Չո­րեք­շաբ­թի, 21 Յու­նիս 2023-ին Ֆիք­սի «Ա­րամ Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հայ Կա­պոյտ Խա­չի Բա­ցա­ռիկ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, քննար­կե­լու հա­մար Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թեան յա­ռա­ջի­կայ 73-րդ Հա­մա­հայ­կա­կան Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին օ­րա­կար­գե­րը, որ տե­ղի պի­տի ունե­նայ 16-21 Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ։
Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Կ.­Խա­չի 5 մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն ընտրուած պատ­գա­մա­ւոր­ները, Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ վար­չու­թիւն­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը, խորհր­դա­կա­ցա­կան ձայ­նով ան­դա­մու­հի­ներ եւ հրա­ւի­րեալ­ներ։
Նաեւ Ժո­ղո­վին առ­ցանց կա­պով մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ իր ող­ջոյ­նի խօս­քը ուղ­ղեց Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կապ ան­դա­մը մեր միա­ւո­րին հետ՝ ըն­կե­րու­հի Թա­լին Մկր­տի­չեա­ն։
Կար­դա­ցո­ւե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ղրկած քա­ռա­մեայ ամ­փոփ տե­ղե­կա­գի­րը, ա­պա Կ. Վ. ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ըն­կե­րու­հին լու­սա­բա­նեց ներ­կա­նե­րու հար­ցա­կան­նե­րը։
Տե­ղե­կագ­իրին մէջ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Հ.Օ.Մ.ի խնա­մատարա­կան, կրթա­կան, բա­րե­սի­րա­կան ծրա­գիր­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը՝ Ար­ցա­խի 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի, ինչ­պէս նաեւ Սու­րիոյ երկ­րա­շար­ժի ու Լի­բա­նա­նի նա­ւա­հան­գիս­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած պայ­թու­մի, տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին տագ­նապ­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու ան­մի­ջա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան ծրա­գիր­նե­րը:
Ժո­ղո­վը բա­նա­ձե­ւեց եւ քո­ւէար­կեց իր ա­ռա­ջարկ­նե­րը եւ ընտ­րեց շրջա­նիս միա­ւո­րի պատ­գա­մա­ւո­րը, որ պի­տի մաս­նակ­ցի Հ.Օ.Մ.ի 73-րդ Հա­մա­հայ­կա­կան Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղո­վին: