Տօն՝ նուիրաբերումի եւ յանձնառութեան
Կիրակի, 28 Ապրիլ 2024-ին, Աթէնքի «Ինթերքոնթինենթըլ» հիւրանոցի «Ափրոթիտէ» շքեղ սրահը ուրիշ փայլ ստացած էր, Հ.Կ.Խ.ի «Սիրոյ Պազար»-ին պարտականութեան վրայ գտնուող Հայ Կապոյտ Խաչի անդամուհիներու հիւրասէր ժպիտներով:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Սիրոյ Պազար»-ը, միութեան կ՛ապահովէ կարեւոր նիւթական հասոյթ մը՝ Հայ Կապոյտ Խաչի գործունէութեան եւ բարեսիրական ծրագիրներուն ծառայելու համար: Սակայն հասութաբեր ձեռնարկ մը ըլլալէ շատ աւելի՛ն է անիկա: Իր քարոզչական արձագանգով, միութեան նպատակներն ու գործելաձեւը կը ծանօթացնէ եւ հայ թէ յոյն հասարակութիւնը կը զգաստացնէ անոնց նկատմամբ:
Այս տարի Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան 100-ամեակն է:
Ահաւասիկ առիթ մը եւս էր, հանրութեան հաղորդակից դարձնելու միութեան հարիւրամեայ վաստակին եւ ցոյց տալու թէ, մէկ դառ անց, ժողովուրդին ծոցէն ծնած եւ ժողովուրդին թիկունքով՝ ժողովուրդը ծառայող այս միութիւնը, հաւատարիմ կը մնայ իր արաքելութեան եւ ներկայ է հաստատ կամքով մեր գաղութի հայ կեանքին մէջ:
Այս տարի եւս, Սիրոյ Պազարը այցելեցին հայրենակիցներ եւ յոյն բարեկամներ եւ իրենց ներկայութեամբ, նուիրատուութիւններով ու գնումներով սատար հանդիսացան անոր յաջողութեան: Ձեռնարկը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ազգային վարչութեան անդամները, Աթէնքի Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եզրաս աբղ. Թէնէքէճեան, Նէոս Գոզմոսի «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, ինչպէս նաեւ Նէա Զմիռնիի փոխ քաղաքապետ տիկ. Նորա Ղալանոբուլուն ու մեր գաղութի մէջ գործող բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ընդարձակ սրահին մէջ ակնահաճոյ ձեւով դասաւորուած էին տեսակաւոր ծախու ուտեստեղէններն ու իրերը՝ միութեան անդամուհիներու ձեռամբ պատրաստուած հայկական աւանդական ճաշեր, արեւելեան անուշեղէններ եւ խմորեղէններ, ապա նաեւ՝ հայկական գինիներ ու քոնիակներ, չոր միրգեր, Զատկուայ մոմեր եւ տուրմեր, տնային ապրանքատեսակ, կնոջական զարդեղէններ, վզնոցներ, գոհարեղէն, հագուստեղէն, պայուսակներ եւայլն: Պարտականութեան վրայ գտնուող ընկերուհիները խանդավառութեամբ ու սիրով բացատրութիւններ կու տային եւ օգտակար կ՛ըլլային այցելուներուն, որ անոնք հաճոյքով կատարեն իրենց նախասիրած գնումները:
Ընկերային մթնոլորտ կը տիրէր «սրճարան-ճաշարան»-ի բնոյթով պատրաստուած Պազարի յատուկ սրահին մէջ: Ճաշակաւոր ձեւով տեղաւորուած եւ աչք ու ախորժակ հրապուրող ճոխ ճաշատեսակներ եւ անուշեղէններ, խնամքով պատրաստուած Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիներուն կողմէ, բաց հրաւէր մըն էին այցելուներուն համար, որ տեղ գրաւեն սեղաններուն շուրջ: Ներկաները տեղւոյն վրայ կը համտեսէին առատ եւ համեղ աղանդերներու ընտրութիւն մը եւ առիթ կ՛ունենային գաւաթ մը գինիով, հաճելի ժամանակ անցնելու ու զրուցելու բարեկամներով:
Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային վարչութիւնը սիրայօժար տրամադրած էր յատուկ սեղաններ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական ու Պատանեկան միութիւններուն, Հ.Կ.Խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի Ծնողական միութեան եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, որպէսզի անոնք եւս ներկայացնեն իրենց գործունէութիւնը եւ առիթ ունենան վաճառելու իրենց ապրանքատեսակը:
Հ.Կ.Խ.ի Սիրոյ Պազարը լայնածաւալ աշխատանքի արդիւնք է՝ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ծրագրումին եւ հինգ տեղական մասնաճիւղերու՝ Գոքինիոյ «Սօսէ», Ֆիքսի «Ռուբինա», Գարէա-Կեսարիանիի «Աղթամար», Աթէնքի «Ծովինար» եւ Ֆալիրոյի «Նայիրի» մասնաճիւղերու անդամուհիներուն համախումբ աշխատանքին։
Միութեան ընկերուհիները միասնական ոգիով եւ բարձր գիտակցութեամբ գործեցին, առանց հոգնելու կամ տրտնջալու, միշտ սիրով եւ դրական տրամադրութեամբ ժամանակ յատկացուցին, ջանք չխնայեցին եւ յաջող աւարտին հասցուցին այս ձեռնարկը:
Ձեռնարկի քարոզչութիւնը կատարելու համար օգտագործուեցաւ «Ազատ Օր» օրաթերթը, եւ յատկապէս Հ.Կ.Խաչի դիմատետրի պաշտօնական էջը ( f Arme-nian Blue Cross Greece — Αρμενικός Κυανούς Σταυρός Ελλάδος), ուր յատուկ գրառումներով, նկարներով եւ տեսաերիզներով, ներկայացուեցան Պազարի բարեսիրական նպատակը, խաչուհիներու կամաւոր գործունէութիւնը, ակումբներու մէջ պատրաստուած ճաշատեսակները եւ ընդհանրապէս այլ տեղեկութիւններ Պազարին մասին:
Վարձքը կատար բոլոր ընկերուհիներուն:
Հարկ է նշել թէ, Պազարի յաջողութեան յոյժ կը նպաստեն անհատներու եւ ընկերութիւններու նուիրատուութիւնները: Յունական եւ հայկական վաճառական ընկերութիւններ այլեւ անհատ հայրենակիցներ հովանաւոր դարձան «Սիրոյ Պազար»-ին, ընդառաջելով Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան դիմումին։ Իւրաքանչիւրին կողմէ սիրայօժար նուիրուած ապրանքատեսակը կամ դրամական գումարը ճոխացուց Պազարը, իսկական թիկունք հանդիսացաւ անոր կազմակերպումին եւ սատարեց ձեռնարկի ապահոված հասոյթին: Նուիրատուներու մեծամասնութիւնը տարիներէ ի վեր կը կանգնին Հայ Կապոյտ Խաչի կողքին, որուն համար խորապէս երախտապարտ կը զգանք։
Առ ի շնորհակալութիւն, պազարի մուտքին զետեղուած էր յատկապէս պատրաստուած պաստառ մը նուիրատուներու անուններով:
Շնորհակալական խօսք
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Սիրոյ Պազար»-ին հովանաւոր դարձած ընկերութիւններուն եւ անհատներուն, որոնք ապրանքատեսակներ նուիրելով կամ դրամական յատկացում կատարելով ՝ մեծապէս սատարեցին մեր ձեռնարկի յաջողութեան:
Մեր անկեղծ շնորհակալութիւնները կը յայտնենք Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիներուն, որոնց ամիսներու հետեւողական կամաւոր աշխատանքին արդիւքով է որ այս տարի եւս իրագործուեցաւ Սիրոյ Պազարը։
Մեծ շնորհակալութիւն՝ այն հայ եւ յոյն մեր բարեկամներուն, որոնք անգամ մը եւս մեր հրաւէրին ընդառաջեցին եւ մեզ քաջալերեցին։
Ձեռնարկի նիւթական յաջողութեան չափ եւ նոյնիսկ շատ աւելի կարեւոր է մեզի համար, մեր հայրենակիցներու ներկայութիւնը մեր կողքին, իբրեւ բարոյական թիկունք՝ մեր կամաւոր եւ նպատակասլաց գործին:
Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ