Ան­ժէլ ­Ղա­զա­րեան

Այն ժա­մէն, որ կը ո­րո­շես Հ.Կ.Խ.ի մեծ ըն­տա­նի­քին մաս կազ­մել եւ իր շար­քե­րուն մէ­ջէն ծա­ռա­յել հայ ժո­ղո­վուր­դին, ա­ռօ­րեայ կեանքդ կը փո­խո­ւի։ ­Նա մա­նա­ւանդ երբ վար­չու­թեան ան­դամ ընտ­րո­ւիս, աշ­խա­տանք­նե­րը այն­քան շատ են, որ ե­թէ կ­՚ու­զես պար­տա­ճա­նա­չու­թեամբ ու պէտք ե­ղած ձե­ւով ա­նոնց ի­րա­գոր­ծու­մին հաս­նիս, շատ ան­գամ­ներ նոյ­նիսկ ըն­տա­նիքդ երկ­րորդ դիր­քի վրայ կը դնես։
­Գո­նէ մեր ա­տեն այն­պէս էր եւ բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, ան­շուշտ ա­մէն մէկս, մեր բո­լոր ջան­քե­րով կը փոր­ձէինք միու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ջողց­նել։
Ան­ցեա­լի յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը այն­քան շատ են եւ այն­քան գե­ղե­ցիկ, որ ե­թէ սկսէի բո­լոր պատ­մել շատ է­ջե­րու կա­րի­քը պի­տի ու­նե­նա­յի։ ­Բազ­մա­թիւ ձեռ­նար­կեր, խնճոյք-խրախ­ճանք­ներ կը կազ­մա­կեր­պէինք, այ­ցե­լու­թիւն­ներ հի­ւան­դա­նոց­նե­րը եւ ծե­րա­նոց­նե­րը, հան­գա­նա­կու­թիւն­ներ տու­նէ-տուն պտը­տե­լով եւ այլ աշ­խա­տանք­ներ, ո­րոնք թէեւ շատ հոգ­նե­ցու­ցիչ կ­՚ըլ­լա­յին, բայց եւ այն­պէս գո­հու­նա­կու­թիւն կը պատ­ճա­ռէին գա­ղու­թի ժո­ղո­վուր­դին եւ այն գո­հու­նա­կու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը եւ սէ­րը որ կը ստա­նա­յինք բո­լո­րին կող­մէ, ալ ա­ւե­լի ուժ կու տար, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար մեր աշ­խա­տան­քը։
Այն տա­րի­նե­րէն, ո­րոնք միշտ յու­զու­մով կը մտա­բե­րեմ, եր­կու ե­րեք ու­րախ դէպ­քեր պի­տի ու­զէի պատ­մել։
­Մէ­լի­սիա շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հի­ւան­դա­նոց­նե­րու եւ ծե­րա­նո­ցին այ­ցե­լու­թեան գա­ցած էինք, կէ­սօ­րէ ետք ժա­մը 5էն սկսանք եւ գի­շե­րո­ւայ ժա­մը 10ին վեր­ջա­ցու­ցինք։ ­Մե­զի կ­՚ըն­կե­րակ­ցէր այն ա­տե­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հին, որ իր ինք­նա­շար­ժով միշտ կ­՚օգ­նէր, երբ հե­ռա­ւոր այ­ցե­լու­թիւն­ներ կու­տա­յինք։ Ու­րեմն, հա­զիւ ա­ռած էինք վե­րա­դար­ձի ճամ­բան, ան ա­ռա­ջար­կեց, որ եր­թանք ­Մէ­լի­սիա­յի մօ­տիկ Ա­մա­րու­սի շրջա­նը, այն ա­տե­նի հան­րա­ծա­նօթ մսե­ղէ­նի խա­նութ­նե­րէ մէ­կուն մէջ ճա­շե­լու հա­մար։ Երբ ըն­կե­րու­հի մը ը­սաւ, որ ժա­մը ար­դէն ան­ցած է, ա­տե­նա­պե­տու­հին -ծա­նօթ կա­տա­կա­սէր- իբ­րեւ թէ խիստ ձե­ւով ը­սաւ, «այ­սինքն ինչ կ­՚ու­զէք, այն­քան նե­ղու­թիւն որ ստա­ցանք հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն՝ եր­թանք եւ մեր տու­նե­րուն մէջ դուրս հա­նենք, ո՛չ, գո­գո­րէ­ցիի խա­նու­թին մէջ պի­տի հա­նենք» եւ այդ­պէս կէս լուրջ, կէս կա­տակ հրա­հանգ տա­լով մե­զի տա­րաւ Ա­մա­րու­սի ճա­շա­րա­նը։
Երկ­րորդ կա­տա­կեր­գա­կան դէպք մը, որ պա­հա­հե­ցաւ այն էր երբ ­Գա­րէա­յի ծե­րա­նո­ցը այ­ցե­լե­ցինք։ ­Ծե­րա­նո­ցին մէջ եր­կու ծե­րու­նի տի­կին­ներ կը փոր­ձէին ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ու­նե­նալ բո­լո­րին վրայ, ա­մէն մէ­կը իր հաշ­ւոյն հա­մար։ ­Հա­զիւ շէնք մտանք, եր­կու­քէն մէ­կը ան­մի­ջա­պէս ե­կաւ մե­զի դի­մա­ւո­րե­լու եւ յա­ռա­ջաց­նե­լու դէ­պի այն հար­կը, ուր հայ ծե­րու­նի­նե­րը կը գտնո­ւէին։ ­Միւ­սը չու­զե­լով ետ մնալ եւ տես­նե­լով որ ես ու­նէի ա­նու­շե­ղէն­ներն ու ճա­շե­րը որ­պէս­զի բո­լո­րին բաժ­նենք, ձեռքս քա­շեց եւ գրե­թէ զո­րով իր սե­նեա­կը տա­րաւ, դու­ռը կղպեց եւ պա­հան­ջեց, որ ինք առ­նէ ու­տես­տե­ղէն­նե­րը եւ բաժ­նէ մնա­ցեալ­նե­րուն։ ­Բա­ւա­կան ժամ ան­ցաւ մին­չեւ ըն­կե­րու­հին­ներս հասկ­նան իմ բա­ցա­կա­յու­թիւնս եւ փնտռե­լով սե­նեա­կէ սե­նեակ գտան ին­ծի ու դու­ռը բա­նա­լով ա­զա­տե­ցին զիս։ Կր­նամ ը­սել, որ այն օ­րը քիչ մը վախ­ցայ ծե­րու­նի տիկ­նոջ անս­պա­սե­լի կե­ցո­ւած­քէն թէեւ մնա­ցեալ ըն­կե­րու­հի­նե­րու ծի­ծա­ղը երբ պատ­մե­ցի պա­տա­հա­ծը, հա­ճե­լի մթնո­լորտ ստեղ­ծեց։
Վեր­ջաց­նե­լով, պի­տի ու­զէի ը­սել որ միշտ կը յի­շեմ տօ­նա­կան օ­րե­րը երբ ծրար­ներ կը պատ­րաս­տէինք մեր բո­լոր տղոց հա­մար, որ ի­րենց զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը կը կա­տա­րէին, եւ մա­նա­ւանդ ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք հե­ռա­ւոր եւ սահ­մա­նա­յին զօ­րա­նոց­նե­րու մէջ կը ծա­ռա­յէին։ Այս աշ­խա­տան­քին կը մաս­նակ­ցէին բո­լոր ըն­կե­րու­հի­նե­րը։ Հ.Կ.Խ. Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան տրա­մադ­րած գու­մա­րէն զատ, մեր անձ­նա­կան ծախ­սե­րով կը փոր­ձէինք որ­քան ա­ւե­լի հա­րուստ ծրար­ներ պատ­րաս­տենք եւ ղրկել հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն։ Այն տա­րի­նե­րը բա­ւա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու նիւ­թա­կան կա­ցու­թիւ­նը դժո­ւար էր եւ շատ զի­նո­ւոր­ներ այդ ծրար­նե­րը կը սպա­սէին։ Աշ­խա­տանք մը, որ իս­կա­պէս մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն կը պատ­ճա­ռէր մե­զի։
Միշտ կը հա­ւա­տա­յի եւ մին­չեւ այ­սօր կը հա­ւա­տամ, որ Հ.Կ.Խ.ի եւ գա­ղու­թի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը այն է, որ ու­նի մայր մը իր զա­ւա­կին հետ։ Եր­բեք չի կրնար բաժ­նո­ւիլ մէ­կը միւ­սէն եւ միշտ մէ­կուն սէ­րը կեանք կու տայ միւ­սին։