«Սիրոյ Պազար»ի առկախման պատճառով, Շաբաթ՝ 30 Մայիս 2020ի երեկոյեան, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած mini bazaarը:
Վարչութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք արգելափակման ընթացքին գնումներ ընելով ու mini Bazaarին օրը ակումբ այցելելով՝ քաջալերեցին միութեան աշխատանքը:
Նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն, որոնք անգամ մը եւս իրենց օժանդակութեամբ սատարեցին միութեան գործունէութիւնը:
Այս առիթով՝ տեղեկացնենք բոլոր փափաքողներուն, թէ ակումներուն մէջ տրամադրելի է մանթըներու եւ պանիրով պէօրէկներու քանակութիւն մը:
Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութիւն