­Հինգ­շաբ­թի, 11 ­Մա­յիս 2023-ին, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6-ին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրա­հին մէջ, Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց միջ­վար­չա­կան ժո­ղով, «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի քննարկ­ման եւ միու­թեան յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան զե­կու­ցու­մի օ­րա­կար­գով:
Շրջանային ­վար­չու­թիւ­նը զե­կու­ցեց «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ի կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն, ձեռ­նար­կի ի­րա­գործ­ման եւ ար­դիւն­քի մա­սին ու ներ­կա­յա­ցուց իր գնա­հա­տա­կա­նը: Ա­պա, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան Շրջ. ­վար­չու­թեան եւ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը:
­Կար­ծիք­նե­րու ար­տա­յայ­տու­մէն եւ փո­խա­նա­կու­մէն վերջ, ­Ժո­ղո­վը եզ­րա­կա­ցուց թէ այս տա­րի ­Սի­րոյ ­Պա­զա­րը ար­ձա­նագ­րեց բա­ցա­ռիկ յա­ջո­ղու­թիւն ա­մէն տե­սա­կե­տէ եւ իր մեծ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց։
Շր­ջա­նա­յին ­վար­չու­թիւ­նը ան­գամ մը եւս վարձ­քը կա­տար ը­սաւ այս յա­ջո­ղու­թեան սա­տար հան­դի­սա­ցող ըն­կե­րու­հի­նե­րուն եւ բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն, ո­րոնց հան­դէպ շնոր­հա­կա­լա­կան խօսք տե­ղադ­րո­ւած էր յա­տուկ պաս­տա­ռի վրայ ­պա­զա­րին օ­րը, նաեւ՝ գրա­ւոր ուղ­ղար­կո­ւած է ա­ռանձ­նա­բար։
Շրջանային վար­չու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րեց, թէ ստա­ցած է նաեւ պատ­կա­ռե­լի նոր դրա­մա­կան յատ­կա­ցում-նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն մը ի քա­ջա­լե­րանք ­Պա­զա­րին, ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան կող­մէ։
Այս ա­ռի­թով ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նենք ­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տութեան։
­Յայ­տա­րա­րո­ւե­ցաւ նաեւ, թէ միու­թեան 83-րդ ­Բա­ցա­ռիկ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Չո­րեք­շաբ­թի, 21 ­Յու­նի­սին, ընտ­րե­լու հա­մար պատ­գա­մա­ւոր­ներ, ո­րոնք պի­տի մաս­նակ­ցին Հ.Օ.Մ.ի 73-րդ ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 16-21 ­Հոկ­տեմ­բեր 2023-ին, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:
­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, Շրջանային ­վար­չու­թիւ­նը պատ­րաս­տած էր հիւ­րա­սի­րու­թիւն-ճաշ­կե­րոյթ մը, պա­զա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցող բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հա­մար:
Ե­րե­կոն ըն­թա­ցաւ հա­ճե­լի ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ, կե­նաց­նե­րու ու մաղ­թանք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով:

Թղ­թա­կից