Ուսուցիչներուն անունները շեղակի:
Թեոդորոս Տումաս, Նաւսիքա Փափաիլիա, Էմմանուէլ Գաէ, Քրիստին Ռուստեմեան, Կարապետ Չիլինկիրեան, Ռոզինա Տամատեան, Տրդատ Միրզախանեան, Ճորճինա Քալենտերի-Ամիրալեան, Էլենի Փիփերիտու, Հայկօ Փաջանեան, Ալեքսանտրա Քոլցիտա, Մարիա Մարտիկեան, Ստեփան Մուրատեան, Մարի Լուիզ Ռուստեմեան, Անտրոնիքի Վլախոփուլու, Արշալոյս Սափրիչեան, Էւանկելոս Մանոլաքոս Արշակ Գաւլաքեան, Լուսինէ Մարտումեան, Երազ Կարինեան, Նաթալի Էքիզեան, Անի Տայեան, Արմինէ Մկրտիչեան, Գոհար Ասատրեան, Անդրանիկ Պօյմուշակեան
Վերամուտ
2021-2022 տարեշրջանի պաշտօնական բացումն ու ջրօրհնէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 14 Սեպտեմբեր 2021-ին հանդիսապետութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ՝ Տէր Գեղամ արք. Խաչերեանի: Այս տարի եւս թագավարակի կանխարգելման պետական տնօրինումներուն պատճառով, ներկաներու թիւը խիստ սահմանափակ էր: Ներկայ էին՝ Տէր Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Ազգային վարչութեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդի ներկայացուցիչներ:
Արձանագրութիւն եւ աշակերտութեան թիւ
Ներկայ տարեշրջանին արձանագրուեցան 43 աշակերտներ, 22 մանչ եւ 21 աղջիկ:
Ուսուցչական կազմ
Տարեշրջանի սկիզբը անգլերէնի ուսուցիչի տրամադրութեան խնդրանքով քանի մը անգամ դիմեցինք Կրթական պատասխանատու Տնօրէնութեան, սակայն մեր շրջանի մէջ տուեալ մասնագիտութեամբ մօտաւորապէս երկու հարիւր ուսուցիչի կարիքը ունենալով, Տնօրէնութիւնը չկրցաւ գոհացնել մեր պահանջքը: Ուսումնական եւ Տնտեսական Խորհուրդներու տնօրինմամբ, ուսուցչական կազմը ամբողջացաւ ու բաղկացաւ հետեւեալներէն (այբբենական կարգով).
Մանուսարիտիս Իլիաս՝ տեղեկագիտութեան ուսուցիչ:
Մանոլաքոս Էւանկելոս՝ ուսողութեան ուսուցիչ:
Սափրիչեան Արշալոյս ՝ տնօրէնուհի եւ ուսուցչուհի հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան:
Վլախոփուլու Անտրոնիքի՝ յունաց լեզուի ու գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցչուհի:
Տումաս Թեոդորոս՝ մարմնամարզութեան ուսուցիչ:
Ցիպուրաքի-Փաւլաքու Աննա Մարիա՝ անգլերէն լեզուի ուսուցչուհի:
Փափաիլիա Նաւսիքա՝ Ֆրանսերէն լեզուի ուսուցչուհի:
Փիփերիտու Էլենի՝ իրագիտութեան, տարրալուծութեան, կենսաբանութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցչուհի:
Քոլցիտա Ալեքսանտրա՝ յունաց լեզուի ու գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցչուհի:
Ուսուցչական կազմի համագործակցութիւնը տնօրէնութեան հետ ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին եղաւ ջերմ ու արդիւնաւէտ, միշտ առաջադրելով մեր աշակերտներուն բազմակողմանի կրթութիւնն ու անոնց հոգեմտաւոր առողջ աճման յարմարագոյն պայմանները ստեղծելու հրամայականը:
2021-2022 տարեշրջանի ուսումնական եւ կրթական վիճակ
Երկու տարուան արգելափակումներէն ետք, վերադարձանք «կանոնաւոր» գործելակերպի: Թագավարակի պատճառով պարտադրուած հեռավար ուսուցման եւ մեկուսացման ստեղծած պայմաններու հետքերը զգալի էին բոլորիս վրայ եւ մանաւանդ մեր պատանի աշակերտներուն ապրելակերպին եւ հոգեվիճակին վրայ: Անոնք կոչուեցան վերականգնել իրենց ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ ընկերային կապերը, վերարժեւորել մարդոց գոյակցութեան նախապայմաններն ու թողուլ արգելափակման օրերէն մնացած կարգ մը վնասակար սովորութիւններ:
Նկատի առնելով կրթութեան նախարարութեան կողմէ թելադրուած ներքին արժեւորման ուղղութիւնները, տարեշրջանի սկիզբը ուսուցչական կազմ եւ տնօրէնութիւն ճշդեցինք կրթական թիրախները: Այս տարի կեդրոնացանք մասնաւորաբար հայկական մշակոյթին, բնապահպանական եւ սեռային կարծրատիպերու բնագաւառներուն: Ուսուցչական կազմը կազմեց խմբակներ, որոնք յանձն առին իրագործել յատկապէս մշակուած ծրագիրներ: Այս ծրագիրները իրագործուեցան մեծ յաջողութեամբ, կիրառելով արդիական, նորարար եւ ապրումային միջոցներ, որոնք մեր աշակերտներու հետաքրքրութիւնը արթնցուցին եւ աշխուժացուցին զանոնք: Աւանդական երգ ու պար, սովորութեանց վերյիշում եւ վերապրում, խմբային- համագործակցական այլեւ անհատական աշխատութիւններ, հարցախոյզներ, առցանց աշխատանքներ, բանաստեղծութիւն, ֆրանսաբնակ հայորդիներու հետ նամակագրութիւն, յօդուածագրութիւն եւ բազում այլ դաստիարակչական միջոցներ ի գործ դրինք, ջանք չխնայելով, որպէսզի բարձր որակի, անկախ ուսուցման պայմաններ ստեղծենք դպրոցէն ներս եւ դուրս:
Այսպիսով, տարեշրջանի աւարտին մեր աշակերտութեան ուսումնական վիճակը կ՚ամփոփուի հետեւեալ կերպով. լաւ 14, շատ լաւ 18 եւ գերազանց 11:
Ծանօթ՝ Վերոնշեալ գնահատականները տրուած են քսանի վրայ հետեւեալ հիմունքով. Միջակ՝ 10-12,4. Լաւ՝ 12,5-15,4. Շատ Լաւ՝ 15,5-18,4. Գերազանց՝ 18,1-20:
Ուրախութեամբ կը հրաւիրենք հետեւեալ գերազանց աշակերտները յաջորդ տարեշրջանի յունաց ազգային տօնի՝ Հոկտեմբեր 28-ի տօնակատարութեան, որպէսզի ստանան Կրթութեան նախարարութեան կողմէ պարգեւուող վկայագիրներն ու մրցանակները.
Ա. Դասարանէն՝
Գարճեան Արիս
Գույումճեան Նաթալի
Մուրատեան Քրիստիան
Բ. Դասարանէն՝
Բարսեղեան Ալեքս
Մանիատաքիս Ալքինոոս
Գ. Դասարանէն՝
Ասատրեան Գոհար
Մարտիկեան Մարիա
Մկրտիչեան Արմինէ
Տայեան Անի
Տամատեան Ռոզինա
Ռուստեմեան Քրիստին
Մրցանակներ
Ինչպէս ամէն տարի, մեր վարժարանէն ներս տեղի ունեցան Ուսողութեան Ընկերութեան «Թալիս» եւ «Պիւթակորաս» մրցոյթները, որոնց մեր աշակերտները անգամ մը եւս բարձր գնահատանքի արժանացան:
Բանասէր տիկին Քոլցիտայի նախաձեռնութեամբ, մեր վարժարանէն ներս կազմակերպուեցաւ վիպագրութեան մրցոյթ, որմէ ի յայտ եկան տաղանդաւոր գրողներ: Բացառիկ աշխատանք ներկայացուց Ա. Դասարանէն Նաթալի Գույումճեան, որ արժանացաւ յատուկ մրցանակի:
Հ. Կ. Խ.-ի Շրջանային վարչութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան բանակումի մասնակցութեան մրցանակը, որ կը շնորհուի շրջանաւարտներէն հայագիտական առարկաներուն ամենաեռանդուն ճիգը թափող եւ լաւագոյն արդիւնքը ներկայացնող աշակերտին: Այս տարի մրցանակին կ‘արժանանայ՝ Ռոզինա Տամատեան:
Ձեռնարկներ, նախաձեռնութիւններ եւ դաստիարակչական այցելութիւններ
Մեր առաջին նախաձեռնութիւններէն մին էր դպրոցի երկլեզու ներքին կանոնագրի շարադրումը եւ աշակերտութեան ու ծնողներուն կողմէ, յատուկ հանդիպումներու ընթացքին, մշակումն ու վաւերացումը: Այս կանոնագիրը օգնեց ամբողջ դպրոցական ընկերութեան գործել ժողովրդավար ու միանգամայն մարդկային ու ազգային արժէքները յարգելով:
Աշակերտութիւնը, ամէն տարուան պէս, տարեշրջանի սկիզբը ընտրեց իր դասարանային եւ դպրոցական վարչութիւնները, որոնց միջոցաւ անոնք աւելի աշխուժ մասնակցութիւն կը բերեն դպրոցի կեանքէն ներս եւ գործնապէս կ’իւրացնեն ժողովրդավարութեան կանոնները:
Այս տարի եւս, թագավարակի կանխարգելման նպատակով սահմանուած ուղղութիւններուն համաձայն ազգային եւ կրօնական տօները նշեցինք դասարաններէն ներս, արդիական, ստեղծագործ ու ներշնչող կերպով: Այս տօնակատարութեանց մեծագոյն մասը պատրաստուեցաւ ու ներկայացուեցաւ մեր աշակերտներուն կողմէ: Անոնք ճոխ մթնոլորտ ստեղծեցին ամէն առիթով, թատերական խաղերով, բանաստեղծական քննական ու վերլուծական աշխատանքներով, պատմական աշխատութիւններու ներկայացումներով:
Սեպտեմբերին կազմակերպեցինք ներ-դպրոցական մարզական խաղեր:
Հայկական մշակոյթով ու լեզուով ապրեցանք: Գրեթէ ամսական դրութեամբ կազմակերպեցինք աշակերտական տօնախմբութիւններ, որոնք հայկական շունչով ուրախութիւն ստեղծեցին դպրոցէն ներս: Հայերէն ապրելու օրրան դարձուցինք մեր դպրոցը. զոր օրինակ ծանօթացանք մեր մարմինին, բոյսերու եւ կենդանիներու տեսակներուն, մեր արեգակնային համակարգին, ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան, պետական եւ դատական համակարգին, ինքնաշարժի մասերուն, փոխադրական միջոցներուն, հայկական գերդաստանին եւ ղափամային, մեր բանջարանոցը ճոխացուցինք նոր բոյսերով, Հոկտեմբեր 28-ի յունաց ազգային տօնին առթիւ, Օտիսէաս Էլիթիսի «Աքսիոն էսթի»ի քննական, վերլուծական ու թարգմանական աշխատանոցներ կազմակերպեցինք՝ հայերէն:
Եւ անշուշտ ամէն յարմար առիթով խօսեցանք յունահայ գաղութի կառոյցներուն եւ Միութեանց մասին, խրախուսելով մեր աշակերտները աւելի՛ աշխուժ կերպով շարունակեն մասնակցիլ հայ կեանքին:
Բարեկենդանին խաղեր կազմակերպեցինք ու խաղացինք մեր աշակերտներուն հետ: Ըստ աւանդութեան, աշակերտները այդ օր «դատեցին» իրենց ուսուցիչները:
Յատկապէս զարկ տուինք մեր պատանիներու ընկերային զգայնութեան եւ մարդկային համերաշխութեան: Այսպիսով.
Նոյեմբերին աւարտական դասարանին հետ մեր վարժարանի ցանկապատը ներկեցինք:
Նոր Տարուան նախօրեակին հագուստ եւ խաղալիք հաւաքեցինք ու յանձնեցինք Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, որպէսզի բաշխուին կարիքաւոր գաղթականներու: Այս առիթով, աւարտական դասարանը այցելեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, ուր տեղեկացաւ եկեղեցւոյ ազգանուէր պատմութեան եւ մարդասիրական ծրագիրներուն մասին:
Զատկուան նախօրէին ուտեստեղէն եւ անհրաժեշտ իրեր հաւաքեցինք ու նուիրեցինք «Մանկան ժպիտը» կազմակերպութեան:
Ամբողջ տարեշրջանի ընթացքին հաւաքեցինք կերպընկալէ շիշերու կափարիչներ, եւ զանոնք նուիրեցինք անդամալոյծներու «Կեանքին հանդէպ սէր» կազմակերպութեան, որպէսզի սայլակներ գնուին:
Ցեղասպանութեան տարելիցին առիթով «Տը փրոմիս» շարժանկարը դիտեցինք ու զրուցեցինք մեր ազգային ինքնութեան, յարատեւման եւ պահանջատիրութեան մասին: Ոգեկոչական ձեռնարկներուն եւ բողոքի ցոյցին ներկայ եղանք, վերահաստատելով մեր սրբազան ուխտը՝ պայքարելու մինչեւ վերջնական յաղթանակ:
Դաստիարակչական այցելութիւններ կատարեցինք դէպի դպրոցական կեանքի եւ հին յունական ճարտարագիտութեան թանգարանները, Զմիւռնիոյ աղէտի հարիւրամեակին առիթով՝ Նէա Զմիռնիի թուային թանգարանը եւ Ալֆա թատրոնին մէջ «Թեոֆիլոս» ներկայացման:
Բնապահպանական մեր ծրագրին մէջ, կազմակերպեցինք եւ իրագործեցինք անմոռանալի եռօրեայ պտոյտ մը դէպի Իոաննինա: Այնտեղ մեր աշակերտները եւ մենք առիթը ունեցանք այցելելու մոմէ արձաններով յունաց պատմութեան «Վրելլի» թանգարանը, Վիքոս եւ Աոոս գետերու ազգային անտառը եւ անոնց բնապահպանական կեդրոնները, Իոաննինայի լիճին կղզիին վրայ գտնուող Ալի փաշայի թանգարանը, ուր ի միջի այլոց յիշեցինք նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի Թամարը, Իոաննինայի միջնաբերդն ու Տոտոնիի հնագիտական վայրն ու գուշակարանը:
Մեր աշակերտներուն հետ ջերմ մթնոլորտ ստեղծելու նպատակով, կազմակերպեցինք հաճելի պտոյտներ դէպի մեր մօտիկ Նէա Զմիռնիի հրապարակը եւ մեր աւարտական դասարանին հետ Ուրբաթ օրուան ընկերային հանդիպում ակումբէն ներս: Մեր աւարտականները երկու անգամ խրախճանք կազմակերպեցին մեծ յաջողութեամբ եւ իրենց հասոյթին մէկ մասը յատկացուցին վարժարանին:
Քննութիւններէն առաջ վերջին օրը բոլորս միասին զուարճացանք ջրախաղով:
Ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխման արարողութիւնը տեղի ունեցան Երկուշաբթի 20 Յունիս 2022-ի երեկոյեան: Այդ երեկոյ ներկայացուեցան տարեշրջանի ընթացքին ամբողջ աշակերտութեան կողմէ պատրաստուած դաստիարակչական եւ մշակութային աշխատանքներու արդիւնքը: Յատուկ հրաւէրով հանդէս եկաւ նաեւ վարժարանի առաջին տնօրէն՝ պարոն Միհրան Քիւրտօղլեան, որ վարժարանի հիմնադրութեան երեսնամեակին առիթով, մեր շրջանաւարտներուն ու ներկաներուն իր յուշերն ու պատգամը փոխանցեց:
Յարաբերական
Մեր աշակերտներու ծնողներուն հետ անմիջական, յաճախակի եւ սիրալիր ու շինիչ կապ հաստատեցինք, թէ՛ մօտէն, յարգելով համաճարակային պայմանները, թէ՛ էլ. նամակագրութեան եւ հեռաձայնի միջոցաւ: Միշտ համախորհուրդ գործեցինք, ի խնդիր մեր պատանիներու լաւագոյն աճման:
Սրբազան հօր եւ Ազգային վարչութեան հետ մեր կապերը եղան յարգալից, իսկ Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն հետ՝ անմիջական ու գործնական:
Սիրալիր յարաբերութիւններ ունեցանք Հ.Կ.Խ.-ի Շրջանային եւ տեղւոյն վարչութիւններուն հետ:
Վարժարանէն ներս հիւրընկալելով Յունաստանի մօտ Հ.Հ. դեսպան պարոն Տիգրան Մկրտչեանը, միասնաբար քննեցինք համագործակցութեան ասպարէզի մը հնարաւորութիւնները:
Սիրալիր եւ համագործակցութեան ոգիով սահմանուած յարաբերութիւններ ունեցանք մեր վարժարանի Ծնողական միութեան վարչութեան հետ:
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Համազգայինի Շրջանային եւ տեղւոյն վարչութիւններուն հետ մեր կապերը եղած են սիրալիր եւ շինիչ:
Կանոնաւոր կապ հաստատած ենք շրջանի կրթութեան տնօրէնութեան հետ, համադրելով մեր կրթական աշխատանքը ըստ անոնց թելադրանքներուն: Հանդիպումներ ունեցած ենք տնօրէնին եւ մեր վարժարանը հսկող բոլոր պատասխանատուներուն հետ ամրապնդելով արդէն իսկ գոյացած փոխադարձ յարգանքի ու համագործակցութեան:
Ստացուած ու առաքուած նամակներ, հրաւէրներ, հաստատագրեր եւ այլ բնոյթի փաստաթուղթեր պահած ենք էլեկտրոնային արխիւով, ինչպէս թելադրուած է:
Ուսուցչական կազմի ժողովներ գումարած ենք կեդրոնանալով մեր աշակերտներու կրթական ընթացքին այլեւ անոնց հոգեմտաւոր աճման: Նիստերու տոմարին մէջ անցուցած ենք 34 ատենագրային արձանագրութիւն:
Ծնողական Միութիւն
Տարեշրջանի սկիզբը Ծնողական Միութիւնը ընտրեց իր Վարչութիւնը, որ բաղկացաւ հետեւեալ անդամներէն.
Մէրի Գոճայեան
Մէրի Գրիգորեան
Երջանիկ Տամադեան
Մարինէ Պետրոսեան
Սոֆիա Լազարեան
Ալինա Գաէ
Վարչութիւնը ամէն ջանք թափեց, որպէսզի գոհացնէ վարժարանի կարիքները: Տարեշրջանի սկիզբը կատարեց խմբային ապահովագրութիւն աշակերտութեան համար: Կազմակերպեց աշակերտներու նկարահանում եւ խրախճանք մը: Նոր Տարուան արձակուրդէն ետք աւանդական գաթաներ ու նուէրներ տրամադրեց աշակերտներուն: Ե՛րբ որ կարիքը զգացուեցաւ, նիւթապէս սատար կանգնեցաւ մեզի:
Շնորհակալիք
Պարտք կը զգանք անգամ մը եւս հրապարակաւ մեր շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսքը ուղղել Սրբազան Հօր, Հ.Կ.Խ.՝ մօր, Ազգային Ուսումնական եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն, մեր կողքին կանգնած սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին եւ Համազգայինին: Շնորհակալութիւն մեր սիրելի ծնողներուն անոնց ցուցաբերած վստահութեան համար: Շնորհակալութիւն մեր ծնողական Միութեան: Շնորհակալութիւն Լ. Եւ Ս. Յակոբեան եւ Զաւարեան նախակրթարաններու տնօրէններուն, համագործակցութեան համար: Շնորհակալութիւն Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, ամավերջի հանդէսին համար լուսարձակին եւ պաստառին սիրայօժար տրամադրութեան համար: Շնորհակալութիւն առ պարոններ՝ Արամ Պէքէրէճեան, Յովհաննէս Թէրզեան, Սերգօ Մովսէսեան, Թարեք Ալմունաճէթ անոնց կամաւոր աշխատանքներուն եւ նուիրատուութիւններուն համար: Շնորհակալութիւն տէր եւ տիկին Պետրոս եւ Կարինէ Կարապետեաններուն նոր դաշնակի մը նուիրատուութեան համար: Շնորհակալութիւն մեր դպրոցի մայրիկին՝ տիկին Անի Քէօշկէրեանին:
Շնորհակալութիւն մեր վարորդներուն եւ ուղեկցող տիկիններուն:
Յատուկ շնորհակալական խօսք կ’ուղղենք մեր ուսուցիչներուն, որոնք անսակարկ նուիրումով կը ծառայեն այս դպրոցէն ներս: Շնորհակալութիւն բոլո՛ր անոնց, որոնք հաւատքով սատարեցին մեր վարժարանի յաջող գործունէութեան:
Վերջին պատգամ մեր շրջանաւարտներուն
Մարդիկ ճամբորդ ենք այս աշխարհի վրայ: Իւրաքանչիւրս իր ճամբրուկներով, իր պաշարով, երազանքներով ու ակնկալութիւններով: Սակայն երբ կը մէկտեղուինք այսպիսի յարկի մը տակ, կը դառնանք հաւաքականութիւն, միասնութիւն եւ ո՛ւժ:
Ասկէ երեսուն տարի առաջ, բուռ մը խենթերու ջանքերու շնորհիւ էր, որ հիմը դրուեցաւ այս Միջնակարգ վարժարանին: Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, թէ խենթերու հոգեկան գեղեցկութիւնը ամենաթանկագին ընծաները կը բերէ մարդկութեան: Եւ ահա մենք հիմա կը տօնենք բիւրեղացումը այդ երազանքին: Սիրելի՛ Րաֆֆիի ու Սարդարապատի «խենթութեամբ» լի գեղեցիկ երիտասարդներ, ահա կը հեռանաք մայրական տաքուկ գիրկէն՝ Յունաստանի մէջ հայկական վարժարանի բարձրագոյն յարկէն:
Այս տարի բոլորս միասնաբար աշխատեցանք, մեր լաւագոյնը բերելով այս հաւաքականութեան: Կրթական ծրագիրներ մշակեցինք եւ իրագործեցինք թէ՛ յունարէն եւ թէ՛ հայերէն: Նամակագրութիւն ունեցանք Ֆրանսայէն ձեզի տարեկից հայորդիներու հետ: Ապրեցանք հայկական մշակոյթով՝ երգով, պարով, համով եւ հոտով: Թէեւ առանց մեծ շուքի, պայմաններուն պատճառաւ, նշեցինք մեր ազգային եւ կրօնական տօները: Մեր ընկերային զգայնութիւնը արտայայտեցինք գաղթականներուն, անդամալոյծներուն եւ մանուկներուն համար անհրաժեշտ իրեր նուիրաբերելով, մեր դպրոցի ցանկապատը ներկելով: Միասին խնդացինք, ոգեւորուեցանք, զուարճացանք, այլեւ տխրեցանք ու երբեմն ալ նեղացանք իրարմէ: Դուք, որ այդքան կապուած էք իրարու, կը յուսամ որ պիտի ընտրէք ձեր հոգիին մէջ պահել լաւագոյն յիշատակները եւ մեր բոլորին սէրն ու գուրգուրանքը:
Ամէն մէկս տէրն է ի՛ր անհատական կեանքի ծառին, այլեւ հաւաքական՝ ազգային կենաց ծառին:
Սիրեցէ՛ք ու փայփայեցէ՛ք զանոնք, ինչպէս Հրաչեայ Քոչարի Նահապետը սիրեց ու փայփայեց իր խնձորենիները: Ջրեցէք զանոնք Չարենցի հայրենասիրութեամբ, Գազանծաքիսի, Մուշեղ Իշխանի եւ Գիփլինկի իմաստասիրութեամբ, Պարոնեանի մարդկային թերութիւններուն վրայ խնդալու տրամադրութեամբ, Զապէլ Եսայեանի ընկերային զգաստութեամբ եւ իրաւունքներու համար պայքարի կամքով, Ռուբէնի յեղափոխական շունչով ու ոգիով:
Մենք հպարտ ենք ձեզմով: Բացէք ձեր թեւերը եւ ճախրեցէք արծիւ արքաներու նման, ձեր հայեացքը մի՛շտ դէպի բարձունքներ:
Տնօրէնութիւն