Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը գումարեց անդամական ժողով Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբերին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի «Աւետիքեան» սրահէն ներս:
Ժողովին ներկայ եղան մասնաճիւղի եւ քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, ինչպէս նաեւ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան անդամներ:
Մէկ կողմէն համավարակի դժուար շրջանը ետին ձգած ըլլալով, ինչպէս նաեւ ամառնային արձակուրդէն ետք, մասնաճիւղը արդէն ընթացքի մէջ դրած է իր գործունէութիւնը:
Մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկ. Շողիկ Պապօղլեան-Սամուէլեան զեկուցեց մինչեւ հիմա կատարուած գործունէութեան մասին:
Սեպտեմբերի մէջ վարչութեան կազմակերպած պտոյտ-ուխտագնացութիւնը դէպի Թինոս կղզին շատ յաջող անցած ըլլալով, մեկնակէտը հանդիսացաւ մասնաճիւղի ապագայ աշխատանքներուն: Նաեւ մասնաճիւղը իր մասնակցութիւնը բերաւ գաղութային եւ միութենական կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ աշխատանքներուն:
Յառաջիկայ ծրագիրները սկսելով ու տօնական օրերուն մօտենալով, վարչութիւնը նախաձեռնած է ճաշերու պատրաստութեան, որուն աշխատանքները արդէն հունի մէջ մտած են: Մեծ թիւով ընկերուհիներ սիրայօժար եւ գիտակցութեամբ կը մասնակցին աշխատանքին, որ հասութաբեր աշխատանք մը ըլլալէ անդին, իրարու մօտ կը բերէ ընկերուհիները, որոնք կը ծառայեն նոյն նպատակին:
Ատենապետուհիի զեկոյցէն ետք, ընկ. Նորա Քիւրտօղլեան-Գույումճեան ամփոփ զեկոյց մը տուաւ Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ կացութեան մասին, Սեպտեմբերի ընթացքին Ատրպէյճանի Հայաստանի վրայ յարձակումէն ետք մինչեւ այսօր:
Ընկերուհին ներկայացուց տիրող իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային անդրադարձը պատերազմին պատճառով:
Զեկուցումներէն ետք, ընկ. ատենապետուհին հրաւիրեց հոգեբան ընկ. Անայիս Խտրեան ներկայացնելու համար «Համավարակի ազդեցութիւնը ամէնօրեայ մեր հոգեվիճակին եւ միջոցներ մեր աշխուժութիւնը եւ լաւատեսութիւնը վերագտնելու» նիւթը:
Ընկերուհին Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարանը յաճախած ըլլալով ու համալսարանի հոգեբանութեան ճիւղը հետեւած ու աւարտած ըլլալով, իր մասնագիտութեամբ օգտակար հանդիսացաւ նիւթի արծարծումին եւ յաջորդած զրոյցին:
Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան նիւթին եւ զրոյցին, որուն ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին:
Ժողովը փակուեցաւ յայտարարելով յառաջիկայ ծրագիրները:
ԹՂԹԱԿԻՑ