Ա­մէն տա­րե­մու­տի, բո­լոր միու­թիւն­ներն ու ի­րենց մաս­նա­ճիւ­ղե­րը կը հրա­ւի­րեն ի­րենց «ըն­տա­նի­քի» ան­դամ­նե­րը նոր տա­րո­ւան գա­թան կտրե­լու եւ բաշ­խե­լու: Այս ձեռ­նար­կը ա­մէն մէկ ան­հա­տի եւ միու­թեան հա­մար կը խորհր­դանշէ նոր սկիզբ, նոր գոր­ծու­նէու­թիւն, նոր ծրա­գիր­նե­րու մշա­կում: Կ’ա­կըն­կա­լո­ւի, որ նոր տա­րին ըլ­լայ բե­ղուն, ար­դիւ­նա­բեր եւ նոր ու­ժեր հա­ւա­քե­լով՝ աշխուժ ներկայութեամբ ու գործունէութեամբ յատկանշուի միութենական կեանքէն ներս:
­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 22 ­Յու­նո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն, ­Ֆիք­սի «Արամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց իր ա­ռա­ջին ան­դա­մա­կան ժո­ղով-հա­ւա­քոյ­թը:
­Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, տեղւոյն մաս­նա­ճիւ­ղի եւ քոյր մաս­նա­ճիւղ­ե­րու մեծ թի­ւով ըն­կե­րու­հի­ներ:
­Հա­ւա­քոյ­թին բա­ցու­մը կա­տա­րեց վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Շո­ղիկ ­Պա­պօղ­լեան-­­Սա­մո­ւէ­լեան եւ հրա­ւի­րեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեա­նը օրհ­նե­լու հա­մար ա­մա­նո­րի գա­թան: ­Տէր հօր կող­քին վար­չու­թեան կող­մէ հրա­ւիրո­ւե­ցաւ՝ տա­րի­ներ միու­թեան մէջ գոր­ծող վաս­տա­կա­ւոր ընկ. ­Նա­զիկ ­Պար­սա­մեա­նը՝ գա­թան կտրե­լու հա­մար:
­Յա­ջոր­դա­բար՝ ըն­կե­րու­հի ա­տե­նա­պե­տու­հին ­Նոր ­Տա­րո­ւան ա­ռի­թով ա­ռող­ջու­թիւն ու ան­հա­տա­կան եւ միու­թե­նա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն ու ման­րա­մասն զե­կոյց տո­ւաւ վար­չու­թեան կա­տա­րած եւ միութեան յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ:
Անց­նե­լով օ­րո­ւայ յայ­տագ­իրին՝ ընկ. Ա­լիս ­Յա­րու­թիւ­նեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ 2020 տա­րեշր­ջա­նի ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւե­լիք փա­ռա­տօն­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք ա­ռի­թը կու­տան այ­ցե­լող­նե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լու ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին, կեն­ցա­ղա­յին եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան ար­տադ­րու­թիւն­նե­րուն եւ սո­վո­րու­թիւն­նե­րուն վերաբերեալ:
Ա­պա՝ վար­չու­թիւ­նը ա­մա­նո­րի հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու նպա­տա­կով, ծրագ­րած էր հայ­կա­կան ա­նու­շե­ղէն­նե­րէն՝ ա­նու­շա­պու­րի պատ­րաս­տու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել ըն­կե­րու­հի­նե­րուն:
Այս­պէս՝ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն բաժ­նո­ւե­ցան ա­նու­շա­պու­րի բա­ղադրու­թեան նիւ­թե­րու չա­փե­րը եւ գոր­ծըն­թա­ցը ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան քայլ առ քայլ, ընկ. ­Վարդ Մկր­տի­չեա­նին կող­մէ: Ըն­կե­րու­հին շատ ման­րա­մասն ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց եւ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը գրա­ւեց ներ­կա­նե­րուն: ­Անոր ներկայացումէն ետք՝ ներկաները համտեսեցին անուշապուրը: Կը յու­սանք, թէ շա­տեր պի­տի փոր­ձեն պատ­րաս­տել հայ­կա­կան ար­մատ­ներ ու­նե­ցող ա­նու­շե­ղէ­նը, որ մաս կը կազ­մէ Ա­մա­նո­րի սե­ղա­նին՝ տոլ­մա­յի, տա­րե­հա­ցի, գա­թա­յի կող­քին, պահ­պա­նե­լով, տա­րա­ծե­լով եւ սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լով հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի կե­րակ­րա­տե­սակ­նե­րը։
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որու նուէրը տրամադրուած էր ընկ. Հայկուհի Եաղճեանի կողմէ:
Ապա՝ պաս­տա­ռի վրայ ցու­ցադրուե­ցաւ վի­տէօ-ե­րիզ մը Ար­ցա­խի մէջ ա­մա­նո­րը դի­մա­ւո­րե­լու տօ­նա­կան ե­լոյ­թէն հա­տո­ւած­ներով:
Օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ խորհր­դան­շա­կան նուէր մը: ­
Հա­ւա­քոյ­թը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հա­ճե­լի եւ ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ:

ԹՂԹԱԿԻՑ