Հ.Կ.­­Խա­չի «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ը տե­ղի ու­նե­ցաւ ­­Կի­րա­կի, 2 Ապ­րիլ 2023-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11-էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան 5, ­«Ին­թեր­քոն­թի­նեն­թըլ» հիւ­րա­նո­ցի «Apհrodite» շքեղ սրա­հին մէջ

­«­­­Սի­րոյ ­­­Պա­զա­րը» կը նկա­տո­ւի ­­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի տա­րե­կան գոր­ծու­նէու­թեան ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րէն մէ­կը, իր ա­պա­հո­ված հա­սոյ­թով, այլ նաեւ՝ իր քա­րոզ­չա­կան ար­դիւն­քով, ո­րով միու­թեան նպա­տակ­նե­րը, գոր­ծե­լա­ձեւն ու ծրա­գիր­նե­րը լայ­նօ­րէն կը ծա­նօ­թա­ցո­ւին մեր գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րուն եւ յոյն հա­սա­րա­կու­թեան:
­­Միու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ըն­կե­րու­հի­նե­րը՝ հա­մախմ­բո­ւած, խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ բարձր գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լով ի­րենց աշ­խա­տան­քի անհ­րա­ժեշ­տու­թեան, իբ­րեւ մէկ մար­մին, գոր­ծե­ցին եւ յա­ջող ա­ւար­տին հաս­ցու­ցին այս ձեռ­նար­կը:
­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ մեր յոյն բա­րե­կամ­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը ներ­կայ ե­ղաւ եւ քա­ջա­լե­րեց Հ.Կ.­­Խա­չի ­­Պա­զա­րը:
Հ. Կ. ­­Խա­չի դի­մա­տետ­րի ու «Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րու ընդ­մէ­ջէն կա­տա­րուած քա­րոզ­չու­թեան շնոր­հիւ, հայ եւ յոյն բա­րե­կամ­ներ, ո­րոնք ա­մէն տա­րի կը սպա­սեն այս կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թեան կազ­մա­կեր­պու­մը, դար­ձեալ այ­ցե­լե­ցին եւ ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ, նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րով ու գնում­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ը:
­Յատ­կա­պէս, Հ.Կ.­­Խա­չի դի­մա­տետրի է­ջին մէջ ­­Պա­զա­րի յայ­տա­րա­րու­թիւնն ու տար­բեր գրա­ռում­նե­րը լայ­նա­ծա­ւալ եւ շա­րու­նա­կա­կան էին: ­­Ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ ­­Պա­զա­րի բա­րե­սի­րա­կան նպա­տա­կը, ա­կումբ­նե­րու մէջ կա­մա­ւոր խա­չու­հի­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը, ճա­շա­տե­սակ­նե­րը ու այլ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ընդ­հան­րա­պէս ­­Պա­զա­րին մա­սին:
­­Ձեռ­նար­կը ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ պա­տո­ւե­ցին ­­Յու­նաս­տա­նի թե­մի Ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ արք. ­­Խա­չե­րեան, ­­Գե­րա­պայ­ծառ ­­Յով­սէփ ծ.վրդ. ­­Պէ­զա­զեան, ­­­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­­­Վի­գէն ­­­Չո­լա­քեան, Հ.Յ.Դ. ­­­Կեդ­րո­նա­կան ­­­Կո­մի­տէի եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը, ­­­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­­­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­­Պա­րէտ քհնյ. ­­­Խա­չե­րեան, ­­Նէոս ­­Գոզ­մո­սի «Ս. ­­Կա­րաա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­­Նա­րեկ քհնյ. ­­Շա­հի­նեան, ինչ­պէս նաեւ մեր գա­ղու­թի մէջ գոր­ծող բո­լոր միու­թիւն­նե­րու վար­չա­կան­ներ ու ան­դամ­ներ:
Կ­’ար­ժէ շեշ­տել, թէ ի­րենց ներ­կայու­թեամբ եւ գնա­հա­տա­կան խօս­քե­րով մեր միու­թեան ու գա­ղու­թին հան­դէպ ի­րենց ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին երկ­րի քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ եւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ: ­­Պա­զա­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ ­­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­ցիա­կան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­­Թա­քիս ­­Թէո­տո­րի­քա­քոս, հել­լէն խորհրդա­րա­նի Ա. փոխ­նա­խա­գահ պրն. ­­Նի­քի­թաս ­­Քաք­լա­մա­նիս, փոխ­նա­խա­րար­ներ ­պրն. ­­Քոս­թաս ­­­Քա­ցա­ֆա­տոս, տիկ. ­­Տոմ­նա ­­Մի­խա­յի­լի­տու, տիկ. ­­Սո­ֆիա ­­Վուլ­թեփ­սի, ­Ա­տի­կէի մարզ­պետ պրն. Եոր­ղոս ­­Փա­թու­լիս, Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պետ պրն. ­­Քոս­թաս ­­Պա­քոեան­նիս, ­­Բի­րէա­յի քա­ղա­քա­պետ պրն. Եան­նիս ­­Մո­րա­լիս, ­­Նի­քէա-­­­Ռեն­տիի քա­ղա­քա­պետ պրն. Եոր­ղոս Իոա­քի­մի­տիս, ­­­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ քա­ղա­քա­պետ­ներ պրն. ­­­Վա­կե­լիս ­­­Խա­չա­տու­րեան եւ տիկ. Ք­լէ­րի ­­­Տէ­լիեան­նի, մեծ թի­ւով յոյն ե­րես­փո­խան­ներ՝ պրն. Իոան­նիս ­­Մե­լաս, պրն. ­­Տի­միթ­րիս ­­Մար­քո­փու­լոս, պրն. Եան­նիս ­­Պա­լա­ֆաս, պրն. Եան­նիս Թ­րա­ղա­քիս, պրն. ­­Տի­միթ­րիս ­­Խա­րի­թու, ե­րես­փո­խա­նա­կան թեկ­նա­ծու՝ տիկ. Ա­կե­լի­քի ­­Լէ­վեն­տի, դե­րա­սա­նու­հի տիկ. Խ­րիս­թի­նա Ա­լեք­սա­նեան, հայ եւ յոյն ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու նո­ւի­րա­տու­ներ:

***

Հիւ­րա­նո­ցի ըն­դար­ձակ շքեղ սրա­հին մէջ սե­ղան­ներ զե­տե­ղուած էին, ո­րոնց վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած էին հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ճա­շեր, ա­րե­ւե­լեան ա­նու­շե­ղէն­ներ, չոր միր­գեր, հայ­կա­կան գի­նի­ներ ու քո­նիակ­ներ, հա­գուս­տե­ղէն­ներ, կնո­ջա­կան զար­դե­ղէն­ներ, վզնոց­ներ ու մա­տա­նի­ներ, տար­բեր գո­հա­րե­ղէն­ներ, զատ­կո­ւան մո­մեր եւ զար­դեր, պա­յու­սակ­ներ, ե­ւ­ այլն: ­­­Հա­յաս­տա­նեան միր­քե­ր, քաղց­րե­ղէն ու շո­քո­լա­ներ նաեւ մեր լա­ւաշ հա­ցը զե­տե­ղո­ւած էին ու­շագ­րաւ սե­ղա­նի մը վրայ, որ­պէս­զի հայ­րե­նի­քի հա­մը եւ բոյ­րը չպակ­սի մեր պա­զա­րէն:
­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը գա­ղու­թիս միու­թիւն­նե­րուն տրա­մադ­րած էր յա­տուկ սե­ղան­ներ, որ­պէս­զի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւնն ու ապ­րան­քա­տե­սա­կը: Այս­պէս, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­­Պա­տա­նե­կան միու­թիւն­նե­րուն յատ­կա­ցո­ւած էին յա­տուկ սե­ղան­ներ, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գիր­քեր, գրիչ­ներ, հրա­հան­ներ եւ շա­պիկ­ներ կը ծա­խէին ու պա­տա­նի­նե­րը՝ ի­րենց ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը։ ­­Սե­ղան­ներ տրա­մադ­րո­ւած էին նաեւ Հ.Կ.­­Խա­չի «­­Լե­ւոն եւ ­­Սո­ֆիա ­­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան, «­­Հա­մազ­գա­յին»ին եւ «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թին:

***

Ա­մէն տա­րի, այ­ցե­լու­նե­րու ու­շադրու­թիւ­նը եւ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը կը գրա­ւէ յա­տուկ սրահ մը «սրճա­րան-ճա­շա­րան»ի բնոյ­թով, ուր զե­տե­ղո­ւած կ’ըլ­լան խնամ­քով, ճոխ ճա­շա­տե­սակ­ներ եւ ա­նու­շե­ղէն­ներ՝ պատ­րաս­տո­ւած Հ.Կ.­­­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ:
Այ­ցե­լու­նե­րը ա­ռի­թը ու­նե­ցան ա­ռատ եւ հա­մեղ ա­ղան­դեր­նե­րը տեղ­ւոյն վրայ համ­տե­սե­լու, ճա­շա­կե­լու եւ բա­րե­կամ­նե­րով ժա­մա­նակ անց­նե­լու սե­ղան­նե­րու շուրջ նստե­լով, գա­ւաթ մը գի­նիով ու զո­ւարթ մթնո­լոր­տի մէջ ու­րախ ժա­մեր անց­նե­լու:

***

«­Սի­րոյ ­­Պա­զա­րը» հայ­կա­կան ճա­շե­րու եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու մա­տու­ցու­մէն ան­դին, այ­ցե­լու հայ թէ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի եւ գոր­ծակ­ցու­թեան ար­ժէ­քին փաս­տը կու տայ, միու­թեան բա­րե­սի­րա­կան ու հա­յակրթա­կան ծրա­գիր­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու անհ­րա­ժեշտ հա­սոյ­թը ա­պա­հո­վե­լով:
«­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ի հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը ար­դիւնք է Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու՝ ­­Գո­քի­նիոյ «­­Սօ­սէ», ­­Ֆիք­սի «­­Ռու­բի­նա», ­­Գա­րէա-­­Կե­սա­րիա­նիի «Աղ­թա­մար», Ա­թէն­քի «­­Ծո­վի­նար» եւ ­­Ֆա­լի­րո­յի «­­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քին։
­­Փոր­ձա­ռու կա­պոյտ­խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րը զօ­րա­ւոր կամ­քով ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ կը կա­տա­րեն գոր­ծը՝ լա­ւա­պէս գի­տակ­ցե­լով, թէ ­­Պա­զա­րը իւ­րա­յա­տուկ այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է, ո­րու մի­ջո­ցաւ պի­տի գո­յա­նան անհ­րա­ժեշտ գու­մար­նե­րը՝ Հ. Կ. ­­Խա­չի կրթա­կան, բա­րե­սի­րա­կան, խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, ճիգ չի խնա­յո­ւիր, որ­պէս­զի պահ­պա­նո­ւի սե­ղան­նե­րուն վրայ հա­րուստ այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, ըն­տիր ո­րա­կը եւ ըն­կե­րա­յին ջերմ մթնո­լոր­տը։
­­Հարկ է նշել, թէ ­­Պա­զա­րի յա­ջո­ղու­թեան կը նպաս­տեն մեր բո­լոր ան­հատ­նե­րու եւ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու նուի­րա­տո­ւու­թիւն­նե­րը, ա­ռանց ո­րոնց ներդ­րու­մին, դժո­ւար պի­տի ըլ­լար ա­մէն այս հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քի ի­րա­գոր­ծու­մը: Յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան վա­ճա­ռա­կան ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ ան­հատ հայ­րե­նա­կից­ներ հո­վա­նա­ւոր դար­ձան «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ին, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան դի­մու­մին։ Մեծ թի­ւով նիւ­թեր եւ ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ սի­րա­յօ­ժար նո­ւի­րո­ւե­ցան ա­նոնց կող­մէ:
Կ­’ար­ժէ նշել, թէ ա­նոնց­մէ շա­տեր տա­րի­նե­րէ ի վեր միշտ սա­տար կը կանգ­նին ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­Խա­չի աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Առ ի շնոր­հա­կա­լու­թիւն, պա­զա­րի մուտ­քին զե­տե­ղո­ւած էր յատ­կա­պէս պատ­րաս­տո­ւած պաս­տառ մը նո­ւի­րա­տու­նե­րու ա­նուն­նե­րով: ­­

***

Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ը ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ու­ժին։ ­­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րու եւ ան­դա­մու­հի­նե­րու եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քին, ա­նոնց սի­րոյ ու նո­ւի­րու­մի զգա­ցում­նե­րուն դրսե­ւո­րումն է, ո­րուն ար­դիւն­քը կ­­՚ըլ­լայ կեդ­րո­նա­կան այս ձեռ­նար­կը։ ­­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ի­րենց ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քին ու նո­ւի­րու­մին հա­մար։

 

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք

Հ. Կ. ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թիւ­նը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ին հո­վա­նա­ւոր դար­ձած անհատներուն եւ հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք դրամական յատկացում կատարելով, կամ նիւ­թա­պէս ա­ջակ­ցե­լով եւ մեծ թի­ւով ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ նո­ւի­րե­լով՝ մեծապէս սատարեցին մեր ձեռնարկի յաջողութեան:

***
­­Մեր ան­կեղծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ո­րոնց աշ­խա­տան­քով կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել այս հսկայ աշ­խա­տան­քը։
Ա­միս­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի եւ նո­ւի­րո­ւմի ար­դիւնքն է, որ վա­յե­լե­ցինք բո­լորս։
­Մեծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն՝ բո­լոր հայ եւ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք ան­գամ մը եւս այ­ցե­լե­ցին եւ քա­ջա­լե­րե­ցին մեր պա­զա­րը։
­­Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

Հ. Կ. ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ