Չորեքշաբթի, 16 Փետրուար 2022-ին տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի մասնաճիւղերու տարուան առաջին միջվարչական ժողովը, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահէն ներս:
Պսակաձեւ ժահրի համաճարակի պատճառով, առցանց zoom-ի միջոցաւ քանի մը ժողովներէ ետք, Խաչուհի ընկերուհիները վերջապէս առիթ ունեցան մօտէն զիրար հանդիպելու եւ միութեան յառաջիկայ գործունէութեան օրակարգը քննարկելու:
Ժողովի բացումէն ետք կտրուեցաւ Ամանորի գաթան, միութենական երեց ու հաւատարիմ ընկերուհիի՝ Պերճուհի Ունճեանի ձեռամբ:
Ապա, մասնաճիւղերու վարչութիւնները զեկուցեցին մինչեւ այսօր կատարած աշխատանքներուն ու յառաջիկայ գործունէութեան ծրագիրներուն մասին:
Յաջորդաբար, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ.հի Լիզա Աւագեան մանրամասնօրէն զեկուցեց ու լուսաբանութիւններ տուաւ եղած ու ծրագրուած աշխատանքներուն շուրջ:
Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Գաթայի բախտը շահողին տրուեցաւ նուէր մը՝ սիրայօժարօրէն տրամադրուած ընկ. Մարալ Ծերոնեանին կողմէ:
Յաջողութեան մաղթանքներով եւ Հ.Կ.Խաչի քայլերգով վերջ գտաւ միջվարչական ժողովը:
Թղթակից