Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը Երկուշաբթի, 23 Յունուար 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս գումարեց միջվարչական ժողով, որու ընթացքին կտրեց ամանորի գաթան:
Ժողովը առաջին հերթին, յոտնկայս լռութեամբ յարգեց յիշատակը վերջին ամիսներուն մեզմէ առ յաւետ բաժնուած ընկերուհիներուն։
Ապա, Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ.հի Լիզա Աւագեան շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով առողջութիւն եւ անձնական ու ազգային յաջողութիւններ:
Իր խօսքին մէջ լայն անդրադարձ կատարեց ու տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի մէջ տիրող լուրջ կացութեան մասին, որը յառաջ եկաւ Ատրպէյճանի կողմէ Բերձորի շրջափակումով ու մաղթեց շուտով բացուի միջանցքը եւ վերականգնուի Հայաստանի հետ կապը:
Յաջորդաբար, հրաւիրեց վաստակաւոր ընկերուհի Զարմինէ Քիւրտօղլեան ամանորի գաթան կտրելու եւ իր մաղթանքի խօսքը ուղելու։
Անցնելով ժողովի օրակարգերուն ընկ.հի ատենապետուհին մանրամասն զեկոյց մը տուաւ վարչութեան ծրագրած ապագայ գործունէութեան մասին: Նաեւ մասնաճիւղերու վարչութիւնները իրենց կարգին զեկուցեցին իրենց ծրագիրներուն շուրջ:
Ապա, ժողովը զբաղեցաւ յատկապէս 2023-ի Սիրոյ Պազարի կազմակերպչական հարցերով։
Յայտարարուեցաւ, թէ Սիրոյ Պազարը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 2 Ապրիլին, «Ինթերքոնթինենթալ» հիւրանոցին մէջ: Սիրոյ Պազարը՝ թէեւ միութեան ամէնէն դժուար ձեռնարկներէն մէկն է, բոլոր ընկերուհիները համախմբուած ու աշխուժութեամբ կը գործեն, գիտակցելով ձեռնարկի անհրաժեշտութիւնը:
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն հաճելի ու ընկերային մթնոլորտի մէջ: