Հ.Կ.­Խա­չի Ֆա­լի­րո­յի «­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը Չո­րեք­շաբ­թի՝ 23 Յու­նո­ւար 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, «­Բո­սի­տոն» հիւ­րա­նո­ցին մէջ, կազ­մա­կեր­պեց նա­խա­ճա­շի հա­ւա­քոյթ, ո­րու ըն­թաց­քին կտրեց մաս­նա­ճիւ­ղի ա­ւան­դա­կան Ա­մա­նո­րի գա­թան։ Ներ­կայ էին Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թիւ­նը, մաս­նա­ճիւղ­նե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը եւ մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դա­մու­հի­ներն ու բա­րե­կամ­ներ։
Հա­ւա­քոյ­թին բա­ցու­մը կա­տա­րեց վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Կիւ­րիւն­լեան Մայ­տա՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով Նոր Տա­րին եւ մաղ­թե­լով ան­հա­տա­կան ու միու­թե­նա­կան յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ներ­կա­նե­րուն։
Յե­տոյ՝ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Հ­րայր Աւ. Քհնյ.­Նի­կո­լեանը, որ օրհ­նեց գա­թան եւ փո­խան­ցեց օ­րո­ւան խօս­քը։
Ա­պա՝ ա­տե­նա­պե­տու­հին հրա­ւի­րեց բո­լո­րին ծա­նօթ եւ սի­րո­ւած դե­րա­սա­նու­հի Խ­րիս­տի­նա Ա­լեք­սա­նեա­նին, որ մեծ ու­րա­խու­թեանբ ըն­դա­ռա­ջած էր հրա­ւէ­րին։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ «Ան­ժէլ Քուր­թեա­նի տետ­րակ­ներ» թա­տե­րա­կա­նի ներ­կա­յաց­ման ար­ձա­նագ­րած բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թեան։
Թա­տե­րա­կա­նը հիւ­րա­խա­ղե­րով այ­ցե­լած է Յու­նաս­տա­նի 70 քա­ղաք­ներ եւ Կիպ­րոս ալ ու­նե­ցած է եր­կու ներ­կա­յա­ցում­ներ։Ան շեշ­տեց ժո­ղո­վուր­դի մեծ թի­ւին ներ­կա­յու­թիւ­նը, խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ հպար­տու­թիւ­նը՝ բո­լոր ներ­կա­յա­ցում­նե­րու ըն­թաց­քին։ Յայ­տա­րա­րեց, որ պի­տի շա­րու­նա­կէ ներ­կա­յա­ցում­նե­րը եւ Յու­նաս­տա­նի մէջ եւ ար­տա­սահ­ման։ Ապ­րիլ 24ին ծրագ­րած է եր­կու ներ­կա­յա­ցում­ներ՝ Փա­րի­զի մէջ։
Հա­ւա­քոյ­թը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ հա­ճե­լի մթնո­լոր­տի մէջ, հիւ­րա­սի­րու­թեամբ եւ զրոյ­ցով։ Հ.Կ.­Խա­չի քայ­լեր­գով փա­կո­ւե­ցաւ այս հա­ճե­լի ա­ռա­ւօ­տեան հա­ւա­քոյ­թը։

Թղ­թա­կից