Հ.Կ.Խ. «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման հան­դէ­սին ըն­թաց­քին ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի Ա­նի Ա­բի­կեա­նին ուղ­ղած խօս­քը

­Սի­րե­լի ծնող­ներ եւ ներ­կա­ներ,
­Բա­րի ե­կած էք Հ.Կ.Խ. «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի «­Հա­յաս­տան Ու­շագ­լեան» ման­կա­պար­տէ­զի վկա­յա­կան­նե­րու բաշխ­ման հան­դէ­սին՝ բո­լո­րե­լով այս­պէս տար­բեր եւ իւ­րա­յա­տուկ տա­րեշր­ջան մը, գե­ղե­ցիկ պա­հե­րով եւ բա­ցա­ռիկ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րով: Ան­սո­վոր, տխուր եւ դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ մեր փոք­րիկ ա­ւար­տող­նե­րը պա­տո­ւա­սէր ճիգ թա­փե­ցին ու յա­ջո­ղե­ցան ի­րենց ու­սում­նա­սի­րու­թիւ­նը եւ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը վառ պա­հել՝ ան­նուազ եւ գնա­հա­տե­լի ո­ճով: ­
Յատ­կա­պէս՝ փոք­րիկ­նե­րուն ե­ռան­դուն կե­ցուած­քը մե­զի ա­ռիթ ըն­ծա­յեց ո­րո­նե­լու եւ հնա­րե­լու նոր եւ ար­տա­սո­վոր դաս­տիա­րակ­չա­կան մի­ջա­վայր մը, ուր ա­ռաջ­նա­հերթ նպա­տակ ըլ­լա­լով ի­րենց հո­գե­կան քա­ջա­լե­րան­քը՝ հա­ւէ­սո՛վ մաս­նակ­ցե­ցան եր­կա­րա­տեւ հե­ռա­վար ու­սուց­ման ըն­թաց­քին:
Ան­գամ մը եւս՝ օ­րի­նա­կե­լի ձե­ւով յաղ­թա­հա­րե­ցին ար­տա­կարգ անն­պաս­տու­թիւն­նե­րը իսկ մե­զի ալ, ի­րենց գո­վե­լի ջան­քե­րով, ո­գե­ւո­րե­ցին շա­րու­նա­կե­լու մեր ա­ռա­քե­լա­կան գոր­ծը:
­Մաս­նա­ւո­րա­պէս վեր­ջին դպրո­ցա­կան տա­րեշրջա­նին ըն­թաց­քին բո­լորս զգա­ցինք եւ անդրա­դար­ձանք այժ­մէա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու եւ ար­ժա­նիք­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, որ ան­փա­փա­քե­լի ձե­ւով ծանր փոր­ձու­թեան մատ­նուե­ցան եւ վնա­սո­ւե­ցան:
­Խա­ղա­ղու­թիւն, սէ­րը, մտեր­մու­թիւ­նը եւ բո­լոր մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիիւ­նե­րը ան­կաս­կա­ծօ­րէն մատ­ղաշ տա­րի­քէն կրնան մշա­կո­ւիլ եւ ամ­րապնդո­ւիլ՝ ա­պա շա­րու­նա­կո­ւիլ բո­լոր կրթա­կան մար­զե­րուն մէջ՝ կեր­տե­լով ինք­նա­բե­րա­բար ար­դար եւ քա­ղա­քա­վար աշ­խարհ մը եւ մա­նա­ւանդ քա­ղա­քա­կիրթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ. միշտ հա­ւա­տա­լով որ ման­կա­պար­տէ­զը հիմ­նա­քարն է ե­րե­խա­նե­րու բազ­մա­կող­մա­նի զար­գաց­ման մէջ:
Եւ ա­հա­ւա­սիկ այ­սօր մեր ման­կիկ­նե­րը ի­րենց փոքր թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցու­մին ընդ­մէ­ջէն ան­մե­ղու­թեամբ եւ ա­նու­շու­թեամբ շեշտ կը դնեն եւ յոյս կու տան թէ այս բո­լոր գա­ղա­փար­նե­րը եւ ար­ժէք­նե­րը գո­յու­թիւն ու­նին. հա­սա­նե­լի են եւ տես­լա­կան աշ­խար­հի մը չեն պատ­կա­նիր, այլ ի­րա­կա­նու­թիւն կրնան դառ­նալ ա­պա­հո­վե­լով խա­ղա­ղու­թիւն եւ եր­ջան­կու­թիւն:
­Մե՛նք՝ թէ՛ ծնողք, թէ՛ ուսուցիչ, մաս կը կազմենք այս իրականութեան, ա­ռա­ւել մեր փոքրիկներու յաջող կրթութեան եւ ուսումին, որոնք պիտի բա­րեփոխեն աշխարհի այս դժուար կացութիւնները եւ պիտի ստեղծեն աւե­լի լաւ եւ յուսալի ապագայ մը:
Եր­կու տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ծնողք եւ ու­սու­ցիչ զգա­ցինք ու տե­սանք ի­րենց քայլ առ քայլ գնա­հա­տե­լի յա­ռաջ­դի­մու­թիւ­նը եւ ազ­նիւ կամ­քը: Ու­րա­խու­թեամբ եւ ան­համ­բեր փա­փա­քով հա­մա­կեր­պո­ւե­ցան եւ ի­րենց հո­րի­զօն­նե­րը ընդ­լայ­նե­ցին, քա­ղե­լով պի­տա­նի գի­տե­լիք­ներ զորս զար­գա­ցու­ցին ի­րենց մտա­յին եւ ըն­կե­րազ­գա­ցա­կան աշ­խար­հը: Իսկ ի­րենց սէ­րը հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան հան­դէպ, մաս­նա­ւոր ու­րա­խու­թիւն կը պար­գե­ւէ մե­զի, թէեւ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու, բայց շնոր­հիւ մեր մշա­կոյ­թին, ա­ւան­դա­կան եր­գե­րուն ու խա­ղե­րուն, հէ­քիաթ­նե­րուն, եւ գո­յա­տեւ­ման, յոյ­սի շղթայ մը կը կազ­մեն մեր 11 հա­տիկ շրջա­նաւարտ­նե­րը, որ բո­լո­րիս պար­տա­կա­նու­թիւնն է ա­մուռ պա­հե­լու:
­Ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ՝­ թե­միս Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շրջ.­ վար­չու­թեան, Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ թա­ղա­յին ու Տիկ­նանց մար­մին­նե­րուն, Ու­սում­նա­կան, Տն­տե­սա­կան եւ ­Կա­լո­ւա­ծա­յին խոր­հուրդ­նե­րուն, Հ.Կ.Խ.-ի ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղին, մեր «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ Ծնո­ղա­կան միու­թեան:­
Սի­րե­լի ծնող­ներ՝
­Ջեր­մա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներս՝ որ օ­րի­նա­կե­լի ձե­ւով մեր կող­քին էիք եր­կու տա­րո­ւան, ըն­թաց­քին: Շ­նոր­հիւ այս մտեր­միկ գոր­ծակ­ցու­թեան նպաս­տե­ցիք ձեր զա­ւակ­նե­րու յա­ռաջ­դի­մու­թեան եւ մեր դաս­դիա­րակ­չա­կան ծրա­գիր­նե­րուն: ­Գոր­ծակ­ցու­թեան այն մեծ ու­ժը ու­նե­ցաք, մա­նա­ւանդ այս վեր­ջին տա­րո­ւան ըն­թաց­քին որ մեր պատ­մու­թիւ­նը սեւ է­ջե­րով լե­ցո­ւե­ցաւ եւ ա­մէն առ­տու կը տես­նէինք մտա­հո­գու­թիւ­նը եւ ցա­ւը ձեր հա­րա­զատ­նե­րուն եւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հա­մար:
­Մեր 11 փոք­րիկ շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն սրտանց կը մաղ­թեմ՝ միշտ վառ պա­հեն այս պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը, որ ու­նե­ցան բազ­մա­տե­սակ ծրա­գիր­նե­րու մէջ, ան­փո­փոխ մնա­լով ի­րենց ազ­նիւ նե­րաշ­խար­հը կեան­քի բո­լոր ո­լորտ­նե­րուն մէջ:
­Ջեր­մա­գին շնորհաւորութիւններս՝ մեր սի­րե­լի ա­շա­կերտ­նե­րուն մաղ­թե­լով յա­ռաջ­դի­մու­թիւն յա­ջորդ մար­զե­րուն մէջ:
­Բա­րի ար­ձա­կուրդ եւ բա­րի վե­րա­մուտ:

Ա­նի Ա­բի­կեան, ման­կա­պար­տիզ­պա­նու­հի
Հ.Կ.Խ.-ի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի
«­Հա­յաս­տան Ու­շաք­լեան» ման­կա­պար­տէ­զին