Հ. Կ. ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը ­կա­մա­ւո­րու­թեան գա­ղա­փա­րին ու խոր­հուր­դին լա­ւա­գոյն օ­րի­նա­կը տո­ւին

«­Քո­րո­նա» հա­մա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով, եր­կու տա­րո­ւայ ընդ­հա­տու­մէ ետք, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ո­րո­շեց «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը ի­րա­գոր­ծել, հա­կա­ռակ հա­մա­վա­րա­կի ստեղ­ծած նոր կա­ցու­թեան եւ հա­մա­կեր­պո­ւե­լով ան­կէ պար­դադ­րո­ւած պայ­ման­նե­րուն:
Հ.Կ.­Խա­չի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Կի­րա­կի, 22 ­Մա­յիս 2022-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11 մին­չեւ 5, ­Նի­քէա­յի «­Մա­նոս ­Լոի­զոս» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նէն ներս:
­Նա­խորդ տա­րի­նե­րուն, «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը տե­ղի կ­’ու­նե­նար հիւ­րա­նո­ցի մը շքեղ սրա­հին մէջ: Այս տա­րի, նա­խընտ­րո­ւե­ցաւ ժո­ղո­վուր­դը հա­մախմ­բել օ­դա­սուն վայ­րի մը մէջ, նախ՝ ի մտի ու­նե­նա­լով ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նոր տո­ւեալ­նե­րը, ա­պա նաեւ՝ փոր­ձե­լով ա­ռա­ւե­լա­գոյնս նուա­զեց­նել պա­զա­րի ծախ­սե­րը, լաւ գի­տակ­ցե­լով հան­դերձ այդ ո­րո­շու­մին հե­տե­ւող կազ­մա­կերպ­ման զա­նա­զան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք պէտք պի­տի ըլ­լար դի­մագ­րա­ւել: Այս­պէս, յար­մար ընտ­րուե­ցաւ լայն շրջա­փա­կով սրահ մը, որ սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րեց ­Նի­քէա քա­ղա­քի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը:
­Պա­զա­րի նա­խոր­դող օ­րե­րուն, Հ. Կ. ­Խա­չի դի­մա­տետրին ու «Ա­զատ Օր»ի ընդ­մէ­ջէն կա­տա­րո­ւած լայն քա­րոզ­չու­թիւ­նը իր ար­դիւն­քը տո­ւաւ, Հ.Կ.­Խա­չի հայ եւ յոյն բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնք ա­մէն տա­րի ան­համ­բեր կը սպա­սեն պա­զա­րի կազ­մա­կեր­պու­մը, այ­ցե­լե­ցին եւ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ, նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով ու գնում­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը:
Այս ձեռ­նար­կը, հայ­կա­կան ճա­շե­րու եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու, ­Հա­յաս­տա­նեան խմիչք­նե­րու ու քաղց­րե­ղէն­նե­րու մա­տու­ցու­մէն ան­դին, այ­ցե­լու հայ թէ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն կը ծա­նօ­թաց­նէ հա­յոց ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը, հայ­կա­կան մշա­կոյթ կը սփռէ, մեր գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րուն ա­ռիթ կու տայ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ծա­նօ­թաց­նե­լու, կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ար­ժէ­քին փաս­տը կու տայ, միու­թեան բա­րե­սի­րա­կան ու կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու ու կա­րի­քա­ւո­րին օգ­նու­թեան հաս­նե­լու անհ­րա­ժեշտ հա­սոյ­թը կ­՛ա­պա­հո­վէ:
«­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը» ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի տա­րե­կան գոր­ծու­նէու­թեան գա­գաթ­նա­կէտն է, իր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջա­նի եր­կար տե­ւո­ղու­թեամբ, ցու­ցադ­րո­ւած ապ­րանք­նե­րու քա­նա­կու­թեամբ, ո­րա­կով եւ ան­շուշտ գո­յա­ցած դրա­մա­կան ե­կա­մու­տով։

***

­Շա­բաթ օր, մին­չեւ ուշ գի­շեր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը ի­րենց վերջ­նա­կան փու­լին հա­սան: ­Բո­լոր ա­կումբ­նե­րէն՝ ­Գո­քի­նիա­յէն, ­Ֆիք­սէն, ­Գա­րէա­յէն պատ­րաս­տո­ւած ապ­րանք­նե­րը, սե­ղան­նե­րը, սառ­նա­րան­նե­րը փո­խադ­րո­ւե­ցան պա­զա­րի վայ­րը: Ան­նա­խըն­թաց ե­ռու­զեռ կը տի­րէր սրա­հին մէջ, որ­պէս­զի ա­մե­նա­լաւ ձե­ւով դա­սա­ւո­րո­ւի ա­մէն ինչ:
­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, վեր­ջին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը աչ­քէ անց­նե­լէ ետք, «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը իր դռնե­րը բա­ցաւ այ­ցե­լու­նե­րուն:

***

«­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, մեր գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու վար­չա­կան­ներ ու ան­դամ­ներ:

Պազարը այ­ցե­լե­ցին նաեւ ­Նի­քէա-­Ռեն­տիի քա­ղա­քա­պետ պրն. Իոա­քի­մի­տիս, ­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ քա­ղա­քա­պետ­ներ պրն. ­Վա­կե­լիս ­Խա­չա­տու­րեան եւ տիկ. Ք­լէ­րի ­Տէ­լիեան­նի, փոխ նա­խա­րար ­Քոս­թաս ­Քա­ցա­ֆա­տոս, Ա­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ տիկ. Էվ­ղե­նիա ­Պար­պաեան­նի, հայ եւ յոյն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու նո­ւի­րա­տու­ներ:

***

Ըն­դար­ձակ սրա­հին մէջ, ճոխ սե­ղան­ներ զե­տեղուած էին, ո­րոնց վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ճա­շեր, ա­րե­ւե­լեան ա­նու­շե­ղէն­ներ, չոր միր­գեր, գի­նի­ներ ու քո­նիակ­ներ, փոք­րե­րու եւ մե­ծա­հա­սակ­նե­րու հա­գուս­տե­ղէն­ներ, կնո­ջա­կան զար­դե­ղէն­ներ, վզնոց­ներ ու մա­տա­նի­ներ, տար­բեր գո­հա­րե­ղէն­ներ, ա­մառ­նա­յին գլխարկ­ներ, պա­յու­սակ­ներ, ան­ձե­րոց­ներ, զար­դեր, ե­ւ այլն: ­Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս բե­րո­ւած միր­քե­րու քաղց­րե­ղէն ու շո­քո­լա­ներ զե­տե­ղո­ւած էին ու­շագրաւ սե­ղա­նի մը վրայ, որ­պէս­զի հայ­րե­նի­քի հա­մը եւ բոյ­րը չպակ­սի մեր պա­զա­րէն:
Ինչ­պէս ա­մէն ան­գամ, ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թիւ­նը գա­ղու­թիս միու­թիւն­նե­րուն տրա­մադրած էր յա­տուկ սե­ղան­ներ, որ­պէս­զի ա­նոնք ցու­ցադ­րեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւնն ու ապ­րան­քա­տե­սա­կը: Այս­պէս, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րուն յատ­կա­ցո­ւած էին յա­տուկ սե­ղան­ներ, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գիր­քեր, հրա­հան­ներ եւ շա­պիկ­ներ կը ծա­խէին ու պա­տա­նի­նե­րը՝ ի­րենց ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը։
­Սե­ղան­ներ տրա­մադ­րո­ւե­ցան նաեւ «­Հա­մազ­գա­յին»ին եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին: «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի յա­ջո­ղու­թեան նպաս­տեց նաեւ «սրճա­րան-ճա­շա­րան»ի բնոյ­թով պատ­րաս­տո­ւած յա­տուկ ան­կիւն մը, ուր ըն­դար­ձակ սե­ղան­նե­րու վրայ ճոխ ճա­շա­տե­սակ­ներ եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ, որ պատ­րաս­տո­ւած էին Հ.Կ.­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ, կը գրա­ւէին այ­ցե­լու­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը: Այ­ցե­լու­նե­րը ա­ռի­թը ու­նէին տեղ­ւոյն վրայ զա­նոնք ճա­շա­կե­լու, եւ բա­րե­կամ­նե­րով ժա­մա­նակ անց­նե­լու, այս նպա­տա­կով զե­տե­ղո­ւած սե­ղան­նե­րու շուրջ նստե­լով, վայ­րի շրջա­փա­կը ծա­ռե­րուն տակ, զո­ւարթ մթնո­լոր­տի մէջ ու­րախ ժա­մեր անցնե­լով:
­Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան վա­ճա­ռա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ կամ ան­հատ հայ­րե­նա­կից­ներ հո­վա­նա­ւոր դար­ձան «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան դի­մու­մին։ ­Մեծ թի­ւով նիւ­թեր եւ ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ սի­րա­յօ­ժար նո­ւի­րո­ւած էին ա­նոնց կող­մէ:
Կ­’ար­ժէ նշել թէ ա­նոնց­մէ շա­տեր տա­րի­նե­րէ ի վեր միշտ սա­տար կը կանգ­նին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Առ ի շնոր­հա­կա­լու­թիւն, պա­զա­րի մուտ­քին զե­տե­ղո­ւած էր յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած պաս­տառ մը նո­ւի­րա­տու­նե­րու ա­նուն­նե­րով: ­Նո­ւի­րա­տու հայ եւ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կը լոյս կ’ըն­ծա­յենք ա­ռան­ձին շնոր­հա­կա­լի­քով։

­Քա­րոզ­չու­թիւն

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, յոյն այ­ցե­լու­նե­րու մեծ թիւ մը ա­մէն տա­րի ներ­կայ կը գտնո­ւի «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րին»։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս զան­գո­ւա­ծի ներ­կա­յու­թիւ­նը կա­րե­լի ե­ղած է յա­ջողց­նել, թէ՛ անձ­նա­կան հրա­ւէր­նե­րու եւ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ, ինչ­պէս նաեւ հա­մա­ցան­ցին ընդ­մէ­ջէն կա­տա­րուած քա­րոզ­չու­թեան շնոր­հիւ:
­Քա­րոզ­չու­թեան աշ­խա­տան­քի ծի­րէն ներս, դի­մա­տետ­րի Հ.Կ.­Խա­չի է­ջին մէջ պա­զա­րի յայ­տա­րա­րու­թիւնն ու տար­բեր գրա­ռում­նե­րը լայ­նա­ծա­ւալ եւ շա­րու­նա­կա­կան էին: ­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ պա­զա­րի բա­րե­սի­րա­կան նպա­տա­կը, ա­կումբ­նե­րու մէջ կա­մա­ւոր խա­չու­հի­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ճա­շա­տե­սակ­նե­րը ու այլ տե­ղե­կու­թիւն­ներ պա­զա­րին մա­սին:
­Քա­րոզ­չու­թիւ­նը ե­ղաւ նաեւ «Ա­զատ Օր»ի կայ­քէ­ջի եւ թեր­թի մի­ջո­ցաւ:
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով թէ շատ ազ­դու քա­րոզ­չա­կան մի­ջոց մըն է նաեւ հե­ռա­տե­սի­լը, Հ.Կ.Խ.ի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը դի­մեց զա­նա­զան կա­յան­նե­րու յայ­տագիրնե­րու, խնդրե­լով որ ա­նոնք քա­նի մը վայր­կեան տրա­մադ­րեն մե­զի, շեշ­տե­լով ­Պա­զա­րի բա­րե­սի­րա­կան նպա­տա­կը:
­Հե­ռա­տե­սի­լի ALPHA TV կա­յա­նի «Happy Day» յայ­տագ­րի ար­տադ­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուն ըն­դա­ռա­ջեց Հ.Կ.Խ.ի խնդրան­քին, նոյ­նինքն յայ­տագ­րի հա­ղոր­դա­վա­րի՝ Ս­թա­մա­թի­նա ­Ցիմ­ցի­լիի մղու­մով: ­Վե­րոն­շեալ յայ­տագ­րէն, հա­ղոր­դա­վա­րը յայ­տա­րա­րեց պա­զա­րին թո­ւա­կանն ու վայ­րը, հրա­ւի­րե­լով դի­տորդ­նե­րուն, որ այ­ցե­լեն պա­զա­րը, նաեւ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ փոքր ժա­պա­ւէն մը նա­խորդ պա­զար­նե­րու նկար­նե­րով եւ վա­ճա­րո­ւե­լիք ճա­շա­տե­սակ­նե­րով:

Հ. Կ. ­Խա­չի հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու աշ­խա­տան­քը

«­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը ար­դիւնք է Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու՝ ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ», ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա», ­Գա­րէա­յի «Աղ­թա­մար», Ա­թէն­քի «­Ծո­վի­նար» եւ ­Ֆա­լի­րո­յի «­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քին։
­Փոր­ձա­ռու կա­պոյտ-խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րը զօ­րա­ւոր կամ­քով ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ կը կա­տա­րեն գոր­ծը՝ լա­ւա­պէս գի­տակ­ցե­լով, թէ պա­զա­րը իւ­րա­յա­տուկ այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է, ո­րու մի­ջո­ցաւ պի­տի գո­յա­նան անհ­րա­ժեշտ գու­մար­նե­րը՝ Հ. Կ. ­Խա­չի կրթա­կան-բա­րե­սի­րա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, ճիգ չի խնա­յո­ւիր, որ­պէս­զի պահ­պա­նո­ւի սե­ղան­նե­րուն վրայ հա­րուստ այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, ըն­տիր ո­րա­կը եւ ըն­կե­րա­յին ջերմ մթնո­լոր­տը։

***

Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ու­ժին։ ­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րու եւ ան­դա­մու­հի­նե­րու եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քին, ա­նոնց սի­րոյ ու նո­ւի­րու­մի զգա­ցում­նե­րուն դրսե­ւո­րումն է, ո­րուն ար­դիւն­քը կ­՚ըլ­լայ կեդ­րո­նա­կան այս ձեռ­նար­կը։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ի­րենց ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քին ու նո­ւի­րու­մին հա­մար։
Ա­հա՛ հիաց­մուն­քի ար­ժա­նի՝ «կա­մա­ւո­րու­թիւն» բա­ռի խո­րին նշա­նա­կու­թիւնն ու ի­մաս­տը, զորս իւ­րա­ցու­ցած են Հ. Կ. ­Խա­չի հա­րիւ­րա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը։

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք

Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին հո­վա­նա­ւոր դար­ձած հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մեծ թի­ւով ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ նո­ւի­րե­ցին պա­զա­րին՝ սի­րա­յօ­ժար ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան դի­մու­մին, տրա­մադ­րե­լով ի­րենց ապ­րանք­նե­րը։
Նկարներուն մէջ կը տեսնէք ՝ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կը:

***

­Մեր ան­կեղծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ո­րոնց աշ­խա­տան­քով կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել այս հսկայ աշ­խա­տան­քը։
Ա­միս­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի եւ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան ար­դիւնքն է, որ վա­յե­լե­ցինք բո­լորս։
Ի վեր­ջոյ մեծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ բո­լոր հայ եւ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք ան­գամ մը եւս այ­ցե­լե­ցին եւ քա­ջա­լե­րե­ցին մեր պա­զա­րը։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ