Հ. Կ. ­Խա­չի ­Ֆա­լի­րո­յի «­Նա­յի­րի» մաս­նա­ճիւ­ղի ­Վար­չու­թեան գար­նա­նա­յին եր­կօ­րեայ պտոյ­տը — դէ­պի Թ­րի­զո­նիա կղզին եւ ­Նաֆ­փաք­թոս — տե­ղի ու­նե­ցաւ 30-31 ­Մա­յիս 2017ին։
­Գե­ղե­ցիկ ա­ռա­ւօտ մը ճամ­բայ ե­լանք դէ­պի Ա­րա­խո­վա, ­Ղա­լաք­սի­տի։
Ա­տե­նա­պե­տու­հին՝ ընկ. ­Մայ­տա ­Կիւ­րիւն­լեան վար­չու­թեան կող­մէ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեամբ օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի այս եր­կօ­րեայ պտոյ­տը յա­ջո­ղի։ ­Մաս­նա­ճիւ­ղի նպա­տակն է նաեւ, մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քէն դուրս գա­լով, եր­կու հա­ճե­լի եւ ու­րախ օ­րեր անց­նել սի­րե­լի ըն­կե­րու­հի­նե­րուն հետ միաս­նա­բար։ ­Նաեւ՝ վար­չու­թիւնը օգ­տա­կար կը հան­դի­սա­նայ, ի սպաս գա­ղու­թի հա­յան­պաստ զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու ի­րա­գործ­ման։
Ա­ռա­ւօ­տեան սուր­ճի դա­դա­րէն ետք ուղ­ղո­ւե­ցանք Ա­րա­խո­վա­յի ճամ­բով դէ­պի ­Ղա­լաք­սի­տի. բնու­թիւ­նը այն­քան գե­ղե­ցիկ եւ հմա­յիչ էր, կար­ծես մոռ­ցած էինք մեր ա­ռօ­րեան։ Ա­պա՝ ըմ­բոշխ­նե­լով Աս­տու­ծոյ բա­րիք­նե­րը, հա­սանք Ղ­լի­ֆա­տա գիւ­ղը. սքան­չե­լի գոյ­նե­րով ծա­ղիկ­ներ, ծանր յա­տուկ ո­ճով տու­ներ, բլու­րին վրայ Աք­րո­փո­լի հնու­թիւն­ներ գտնո­ւած են, հրա­պա­րա­կը բիւ­զան­դա­կան ե­կե­ղե­ցի ու­նի։ ­Հա­զիւ հա­սանք՝ ո­մանք սկսան շրջիլ, նկա­րել, ու­րիշ­ներ՝ նա­խընտ­րե­ցին գա­ւաթ մը օ­ղիով զո­վա­նալ։
­Մեր դի­մաց Թ­րի­զո­նիա կղզին էր՝ 400 մեթր հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ։ ­Նա­ւա­կով քա­նի մը վայր­կեա­նէն հա­սանք։ ­Հիա­նա­լի տե­սա­րան. դէ­պի ճա­շա­րան ուղ­ղո­ւե­ցանք։ ­Նա­խա­պէս ա­պա­հո­վո­ւած էր «­Քա­լիփ­սօ» ճա­շա­րա­նը։ ­Մեր շուր­ջը՝ ծով, նա­ւեր. ըն­կե­րու­հի­ներ ծով ի­ջան լո­ղա­լու։ ­Ճա­շէն ետք կղզիին շուր­ջը ը­րինք քա­լե­լով։ Այս կղզին՝ Թ­րի­զո­նիան, ­Կորն­թո­սի ջրանց­քի ա­մէ­նէն մեծ կղզին է եւ 65 հո­գիի շուրջ բնակ­չու­թիւն ու­նի (ժա­մա­նա­կին Օ­նա­սի­սը այս կղզին ու­զած է գնել)։
­Կէ­սօ­րէ ետք ­Նաֆ­փաք­թոս հա­սանք։ ­Գե­ղե­ցիկ պան­դոկ մը ծո­վուն վրայ եւ նշա­նա­ւոր նա­ւա­հան­գիստ բեր­դի մը մօտ։ ­Գի­շե­րը քա­ղա­քը շրջե­ցանք, բլու­րին վրայ բեր­դը շատ գե­ղե­ցիկ լու­սա­ւո­րո­ւած էր։ ­Նա­ւա­հան­գիս­տը շատ ար­ժէ­քա­ւոր հնու­թիւն­նե­րով շրջան մըն է։ Ա­ռա­ւօ­տուն, նա­խա­ճա­շէն ետք, նշա­նա­ւոր բեր­դը բարձ­րա­ցանք, պտտե­ցանք։ Ա­պա՝ սուր­ճի նստանք. ­Բե­ղո­բո­նե­զը մեր առ­ջե­ւը, «­Ռիօ-Ան­տի­ռիօ»ի կա­մուր­ջը հրա­շա­լի, գե­ղե­ցիկ օդ եւ անն­կա­րագ­րե­լի տե­սա­րան։ ­Չէինք ու­զեր բաժ­նո­ւիլ։
Ամ­փոփ ակ­նարկ մը՝ ­Նաֆ­փաք­թո­յի մա­սին.
553 թո­ւա­կա­նին, մեծ երկ­րա­շար­ժէ մը քա­ղա­քը կը քան­դո­ւի եւ ա­նու­նը այդ ժա­մա­նակ «Է­փախ­թոս» էր։ 1294ին վա­ճա­ռա­կա­նու­թեան մեծ քա­ղաք եւ նա­ւա­հան­գիստ ե­ղած է դէ­պի Ի­տա­լիա եւ ­Կոս­տանդ­նու­պո­լիս։ Իսկ 1571ին ­Նաֆ­փաք­թո­յի պա­տե­րազ­մին քրիս­տո­նեա­նե­րը յաղ­թե­ցին օս­ման­ցի­նե­րուն, ինչ որ մեծ պատ­մա­կան ե­ղե­լու­թիւն է. յոյ­նե­րը, ի­տա­լա­ցի­նե­րուն եւ սպա­նա­ցի­նե­րուն հետ միաս­նա­բար, թուր­քե­րու մուտ­քը ար­գի­լե­ցին եւ ե­թէ յոյ­նե­րը ար­գելք չըլ­լա­յին՝ թուր­քե­րը Եւ­րո­պա­յի խո­րե­րը մտած պի­տի ըլ­լա­յին։ ­Պատ­մու­թեան մէջ յոյ­նե­րը շատ օգ­նած են եւ միշտ պաշտ­պա­նո­ղը ե­ղած են, որ թուր­քե­րը Եւ­րո­պա մուտք չգոր­ծեն։ Եւ­րո­պան շատ բան կը պար­տի յոյ­նե­րուն, իսկ թուր­քե­րը՝ միշտ քան­դող ե­ղած են։
­Կէ­սօ­րո­ւան ճա­շէն եւ պտոյ­տէն ետք, վե­րա­դար­ձին մեր վեր­ջին կայքն էր Աք­րա­թա­յի ծո­վա­փը։
­Վարձ­քը կա­տար ­Վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րուն։ Ա­մէն ինչ լաւ ու­սում­նա­սի­րած էին եւ ի­րենց կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած հա­մեղ կար­կան­դակ­նե­րով կը հիւ­րա­սի­րո­ւէինք։ ­Բո­լորս ալ գոհ, ու­րախ եւ նո­րո­գո­ւած՝ մեր տու­նե­րը վե­րա­դար­ձանք։

­Սալ­բի ­Քէ­հէ­յեան