Հ. Կ. ­­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հրա­ւէ­րով ­­­Չո­րեք­շաբ­թի, 7 ­­­Փետ­րո­ւար 2024-ին, ­­­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­­­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վար­չա­կան ժո­ղով-հա­ւա­քոյթ եւ Ա­մա­նո­րի գա­թա­յի կտրում:
­Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին Հ.Կ.­Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն եւ յանձ­նա­խում­բե­րուն մաս­նակ­ցող ըն­կե­րու­հի­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հրա­ւի­րեալ վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի­ներ:
­­­Ժո­ղո­վը ա­ռա­ջին հեր­թին, յոտնկայս լռու­թեամբ յար­գեց յի­շա­տա­կը, մեզ­մէ առ յա­ւետ բաժ­նո­ւած՝ միու­թեան ազ­նիւ բա­րե­րար՝ ըն­կե­րու­հի ­­­Պեր­ճու­հի Գ­զի­րեա­նի։
Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ.հի ­­­Լի­զա Ա­ւա­գեա­ն­ իր զե­կոյ­ցէն վերջ, հրա­ւի­րեց վաս­տա­կա­ւոր ըն­կե­րու­հի ­­­Հայ­կու­հի Եաղ­ճեա­ն, որ­պէս­զի ըստ ա­ւան­դու­թեան գա­թան կտրէ եւ իր մաղ­թան­քի խօս­քը ը­սէ։
Ա­պա, ժո­ղո­վը զբա­ղե­ցաւ իր օ­րա­կար­գե­րով: ­Զե­կոյց­ներ տրուե­ցան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց կող­մէ կա­տա­րած եւ յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ:
Ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի մէջ յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն։