Շ. Է.
Հայ Կապոյտ Խաչի «Ծովինար» մասնաճիւղին Վարչութիւնը 2017ի Յունիս 4ին ամբողջացուց իր գարնանային պտոյտներու շարքը՝ այցելելով Պելոպոնէսի Ախայիա Նահանգի «Սինեվրօ» գիւղի դրախտանման մէկ վայրը, որ պտոյտի համար յարմարագոյն վայր մը ըլլալէ անդին՝ հայերուս համար տարբեր հանգամանք մը եւս ունի. հոգեկան կապ մը, որովհետեւ հոն կը գտնուի հայկական ճարտարապետական ոճով կառուցուած հայկական Ս. Խաչ մատուռը՝ իր յարակից բաժիններով, որ սեփականութիւնն է ծանօթ հայ արուեստագէտ Մարտիկ Մանիկեանի:
Առաջին անգամը չէ, որ կ՚այցելենք Սինեվրօ. ամէն անգամ ալ, սակայն, կը հիանանք եւ կը լիցքաւորուինք անոր լեռնային, պէսպիսուն բնութեան գեղեցկութեամբ:Մէկ կողմէ լեռնային սլացիկ ծառեր, միւս կողմէ բերքառատ պտղատու ծառեր, ակնախտիտ կեռասենիներ, ընկուզենիներ, բազմերանգ լեռնային բիւր ծաղիկներ, խոր կիրճին մէջէն թռչուններու դայլայլը «խանգարող» որոտաձայն գահավիժող ջրառատ գետ մը եւ, այս պաստառին վերջին վրձինը տուող, քարաշէն Ս. Խաչ մատուռը, կ՚ամբողջացնեն բնութեան հրաշագեղ համայնապատկերը:
Այսպէ՛ս, երկրէն ներս տիրող տնտեսական անձուկ պայմաններու լոյսին տակ, բացառիկ պարագայ մը պէտք է նկատել, որ Հ. Կ. Խաչի «Ծովինար» մասնաճիւղի Վարչութիւնը անդուլ ճիգերով,կարողացաւ հարիւր հոգի մէկտեղել, բաղկացած խաչուհիներէ, համակիրներէ եւ բարեկամներէ, ԱԹէնքէն, Ֆիքսէն ու Գոքինիայէն եւ Կիրակիի առաւօտեան ժամերուն, երկու ինքնաշարժներով, ճամբայ ելանք դէպի մեր ժամադրավայրը, բարձր եւ ուրախ տրամադրութեամբ:
Ճանապարհին՝ վարչական ընկերուհիներ բարի գալստեան եւ շնորհակալական ջերմ խօսքերով դիմաւորեցին մեզ ,եւ կարգ մը հետաքրքրական, նախապատրաստական տեղեկութիւններ տուին մեր այցելելիք վայրին մասին:
Կարելի չէր, անշուշտ, որ մօտաւորապէս երեք ժամուան ճանապարհորդութեան մը ընթացքին կանգառ մը չընել եւ սուրճ մը կամ զովացուցիչ մը չըմբոշխնել… շարունակելու համար մեր երթը։
Դարձ-դարձիկ ճամբաներ եւ դժուար անցանելի, կանաչի մէջ խեղդուած կածաններ կտրելով՝ վերջապէս հեռուէն տեսնուեցաւ Ս. Խաչ մատուռը, կանաչազարդ բլրան կողին, մենաւոր սակայն տիրող, որով մեր սրտերը գրաւող սքանչելի տեսարան մը պարզուեցաւ մեր աչքերուն առջեւ…: Քիչ ետք արդէն հասանք մեր ժամադրավայրը, ուր գեղեցիկ անակնկալներու դէմ յանդիման գտնուեցանք: Համալիրը օժտուած էր յաւելեալ զոյգ ազգագրական թանգարաններով եւ այլ յարակից կառոյցներով:
Պրն. Մանիկեան սիրալիր ընդունեց մեզ եւ առաջնորդեց դէպի զոյգ թանգարանները:
Թանգարաններէն մին կը ցուցադրէր հարիւր տարիներ առաջ հացի պատրաստութեան եղանակը, գործածուած կազմածները, գործիքները, ցորենի ցանքէն մինչեւ ջաղացքարը, յանգելու համար վերջին փուլին՝ հանապազօրեայ հացին, որուն պատրաստութեան աշխատանքին մեծագոյն բաժինը կը ծանրանար կնոջ ուսերուն վրայ, ինչպէս եզրափակեց մեզի բացատրութիւններ տուող օրիորդը…:
Երկրորդ թանգարանը հին, նահապետական ընտանիքի մը ապրելակերպը պատկերացնող բնակարանն էր: Ճաշասեղանը իր սպասներով եւ սարքերով. ննջասենեակը՝իր ժանեկաւոր զարդերով. նստասենեակը՝ գորգերով ծածկուած բազմոցով. «սուփրա»յով եւ այլ իրերով, որոնք երանութեամբ մեր մեծ մայրիկները եւ անոնց գործածած տնային իրերը յիշեցուցին մեզի…:
Խոր տպաւորութիւն եւ հիացում առթեցին մեր բոլորին համալիրի նորաշէն ընդունելութեան սրահի կահաւորումը եւ յարդարանքը, որոնք կը ցոլացնէին արուեստագէտին իւրայատուկ արուեստի ճաշակը, հնարամտութիւնը եւ յոգնատանջ աշխատանքը…: Պռաւօ՜ իրեն:
Մեր բոլոր տեսածներէն վեր եւ աւելի, մեր փափաքն էր եւ անհամբերութիւնը՝ ծունկ մը աղօթք մրմնջելու Աստուածամօր Ս. Սեղանին առջեւ: Ակնածանքով եւ հաւատարծարծ, մտանք մատուռ եւ«Հայր Մեր»ը մրմնջեցինք խոնարհ եւ յուզումով երգեցինք «Տէր Ողորմիա»ն եւ «Ս. Աստուած»ը: Իսկապէս պահը խորհրդաւոր էր եւ երկիւղած:
Համալիրին ամենանշանաւոր կէտը կիրճի լերան լանջին գտնուող բարձրադիր փայտաշէն հարթակն է, ուրկէ կարելի է վայելել, ըմբոշխնել վայրին համայնապատկերը: Ուստի դէպի զառիվայր արահետէ մը իջնելով եւ անցնելով թռչնազգիներու եւ այլ կենդանիներու յատկացուած հետաքրքրաշարժ պարտէզէն, հասանք սարսափազդու կիրճին բարձրադիր հարթակին, ուրկէ դիտեցինք 600 մեթրէն ջրվիժող աղմկարար գետը եւ վայելեցինք մեր աչքերուն առջեւ պարզուող արարչութեան հրաշագեղ համայնապատկերը…:
Պէտք է Խոստովանիլ, թէ ակամայ թողուցինք հոգին ու միտքը անդորրող տեսարանը, բռնելու համար վերադարձի զառիվերը եւ յոգնած ու պարտասած, սակայն գոհունակ, հասանք ճաշարան, ուր ճաշեցինք մտերմիկ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ:
Օգտաշատ, հոգեշահ ձեռնարկ մըն էր. մեր առօրեայէն դուրս, բնութեան ծոցին մէջ անսովոր, աղուոր օր մը անցընելու պատեհ առիթ մը: Մեծ պռաւօ՜ մը «Ծովինար» մասնաճիւղի Վարչութեան, որ ճիգ չէր խնայած եւ ջանադիր եղած էր մեզ գոհ ձգելու աւելիով: Չենք կրնար մերշնորհակալութիւնը չյայտնել իրենց կողմէ պատրաստուած երկեփուկներով, շօթերով եւ անուշեղէններով շատ ճոխ հիւրասիրութեան համար: Իրենց ձեռքերը դալար:
Ամէն ինչ լաւ էր, կատարեալ, լաւ կազմակերպուած: Սակայն միջանկեալ յարմար կը նկատենք նշելու, թէ նման ձեռնարկներու ընթացքին փափաքելի է եւ նպատակայարմար, որ լսուին նաեւ եւ մանաւանդ հայկական երգեր, ձեւով մը ստեղծելով հայկական ընկերային ջերմ մթնոլորտ, որ կապէ մասնակցողները իրարու եւ ա՛յդ է արդէն, գլխաւորաբար, կազմակերպուած պտոյտներուն բուն եւ խորքային իմաստը՝ նպատակը:
Բայց ամէն ինչ վերջ մը ունի. ժամանակը շատ դիւր սահեցաւ: Արեւուն կիզիչ ճառագայթները իրենց տեղը տուին յետմիջօրէի լեռնային սիւքի քնքշութեան եւ մենք կամայ թէ ակամայ բռնեցինք վերադարձի ճամբան՝ մեր ետին թողնելով կանաչը, ջուրերը, մաքուր օդը, մատուռը:
Վերադարձին, մեր կանգառը«Քսիլոքասթրօ»ն էր, ուր ծովափնեայ սրճարանի մը մէջ, ծովի ալիքներուն ճողփիւնի երգով, շատեր ըմպեցին իրենց սուրճը, ուրիշներ՝վայելեցին լայնատարած ծովը, ծովեզերեայ պտոյտով մը…:
Շարունակելով մեր ճանապարհը՝ կամաց- կամաց մօտեցանք ծուխին, ապականութեան, քաղաքին, մեր առօրեային եւ ուշ գիշերին հասանք մեր վերջին կանգառը՝ գոհ եւ բաւարարուած, որ հեռու այս բոլորէն հաճելի, անփոյթ եւ օգտաշատ օր մը անցուցած էինք:
Շնորհակալութիւններ եւ շնորհաւորութիւններ «Ծովինար» մասնաճիւղի Վարչութեան բոլոր անդամներուն, որոնք մեզի ընծայեցին այս գեղեցիկ փորձառութիւնը եւ հաճելի օրը: իրենց վարձքը կատար: Հետագային, ամառնային ծովագնացութիւններ ալ կ՚ակնկալենք…: