­նե­րուն։
­Վարձ­քը կա­տար՝
­Մեր ­Սի­րե­լի ա­շա­կեր­տե­րուն, ո­րոնք տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին բա­ցի ի­րենց ա­մե­նօ­րեայ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն, գուր­գու­րա­ցին ի­րենց վար­ժա­րա­նին վրայ:
­Ման­կա­պար­տէ­զի ու նա­խակր­թա­րա­նի բո­լոր ու­սու­ցիչ­նե­րուն, ո­րոնց հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ ան­կեղծ գոր­ծակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, մեր վար­ժա­րա­նը կը զար­գա­նայ, կը բար­գա­ւա­ճի կիրթ մթնո­լոր­տի, ան­կեղծ, ջերմ ու հա­ղոր­դա­կան մի­ջա­վայ­րի մէջ։
Ի մաս­նա­ւո­րի կո­րո­վի հայ ու­սուց­չա­կան կազ­մին, որ ա­մէն ջանք կը թա­փէ, որ­պէս­զի մեր ա­շա­կերտ­նե­րը ապ­րու­մով ճանչ­նան մեր հե­քիաթ­նե­րը, ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը, մեր հա­րուստ մշա­կոյթն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս­պէս՝ ա­նոնք կը կազ­մա­ւո­րեն հա­յօ­րէն ապ­րող ու ստեղ­ծա­գոր­ծող ինք­նավս­տահ հայ ան­հատ­ներ։ ­Մեր ա­շա­կերն­տերն են, ո­րոնք կը տո­ղան­ցեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան դրօ­շին տակ, կը խան­դա­վա­ռեն մեզ ի­րենց աշ­խուժ եւ նազ պա­րե­րով՝ ­Հա­մազ­գա­յի­նի պա­րա­խում­բե­րու ե­լոյթ­նե­րուն, շա­բա­թա­կան ներ­կա­յու­թիւն են ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան շար­քե­րէն ներս՝ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն՝
Դպ­րո­ցի մա­տա­կա­րար տ. ­Մա­րի Ա­ռա­քե­լեա­նին­. ինք­նա­շարժ­նե­րու վա­րորդ­նե­րուն՝ ­Գաբ­րիէլ ­Ֆեն­տեա­նին եւ ­Նի­քօ ­Ծա­վա­րա­սին, ու­ղեկ­ցող տի­կին­նե­րուն՝ Ա­րուս ­Փոս­տա­ճեա­նին եւ ­Զո­ւարթ ­Թո­քաթ­լեա­նին։
Ու ­Ձե­զի,
­Շատ սի­րե­լի ծնող­ներ, որ մե­զի կը վստա­հիք ձեր զա­ւակ­նե­րը, ձեր աչ­քի լոյ­սե­րը։ ­Դուք՝ ան­կեղ­ծօ­րէն գի­տա­կից՝ հայ­կա­կան դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան, հա­մես­տօ­րէն կը շա­րու­նա­կէք ա­նոր նե­ցուկ կանգ­նիլ ։
­Ջերմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն։
­Մեր ա­շա­կերտ­նե­րու ձեռք բե­րած բա­ցա­ռիկ մրցա­նի­շեր
­Մար­տին ­Ղա­զա­րեանն Գ. դա­սա­րան ու ­Հեն­րիկ ­Հա­լա­թեա­նը Բ. դա­սա­րան,  հա­մա­յու­նա­կան  «­Զու զի­ցու»  ա­խո­յա­նու­թեան մրցա­շար­քին  ա­ռա­ջին երկու դիր­քե­րը գրա­ւե­ցին.
Յու­նաս­տա­նի ա­խո­յեան­ներ՝ ոս­կի շքա­նա­շա­նով հռչա­կո­ւե­ցաւ ­Մար­տին ­Ղա­զա­րեան եւ ար­ծա­թեայ շքան­շա­նով՝ ­Հեն­րիկ ­Հա­լա­թեան։
Զ.­դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը  մաս­նակ­ցե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի «­Մա­թե­մա­թիկ»ի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ­Յու­նաս­տա­նի տա­րած­քին թո­ւա­բա­նու­թեան մրցոյ­թին. բո­լորն ալ մաս­նա­ւոր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցան եւ եր­կու ա­շա­կեր­տու­հի­ներ՝ ­Ճոր­ճի­նա Ա­մի­րա­լեան-­Քա­լեն­տե­րի եւ ­Մա­րիա ­Մար­տի­կեան պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան ի­րենց ձեռք բե­րած գե­րա­զանց ար­դիւնք­նե­րուն հա­մար։
9 ­Փետ­րո­ւար 2019ին տե­ղի ու­նե­ցաւ Ատ­տի­կէի տա­րած­քին ­Մա­թե­մա­թի­կի նո­րա­րա­կան (իր նպա­տա­կով) մրցոյթ մը։ ­Մաս­նակ­ցե­ցան 5.000 ա­շա­կերտ­ներ։ Մր­ցոյ­թը կա­տա­րո­ւե­ցաւ 74 կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ու մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցան ա­մէն մէկ քննա­կան կեդ­րո­նէ 20%ը։ ­Մեր դպրո­ցէն մաս­նակ­ցե­ցան 9 ա­շա­կերտ­ներ, ո­րոնց­մէ 2ը մրցա­նա­կիր են. ­Մար­տի­կեան ­Մա­րիա, Զ. դա­սա­րան եւ ­Մու­շո­յեան Ք­րիս, Դ. դա­սա­րան։ Մր­ցա­նա­կա­բաշ­խու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Սեպ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան մէջ։

Մր­ցա­նակ­ներ
Ա­մէն տա­րի Հ.Կ.­Խա­չի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին, հա­յե­րէն լե­զո­ւի մէջ գե­րա­զանց ար­դիւնք բե­րող ա­շա­կեր­տին կը պար­գե­ւատ­րէ ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան ա­մա­ռո­ւան բա­նա­կու­մի մաս­նակ­ցու­թեան մրցա­նա­կով։
­Մէ­րի ­Փա­փա­զեան եւ ­Ռո­պերթ Ար­շա­կու­նի ի­րենց հօր եւ վար­ժա­րա­նիս նախ­կին ա­շա­կերտ­նե­րէն, ­Յա­կոբ Ար­շա­կու­նիի յի­շա­տա­կին, 200 եւ­րո­յի մրցա­նա­կով կը պար­գե­ւատ­րեն մեր վար­ժա­րա­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նէն հա­յոց պատ­մու­թեան գե­րա­զանց ա­շա­կեր­տը։
Ե­րեք ա­շա­կեր­տու­հի­ներ հա­յե­րէն լե­զո­ւին եւ հա­յոց պատ­մու­թեան մէջ ձեռք­բե­րե­ցին 10 գե­րա­զանց ար­դիւն­քին ու պի­տի բաժ­նո­ւին այս մրցա­նակ­նե­րը.- Այ­բե­նա­կան կար­գով՝ Ա­մի­րա­լեան-­Քա­լեն­տե­րի ­Ճոր­ճի­նա, Է­քի­զեան ­Նա­թա­լի եւ ­Մար­տի­կեան ­Մա­րիա:

Կր­թա­թօ­շակ
­Տի­կին ­Պեր­ճու­հի Ուն­ճեան, իր ա­մուս­նոյն ­Բիւ­զանդ Ուն­ճեա­նի յի­շա­տա­կին, կը շա­րու­նա­կէ ա­նոր եւ իր կրթա­թօ­շա­կը՝ ա­մէն տա­րի 500 եւ­րո­յի կրթա­թօ­շա­կով պար­գե­ւատ­րել հայ­կա­կան դա­սա­նիւ­թե­րուն մէջ բա­ցա­ռիկ ճիգ թա­փող եւ գե­րա­զանց ար­դիւնք­ներ ձեռք­բե­րող ա­շա­կերտ մը։ 2019-20 տա­րեշր­ջա­նին հա­մար սոյն կրթա­թօ­շա­կին կ­՚ար­ժա­նա­նայ ­Մար­տին ­Ղա­զա­րեան։

­Սի­րե­լի ա­շա­կերտ­ներս,
«Ե՞րբ միջ­նա­կարգ պի­տի եր­թանք…­ձեր հար­ցու­մին պա­տաս­խա­նը այս հրա­ժեշ­տի պահն է. 8 տա­րի միա­սին, բա­ւա­կան ճամ­բայ կտրե­ցիք ու հի­մա ձեռք ձեռ­քի՝ մերթ կը յու­զո­ւիք, մերթ կը խնդաք, խառն զգա­ցում­ներ, սա­կայն՝ հա­րուստ յի­շա­տակ­ներ։
Աշ­խա­տու­նակ, փնտռո­ւող, հե­տաքր­քիր դա­սա­րան մը։ 8 ա­շա­կերտ­ներ, սա­կայն ա­մէն մէ­կը իր ձիր­քե­րով։
­Պատ­րաստ՝ ո­րե­ւէ մար­տահ­րա­ւէ­րի։
­Սի­րե­ցիք հայ­կա­կան հա­մա­ցան­ցը, եւ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ՝ խմբակ կազ­մե­լով միա­ցաք ա­րեւմտա­հա­յե­րէն «Ո­ւի­քի­փե­տիա»յի ա­շա­կեր­տա­կան խմբագ­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ա­շա­կերտ­նե­րը, ի­րենց ա­ռա­ջար­կով, պի­տի շա­րու­նա­կեն մաս­նակ­ցիլ եւ զար­գաց­նել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի «Ո­ւի­քի­փե­տիա»ն։
­Հա­յե­րէ­նի պա­հե­րը, խոս­տո­վա­նիմ, պարզ լե­զո­ւի դա­սա­պա­հեր եր­բեք չե­ղան. ե­ղան՝ մշա­կու­մի, յօ­րի­նու­մի, ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պա­հեր… ո­րոնց­մէ նմուշ մը այ­սօր մեզ մե­ծա­րե­ցիք։

Ապ­րի՛ք, հա­զա՛ր ապ­րիք ու բա­րի շա­րու­նա­կու­թիւն ու­նե­նաք…. եւ դուք ծնող­ներ, հե­րեր­նին տես­նէք։

­Հայ­կա­նուշ ­Մի­նասեան
Տ­նօ­րէ­նու­հի՝ Հ.Կ.Խ­.ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի