Սեպտեմբերը դպրոցական վերամուտի ամիս է, ակմբային ու ժողովական կեանքի վերաշխուժացման եւ միութենական աշխատանքներու ծրագրումի ամիս:
Բարի եւ յաջող աշխատանքներով լի տարեշրջանի մաղթանքներ կ՚ուղղենք քոյր միութիւններուն ու բոլոր հայրենակիցներուն:
Բարի, ուրախ վերամուտ՝ Հայ Կապոյտ Խաչի վարժարաններու մեր սիրելի աշակերտներուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ծնողներուն:
Հմայիչ է գիտելիքներու եւ գիտութեան գանձարանը, որուն մեր փոքրիկները կը ծանօթանան դպրոցին մէջ: Հայկական վարժարանին մէջ մեր հայորդիները իրենց թեւերը կը բանան դէպի ուսումի եւ գիտութեան աշխարհը եւ դպրոցի միջավայրին ու ամէնօրեային մէջ կը սորվին ըլլալ խումբի մը աշխոյժ անդամ՝ մարդկային ընկերութեան վարքագիծով:
հաւասիկ պահը կրկին հասաւ որ, ամառուան արձակուրդէն վերջ, մեր վարժարանները իբրեւ երկրորդ տուն, բանան իրենց գիրկը եւ մտերմիկ ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ գրկեն մեր գաղութի հայորդիները: Հայ լեզուին հմայքով թթուածին ներշնչեն մեր փոքրիկներուն ու պատանիներուն, հայոց պատմութիւնը սորվեցնեն անոնց, ազգային ինքնութիւն կերտեն ու պահպանեն:
Հայ դպրոցի ճառագայթը կը լուսաւորէ հայ սերունդներու սիրտն ու միտքը, զանոնք ամրացնելով ազնիւ հոգիով, ստեղծագործ մտքով եւ պայքարունակ ոգիով:
Հայ Կապոյտ Խաչի Ազգային մեր վարժարանները յունահայ գաղութի յառատեւման օրրանն են:
Կը կրթեն մեր զաւակները հայեցի դաստիարակութեամբ եւ համամարդկային արժէքներով:
Մեր դպրոցներուն մէջ է, որ հայ պատանին հպարտ կը զգայ իր ազգային պատկանելիութեամբ: Հպարտութիւն, որ զինք կ՚օժտէ զօրաւոր կամքով եւ վճռականութեամբ՝ իբրեւ անհատ զարգանալու, թիրախներ ունենալու եւ դառնալու համար ճիշդ քաղաքացի, իսկ իբրեւ հայ մարդ՝ ազգին ծառայելու:
Արարատ-Մասիսին հանդէպ սէրը, Հայաստան հայրենիքի համար պարծանքը, հայութեան իրաւունքներու Դատին հանդէպ յանձնառութիւնը կ՚արմատանան հայ աշակերտին հոգիին մէջ: Միաժամանակ՝ յունաց պատմութեան հանդէպ յարգանքը, Փարթէնոնին ոգեւորող հիացմունքը, տարբեր մշակոյթներու ներշնչող արժէքները, կը հարստացնեն իր մտասեւերումը իբրեւ մարդ քաղաքացի:
Ամէն մէկ հայ փոքրիկ բոլորիս համար գանձ մըն է, որ պէտք է վստահիլ հայ դպրոցին:
Բեղուն, ապահով, ուրախ դպրոցական տարեշրջանի մաղթանքներով՝
Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւն
Աթէնք, 11 Սեպտեմբեր 2023