Չորեքշաբթի, 29 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան հրաւիրած տարեշրջանի առաջին միջվարչական ժողովը։
Բացումը կատարեց Շրջ. Վարչութեան փոխ ատենապետուհի ընկ.հի Նորա Քիւրտօղլեան, մաղթելով յաջող տարեշրջան բոլոր մասնաճիւղերուն եւ բեղուն ու արդիւնաբեր գործունէութիւն՝ մեր միութեան։
Ժողովի առաջին օրակարգով, Հ.Օ.Մ.ի Համահայկական Ժողովի մասին, աշխատանքներուն եւ մթնոլորտի մասին մանրամասն ու հետաքրքրական զեկոյց տուաւ մեր միաւորի պատգամաւորը՝ ընկ.հի Ալիս Յարութիւնեան։
Ապա, մասնաճիւղերու վարչութիւնները ներկայացուցին իրենց արդէն գործադրած եւ ծրագրած յառաջիկայի ձեռնարկները։
Շրջանային Վարչութիւնը իր կարգին զեկուցեց մինչեւ հիմա կատարուած աշխատանքին մասին եւ ներկայացուց իր ծրագրումը այս տարեշրջանին համար։ Յայտարարուեցան նաեւ կազմուած յանձնախումբերը։ Կ’արժէ նշել թէ 2024-ին Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան 100-ամեակն է եւ որոշում կայացուած է, որ յատուկ ձեւով նշուի այդ տարեդարձը։
Շրջ. Վարչութեան խօսքին մէջ յատուկ անդրադարձ եղաւ նաեւ Արցախահայութեան օգնութեան դրամահաւաքին եւ միջոցառումներուն ու շեշտուեցաւ միութեան պատրաստակամութիւնը այս նպատակին ծառայելու։
Յաջողութեան մաղթանքներով եւ յանձնառու գործի պատրաստակամութեամբ, ժողովը հասաւ իր աւարտին։