«­Լե­զո­ւի ա­շա­կեր­տա­կեդ­րոն ու­սու­ցում եւ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի փո­խան­ցում վկա­յո­ւած առ­ցանց խտա­ցած դա­սըն­թացք, 13 ­Յու­լիս – 28 Օ­գոս­տոս 2020 եւ վկա­յա­կա­նի լրա­ցում 2020-2021 տա­րո­ւան ըն­թաց­քին» խո­րագ­րով, ԻՆԱԼՔՕն (Institut national des langues et civilisations orientales) կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու ո­րա­կա­ւո­րու­մի «­Զար­մա­նա­զան-ԻՆԱԼՔՕ» ծրա­գի­րը այս տա­րի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռաւ չե­ղար­կո­ւե­ցաւ: ­Սա­կայն այս դա­սըն­թաց­քին մէկ մա­սը առ­ցանց կը տրա­մադ­րո­ւի ա­նոնց, ո­րոնք պատ­րաս­տա­կամ են այս տա­րո­ւը­նէ իսկ մաս­նակ­ցե­լու, ար­ձա­նագ­րո­ւե­լով ԻՆԱԼՔՕի DLC4 ­Հա­յա­գի­տա­կան ծրագ­րին եւ ստա­նալ հա­մա­պա­տաս­խան վկա­յա­կա­նը:
Առ­ցանց խտա­ցած դա­սե­րը կը սկսին 13 ­Յու­լի­սին եւ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան մին­չեւ 28 Օ­գոս­տոս 2020: ­Կի­րա­ռա­կան մա­սը եւ ԻՆԱԼՔՕի կա­նո­նա­ւոր դա­սե­րը՝ մին­չեւ ­Մա­յիս 2021: Վ­կա­յա­կա­նը՝ «Diplôme de langue et civilisation arméniennes (parcours didactique) niveau 4»:
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նի ու­սուց­չու­հի­ներ ­Վիք­թո­րիա ­Մա­ղա­քեան եւ Ան­նա ­Սա­ֆա­րեան դի­մում ներ­կա­յա­ցու­ցած են ԻՆԱԼՔՕին եւ ար­դէն կը մաս­նակ­ցին հա­յա­գի­տա­կան առ­ցանց վե­րոն­շեալ ծրագ­րին: ԻՆԱԼՔՕն կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ «Ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ու­սու­ցում սփիւռ­քի մէջ» ծրա­գի­րը նա­խա­տե­սո­ւած է ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ներ­կայ եւ ա­պա­գայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք կը դա­սա­ւան­դեն սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ (Եւ­րո­պա, ­Մի­ջին Ա­րե­ւելք, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ, ­Գա­նա­տա, ­Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա, եւ Աւստ­րա­լիա):
­Սոյն նա­խա­գի­ծի մեկ­նա­կէ­տե­րէն մե­կը ե­ղած է 2014 թո­ւա­կա­նին ­«Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան նա­խան­ձեռ­նու­թեամբ կա­տա­րո­ւած սփիւռ­քի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ինք­նագ­նա­հատ­ման գոր­ծըն­թա­ցը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ հսկո­ղու­թեամբ Ա­նի ­Կար­մի­րեա­նի (նաեւ վա­ղե­մի ԻՆԱԼՔՕի դա­սա­տու) եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ (իբ­րեւ խորհր­դա­տու) ԻՆԱԼՔՕի դա­սա­խօս՝ Ա­նա­հիտ ­Տօ­նա­պե­տեա­նի: ­Նա­խա­գի­ծը միա­ժա­մա­նակ մաս կը կազ­մէ ԻՆԱԼՔՕի հա­յա­գի­տա­կան ծրագ­րին, ինչ­պէս նաեւ «­Գա­լուստ ­Կիւլ­պէն­կեան» հիմ­նար­կու­թեան ­Հայ­կա­կան ­Հա­մայնք­նե­րու նա­խա­ձեռ­նած ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի զար­գաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն:
­Նա­խա­գի­ծի հիմ­նա­կան նպա­տակն է բա­րե­լա­ւել սփիւռ­քի հա­յոց լե­զո­ւի ներ­կայ եւ ա­պա­գայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն մաս­նա­գի­տա­կան կրթու­թիւ­նը, զա­նոնք ի­րա­զեկ դարձ­նե­լով կրթու­թեան ժա­մա­նա­կա­կից մէ­թոտ­նե­րուն եւ նրբու­թիւն­նե­րուն եւ մղե­լով ման­կա­վար­ժա­կան փոր­ձա­տի­պե­րու քննա­կան վե­րա­տե­սու­թեան: ­Հա­յոց լե­զո­ւի մաս­նա­գէտ ու­սուց­չին դիր­քը բա­րե­լա­ւե­լու նպա­տա­կով՝ այս ծրա­գի­րը կը շնոր­հէ եւ­րո­պա­կան վար­կա­յին միա­ւոր­ներ (ECTS), ո­րոնք փո­խան­ցե­լի են լե­զո­ւի ու­սուց­ման եւ հա­յա­գի­տու­թեան բարձ­րա­գոյն ծրա­գիր­նե­րու:

«Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան»
­Վար­ժա­րա­նի Տ­նօ­րէ­նու­թիւն