Հ.Կ.­­Խա­չի ­­Ֆիք­սի «Լ. եւ Ս. ­­Յա­կո­բեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թա­րա­նի Ե. Եւ Զ. դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ու­ղեկ­ցու­թեամբ վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­ներ ընկ. ­­­Նա­զիկ ­­Ճա­մու­զեա­նի եւ տիկ. Ա­լի­նա ­­Պար­տաք­ճեա­նի, այ­ցե­լե­ցին «Ա­զատ Օր»ի գրա­սե­նեա­կը։
Ա­շա­կերտ­նե­րը լրջու­թեամբ եւ հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան թեր­թի խմբա­գի­րի եւ տնօ­րէ­նի տո­ւած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն: Ըն­կեր­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին «­­Նոր Օր»ի հիմ­նադ­րու­թե­նէն մին­չեւ «Ա­զատ Օր»ի պատ­մա­կան եր­թը:
Ա­պա, «­­­Նոր Օր»-ի ու «Ա­զատ Օր»-ի հին տո­մար­նե­րը թղթա­տե­ցին ու բաղ­դա­տե­ցին թեր­թի հին տպագրու­թիւ­նը ու ի­րենց առ­ջեւ ներ­կա­յա­ցո­ւած թեր­թի ար­դի պատ­րաս­տու­թեան ձե­ւա­չա­փը: