Հայ Կապոյտ Խաչը, իր բարերարուհի՝ Թագուհի Փաշայեանի յիշատակին մրցանակ մը կու տայ ամէն տարի, Հ.Կ.Խաչի հայկական վարժարանները աւարտած եւ Յունական պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն բարձրագոյն նիշով յաջողութիւն արձանագրած ուսանողին։
Այս դպրոցական տարեշրջանին համար, Հ.Կ.Խաչի «Փաշայեան» մրջանակին արժանացաւ Իրինի Կիւրիւնլեան, որ յաջողած է մուտք գործել Փաթրասի համալսարանի դեղագործութեան բաժանմունքէն ներս (Τμήμα Φαρμακευτικής- Πανεπιστήμιο Πατρών), 17.860 նիշով։
Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի մասին հասարակութիւնը տեղեակ կը մնայ մամլոյ յայտարարութեամբ, եւ հետաքրքրուողները Հ.Կ.Խաչի գրասենեակ կը փոխանցեն իրենց դիմումները եւ համալսարանի իրենց մուտքի քննութեանց նիշերը։
Շրջանային վարչութիւնը քննելէ ետք ստացուած դիմումները, կը հաստատէ համալսարան մուտքի բարձրագոյն նիշը ապահոված ուսանողը։
«Թագուհի Փաշայեան» մրցանակը յանձնուեցաւ Իրինի Կիւրիւնլեանին, Երեքշաբթի, 26 Սեպտեմբեր 2023-ին, Հ.Կ.Խաչի գրասենեակին մէջ, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ներկայութեամբ։
Հ.Կ. Խաչի ատենապետուհի ընկհ. Լիզա Աւագեան շնորհաւորեց ուսանողը իր յաջողութեան համար եւ յայտնեց, որ Հայ Կապոյտ Խաչը հաւատարմութեամբ կը հետապնդէ կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու յաջողութիւնը՝ այն գիտակցութեամբ եւ համոզումով, որ մեր զարգացած նոր սերունդը հպարտութիւն է բոլորիս համար եւ հարստութիւն՝ մեր գաղութի ներուժին համար։
Ատենապետուհին յաջող ուսումնական կեանք մաղթեց եւ յորդորեց ուսանողուհիին որ գործօն դերակատարութիւն ունենայ մեր գաղութի կեանքէն ներս։
Աւարտին, ժողովականները շնորհաւորեցին երիտասարդը ու իր ծնողքը, նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով։
Հ.Կ.ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ