Հ. Կ. ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կա­մա­ւոր ու ջա­նա­դիր
աշ­խա­տան­քին ար­գա­սի­քը՝ «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը» հայ­կա­կան
ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հան­դի­սադր­ման գե­ղե­ցիկ ձեռ­նարկ է

 

Եր­կու ա­միս տե­ւո­ղու­թեամբ ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն տա­րած ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քը ­Կի­րա­կի՝ 1 Ապ­րիլ 2018ի ե­րե­կո­յեան հա­սաւ իր ա­ւար­տին՝ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւե­լով եւ գո­հա­ցում տա­լով բո­լոր նո­ւի­րեալ­նե­րուն, ո­րոնք վա­յե­լե­ցին ի­րենց աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը:
Պա­զա­րի նա­խոր­դող օ­րե­րուն, Հ. Կ. ­Խա­չի դի­մա­տետ­րին ընդ­մէ­ջէն կա­տա­րո­ւած քա­րոզ­չա­կան ար­շա­ւի ծի­րէն ներս, պա­զա­րի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քին, հարց տրո­ւե­ցաւ ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ Հ. Կ. ­Խա­չը ի­րենց հա­մար։
Ա­նոնք, ի մի­ջի այ­լոց, ը­սին՝

*Հ. Կ. ­Խա­չը միշտ պատ­րաստ է օգ­նու­թեան հաս­նե­լու՝ Ար­ցա­խի պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով որ­բա­ցած փոք­րե­րուն եւ բա­րո­յա­կան ու նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն տա­լու Ար­ցա­խի հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն:
*­Պատ­րաստ է՝ իր ա­րիւ­նի պա­հես­տը տրա­մադ­րե­լու, ա­րեան կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րուն:
*­Պատ­րաստ է՝ իր նիւ­թա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը բե­րե­լու յու­նա­հա­յո­ւեան ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րուն եւ հայ ա­շա­կերտ­նե­րուն, որ­պէս­զի բո­լորն ալ ա­ռի­թը ու­նե­նան հա­յե­ցի կրթու­թիւն ստա­նա­լու:
*­Պատ­րաստ է՝ իր նիւ­թա­կան նպաս­տով ա­մո­քե­լու հայ կա­րի­քա­ւոր­նե­րը եւ ա­նոնց կեան­քին հոգ տա­նե­լու:

Բո­լոր այս պա­տաս­խան­նե­րուն մի­ջո­ցաւ, մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը կ­՚ա­պա­ցու­ցա­նեն ի­րենց հա­ւատ­քը՝ Հ. Կ. ­Խա­չի նպա­տա­կին նկատ­մամբ, ինչ որ կը փաս­տո­ւի ի­րենց կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քով ու եր­կար տա­րի­նե­րու նո­ւի­րա­բե­րու­մով:
Ա­ռանց ընկր­կու­մի, ա­ռանց գան­գա­տի, այլ խան­դա­վառ ու բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ՝ մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը ի­րենց կեան­քին մէկ բա­ժի­նը դար­ձու­ցած են ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը, ո­րու նպա­տակ­նե­րուն ծա­ռա­յե­լով՝ ա­նոնք մաս­նա­կից կը դառ­նան մեր գա­ղու­թի եւ ընդ­հան­րա­պէս հա­յակր­թու­թեան ու հա­յա­պահ­պան­ման հսկա­յա­կան գոր­ծին։
Ինչ­պէ՛ս ու­րա­խու­թեան, խան­դա­վա­ռու­թեան, գո­հու­նա­կու­թեան, հպար­տու­թեան զգացում­նե­րը չլեց­նէին ա­մէն մէկ ըն­կե­րու­հիի սիր­տը՝ տես­նե­լով մեծ թի­ւով այ­ցե­լու օ­տար թէ հայ բա­րե­կամ­նե­րը, ո­րոնք հե­տաքրք­րու­թեամբ եւ ու­րա­խու­թեամբ կը պտտէին ու գնում­ներ կը կա­տա­րէին պա­զա­րին:
Ա­հա՛ հիաց­մուն­քի ար­ժա­նի՝ «կա­մա­ւո­րու­թիւն» բա­ռի խո­րին նշա­նա­կու­թիւնն ու ի­մաս­տը, զորս իւ­րա­ցու­ցած են Հ. Կ. ­Խա­չի հա­րիւ­րա­ւոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը։

***

Այս տա­րո­ւան «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ Ա­թէն­քի ­Զա­փիո­յի «Էղ­լի» ըն­դար­ձակ սրա­հին մէջ, ­Կի­րա­կի՝ 1 Ապ­րիլ 2018ին, առ­տո­ւան ժա­մը 11էն մին­չեւ ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։ ­Մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կո­ւած փայ­լուն ձեռ­նարկ մըն էր, ո­րուն ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Հ. Կ. ­Խա­չի բա­րե­կամ­նե­րը եւ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ ջեր­մա­ցու­ցին պա­զա­րի սրա­հը, ի­րենց գործ­նա­կան ա­ջակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն ու ծրա­գիր­նե­րուն։
Այս տա­րի եւս «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը կը վա­յե­լէր ­Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին տի­կին ­Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
«Սիրոյ ­Պա­զա­ր»ը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք.  Խա­չե­րեան, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան, Հ.Յ.Դ.  Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան, մեր գա­ղու­թի միու­թիւն­նե­րու վար­չա­կան­ներ ու ան­դամ­ներ: Ներկայ էր նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պան պրն. ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի կո­ղա­կի­ցը՝ տի­կին Ան­նա ­Չար­չօղ­լեան:
«­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին ներ­կայ ե­ղան նաեւ յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան կեան­քի պաշ­տօ­նա­տար անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ՝ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ-խօս­նակ ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նիս եւ տնտե­սու­թեան նախ­կին նա­խա­րար ­Կի­քաս ­Խար­տու­վե­լիս:
«­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը» հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու հան­դի­սադր­ման գե­ղե­ցիկ ձեռ­նարկ մըն է։
Բազ­մա­կող­մա­նի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը միայն հայ­կա­կան ճա­շե­րու եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման ու մա­տուց­ման պա­զար մը չէ, այլ շատ ա­ւե­լին կը փո­խան­ցէ կա­մա­ւոր խա­չու­հի­նե­րուն եւ այ­ցե­լու հայ թէ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն։ «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը» ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի տա­րե­կան գոր­ծու­նէու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տը կը կազ­մէ, իր նա­խա­պատ­րաս­տա­կան շրջա­նի եր­կար տե­ւո­ղու­թեամբ, ցու­ցադ­րո­ւած ապ­րանք­նե­րու քա­նա­կու­թեամբ եւ ո­րա­կով ու գո­յա­ցած ե­կա­մու­տով։
Ըն­դար­ձակ սրա­հին մէջ, ճոխ սե­ղան­ներ զե­տե­ղո­ւած էին, ո­րոնց վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւած էր ըն­տիր ապ­րան­քա­տե­սա­կը։
Հայ­կա­կան գի­նի­ներ ու քո­նիակ­ներ, չոր միր­գեր, հայ­կա­կան հա­մեղ ճա­շեր, ա­նու­շե­ղէն­ներ, զար­դեր, տնա­յին ի­րեր, փոք­րե­րու եւ մե­ծա­հա­սակ­նե­րու հա­գուս­տե­ղէն­ներ, կնո­ջա­կան վզնոց­ներ ու մա­տա­նի­ներ, տար­բեր գո­հա­րե­ղէն­ներ, ե­ւայլն:
Ա­ռանձ­նա­ցո­ւած եւ ու­շագ­րաւ սե­ղա­նի մը վրայ զե­տե­ղո­ւած էին ա­նու­շե­ղէն­ներ ու շո­քո­լա­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն յատ­կա­պէս բե­րո­ւած ընկ. Ա­լիս Աթ­թա­րեա­նի ձե­ռամբ, որ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին  Վար­չու­թեան դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով՝ սի­րով փո­խադ­րեց զա­նոնք, որ­պէս­զի հայ­րե­նի­քի հա­մը եւ բոյ­րը զգա­լի ըլ­լայ մեր պա­զա­րին: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք ըն­կե­րու­հիին:
Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը միշտ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կող­քին ըլ­լա­լով՝ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ու ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թիւն­նե­րուն յատ­կա­ցու­ցած էին յա­տուկ սե­ղաններ, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գիր­քեր, ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ներ եւ շա­պիկ­ներ կը ծա­խէին ու պա­տա­նի­նե­րը՝ ի­րենց ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­նե­րը։
Ա­ւե­լորդ է ը­սել, թէ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւ­նը սրա­հէն ներս յա­ւե­լեալ ե­ռանդ, փայլ ու ո­գե­ւո­րու­թիւն ներշն­չեց ներ­կա­նե­րուն:
Շատ մեծ թի­ւով ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ նո­ւի­րո­ւած էին պա­զա­րի հո­վա­նա­ւոր դար­ձած յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար ըն­դա­ռա­ջե­ցին Հ. Կ. ­Խա­չի Շրջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան դի­մու­մին։
Այս տա­րի եւս «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին ի­րենց նո­ւէր­նե­րը տրա­մադ­րե­ցին վա­ճա­ռա­կան մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք տա­րի­նե­րէ ի վեր միշտ սա­տար կը կանգ­նին Հայ Կա­պոյտ ­Խա­չի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ (­Նո­ւի­րա­տու հայ եւ յոյն վա­ճա­ռա­կան­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կը լոյս կ­’ըն­ծա­յենք ա­ռան­ձինն՝ շնոր­հա­կա­լի­քով)։

Քա­րոզ­չա­կան լայն աշ­խա­տանք

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, յոյն այ­ցե­լու­նե­րու մեծ թիւ մը՝ հա­ւա­տա­րիմ սի­րա­հա­րը դար­ձած է հայ­կա­կան այս ձեռ­նար­կին եւ ա­մէն տա­րի ներ­կայ կը գտնո­ւի «­Սի­րոյ ­Պա­զա­րին»։ Ընդ­հան­րա­պէս, այս զան­գո­ւա­ծի ներ­կա­յու­թիւ­նը կա­րե­լի ե­ղած է յա­ջողց­նել թէ՛ անձ­նա­կան հրա­ւէր­նե­րու եւ բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ, բայց նա­՛եւ յու­նա­կան թեր­թե­րու եւ հա­մա­ցան­ցին ընդ­մէ­ջէն կա­տա­րո­ւած քա­րոզ­չու­թեան շնոր­հիւ:
Այս տա­րո­ւան քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ մեր հայ­րե­նա­կից լրագ­րող Գ­րի­գոր ­Չա­քի­ճեան, որ լրա­տո­ւա­կան մեծ թի­ւով կայ­քե­րու մի­ջո­ցաւ յայ­տա­րա­րեց ու ծա­նօ­թա­ցուց «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը ու իր ներ­կա­յու­թեամբ քա­ջա­լե­րեց սոյն աշ­խա­տան­քը:
Նաեւ՝ Հ. Կ. ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­ներ Ազ­նիւ եւ ­Մա­րի Ա­ճէ­մեան­նե­րուն ծա­նօ­թու­թեան շնոր­հիւ, այս տա­րի կա­րե­լի ե­ղաւ ե­լոյթ ա­պա­հո­վել հե­ռա­տե­սի­լի Alpha կա­յա­նի՝ Ս­թա­մա­թի­նա ­Ցիմ­ցի­լիի Happy Day յայ­տագ­րէն, ո­րու ար­տադ­րիչ­նե­րէն մէկն է մեր հայ­րե­նա­կից ­Գէորգ ­Տէր-­Սար­գի­սեան:
Հ. Կ. ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­ներ՝ ­Մե­րի ­Ծե­րո­նեան եւ Ազ­նիւ Ա­ճէ­մեան ներ­կայ ե­ղան ու­ղիղ հա­ղոր­դու­մի պա­հուն, ցու­ցադ­րե­ցին հայ­կա­կան ճա­շա­տե­սակ­նե­րը, ո­րոնք պի­տի վա­ճա­ռո­ւէին պա­զա­րին եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւին Հ. Կ. ­Խա­չի բա­րե­սի­րա­կան նպա­տակ­նե­րուն եւ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնց մի­ջամ­տու­թեամբ մեծ ար­ձա­գանգ ու­նե­ցաւ Հ. Կ. ­Խա­չի «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը:
Քա­րոզ­չու­թեան աշ­խա­տան­քի ծի­րէն ներս լայն ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծո­ւե­ցան յատ­կա­պէս հա­մա­ցան­ցա­յին դի­մա­տետ­րի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:
Քա­րոզ­չու­թիւ­նը ե­ղաւ նաեւ «Ա­զատ Օր»ի կայ­քէ­ջի եւ թեր­թի մի­ջո­ցաւ:

Հ. Կ. ­Խա­չի հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու աշ­խա­տան­քը

Ծա­նօթ է բո­լո­րին, թէ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի հսկա­յա­կան աշ­խա­տան­քը ար­դիւնք է Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին եւ հինգ տե­ղա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու՝ ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ», ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա», ­Գա­րէա­յի «Աղ­թա­մար», Ա­թէն­քի «­Ծո­վի­նար» եւ ­Ֆա­լի­րո­յի «­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ան­դա­մու­հի­նե­րուն հա­մա­խումբ աշ­խա­տան­քին։
Տա­րո­ւէ տա­րի նոր ան­դա­մու­հի­ներ եւ ե­րի­տա­սարդ ու­ժեր կու­գան միա­նա­լու փոր­ձա­ռու կա­պոյտ խա­չեան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ նոյն հա­ւատ­քով, նոյն զօ­րա­ւոր կամ­քով ու նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեամբ կը կա­տա­րեն գոր­ծը՝ լա­ւա­պէս գի­տակ­ցե­լով, թէ պա­զա­րը իւ­րա­յա­տուկ այն նա­խա­ձեռ­նու­թիւնն է, ո­րու մի­ջո­ցաւ պի­տի գո­յա­նան անհ­րա­ժեշտ գու­մար­նե­րը՝ Հ. Կ. ­Խա­չի կրթա­կան-բա­րե­սի­րա­կան-խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար։ Այս պատ­ճա­ռով ալ, ճիգ չի խնա­յո­ւիր, որ­պէս­զի պահ­պա­նո­ւի սե­ղան­նե­րուն վրայ հա­րուստ այ­լա­զա­նու­թիւ­նը, ըն­տիր ո­րա­կը եւ ըն­կե­րա­յին ջերմ մթնո­լոր­տը։
«­Պա­զա­րի» յա­ջո­ղու­թեան կը նպաս­տէ սրա­հին մէջ գոր­ծող յա­տուկ ժա­մադ­րա­վայ­րը, ուր այ­ցե­լու­նե­րուն պտու­ղի հիւթ, գի­նի եւ ա­ղան­դեր­ներ կը հրամցուին, պատ­րաս­տո­ւած Հ. Կ. ­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն կող­մէ:
Հա­մեղ ու խնա­մո­ւած, ճոխ պնակ­նե­րը ա­րա­գօ­րէն կը սպա­ռին միշտ, սե­ղան­նե­րուն շուրջ բո­լո­րո­ւած ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, ո­րոնք զո­ւարթ ու բա­րե­կա­մա­կան մթնո­լոր­տի մէջ կը վա­յե­լեն գե­ղե­ցիկ պա­հը։
Չա­փա­զան­ցու­թիւն չ­’ըլ­լար ե­թէ ը­սենք, թէ Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր ար­տա­յայ­տու­թիւնն է կա­մա­ւոր աշ­խա­տան­քի ու­ժին։ ­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րու եւ ան­դա­մու­հի­նե­րու եր­կա­րա­շունչ աշ­խա­տան­քին, ա­նոնց սի­րոյ ու նո­ւի­րու­մի զգա­ցում­նե­րուն դրսե­ւո­րումն է, ո­րուն ար­դիւն­քը կ­՚ըլ­լայ կեդ­րո­նա­կան այս ձեռ­նար­կը։ Ան­կախ թէ ո՛ր ձե­ւը կ­՚ընտ­րէ ա­մէն մէ­կը իր ծա­ռա­յու­թիւ­նը մա­տու­ցե­լու հա­մար, ան­դա­մու­հի­նե­րու փո­խազ­դե­ցու­թիւ­նը եւ ա­նոնց շի­նիչ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը հո­գե­կան զօ­րա­ւոր բա­ւա­րա­րու­թիւն կը ստեղ­ծեն եւ կը միախմ­բեն բո­լո­րը միու­թեան շուրջ։
Վարձ­քը կա­տար բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ի­րենց ան­սա­կարկ աշ­խա­տան­քին ու նո­ւի­րու­մին հա­մար։

Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին Վարչութիւն

Շ­նոր­հա­կա­լա­կան խօսք
Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ին հո­վա­նա­ւոր դար­ձած հայ­կա­կան եւ յու­նա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք մեծ թի­ւով ապ­րան­քա­տե­սակ­ներ նո­ւի­րե­ցին պա­զա­րին՝ սի­րա­յօ­ժար ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին  Վար­չու­թեան դի­մու­մին, տրա­մադ­րե­լով ի­րենց ապ­րանք­նե­րը։
Ս­տո­րեւ՝ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու ա­նո­ւա­նա­ցան­կը.-
— MIRAN — ­Միհ­րան ­Կիւ­րիւն­լեան ըն­կե­րու­թիւն
— ΟΒΑΚΙΜΙΑΝ ΑΒΕΕ — ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան ըն­կե­րու­թիւն
— MST — Ταστσιάν ΑΒΕΕ — Ս­տե­փան ­Շեմ­մաս
— ԳԱՐԱՄԱՆԵԱՆ ՍՈՆԻԱ
— STAMP SYSTEM — Ա­րամ ­Պե­քե­րէ­ճեան
— ΟΛΥΜΠΟΣ Ταχίνι
— DECOREX — ΑΦΟΙ Σπυρόπουλοι
***
Նաեւ՝ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ հե­տե­ւեալ հայ­րե­նա­կից­նե­րը սա­տա­րե­ցին ­Պա­զա­րի յա­ջո­ղու­թեան։
— ՄԱՐԱԼ ԾԵՐՈՆԵԱՆ
— ΜΑΡΙ-ΜΑΜ-ΜΙΑ-ΑΦΟΙ ΜΧΙΤΑΡΙΑΝ ΟΕ Εργαστήριο
  Χειροποίητων Τροφίμων
— ΑΒΑΚΙΑΝ ΑΡΑΜ 
— ΝΩΕ — Εργαστήριο Χειροποίητων Γεύσεων 
— QUALITY WINES — ՏԱՆԻԷԼ ԱԲԻԿԵԱՆ
— ԳԱՍԱՐՃԵԱՆ ՊԵՏՐՈՍ
— KABA MAGIC – Μαντζακόπουλος Αντώνης
— Συνεταιριστική Οινοποιία Ηπείρου Α.Ε. 
***
Մեր ան­կեղծ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն, ո­րոնց աշ­խա­տան­քով կա­րե­լի ե­ղաւ ի­րա­գոր­ծել այս հսկայ աշ­խա­տան­քը։ Ա­միս­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քի եւ նո­ւի­րո­ւա­ծու­թեան ար­դիւնքն է, որ վա­յե­լե­ցինք բո­լորս։
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր հայ եւ յոյն մեր բա­րե­կամ­նե­րուն, ո­րոնք ան­գամ մը եւս այ­ցե­լե­ցին եւ քա­ջա­լե­րե­ցին մեր պա­զա­րը։
Վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։
Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւն
Յա­ւե­լեալ նկար­նե­րու հա­մար դի­տել Հ. Կ. ­Խա­չի դի­մա­տետ­րի է­ջը՝ Armenian Blue Cross Greece