Երկուշաբթի, 19 Յունիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Ֆիքսի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի 60 տարիներու շրջանաւարտներու մեծ թիւ մը ներկայ եղաւ վարժարանի 60-ամեակին առիթով կազմակերպուած հաւաքոյթին:
Ուրախութիւն, յուզում, յիշատակներու վերակենդանացում յատկանշեցին այդ օրը:
Հաւաքոյթը առիթ ընծայեց, որ հին դասընկերները իրենց միջեւ մօտենան, նկարուին, իրենց կեանքի նորութիւնները պատմեն: Արդէն շատեր մեծ հայր ու մեծ մայր եղած, բախտաւորուած թոռնիկներով, որոնք անոնք ալ իրենց կարգին յաճախած են վարժարանը: Շատ անգամ նոյն ընտանիքէն երեք սերունդ անցած է այդ դասարաններէն:
Նոյն մտահոգութիւնները, նոյն դժուարութիւնները կը դիմագրաւէ ամէն մէկ սերունդ, թէեւ կեանքի պայմանները արագ կը փոխուին, բայց եւ այնպէս դպրոցը իր նպատակին կը շարունակէ ծառայել յարմարուելով նոր հաստատուած թիրախներուն:
Հանդիսութեան ներկայ էին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Առաջնորդը, շրջանի հոգեւոր հովիւը, Հ.Յ.Դ. Կեդ. Կոմիտէի, Ազգային վարչութեան, Հ.Կ.Խաչի, Ուսումնական խորհուրդի, Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչները, նախկին եւ ներկայ տնօրէններն եւ ուսուցիչները, Լոս Անճելըսի յունահայ միութեան ատենապետուհին, ինչպէս նաեւ հայրուրաւոր շրջանաւարտներ:
Վարժարանի Ծնողական միութեան կողմէ Միրիամ Շիրակեան հաւաքոյթի պաշտօնական բացումը յայտարարեց ու հետեւեալ խօսքը ուղղեց ներկաներուն.- «Հ.Կ.Խ.-ի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի Ծնողական միութիւնը մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ բարի գալուստ կը մաղթէ ձեզի՝ մեր վարժարանի 60-ամեակի տօնակատարութեան առիթով:
Այսօր կը դիմաւորենք աշակերտներու 3 սերունդներ: Անոնք, որոնք առաջին անգամ ըլլալով նստան մեր դպրոցին գրասեղաններուն վրայ 1962-ին, իրենց զաւակները եւ թոռնիկները: Այսօր, բոլորը ներկայ են. մեր դպրոցի հպարտ շրջանաւարտներ:
1962-ի Սեպտեմբերէն 922 շրջանաւարտներ, 141 ուսուցիչներ եւ հարիւրաւոր ծնողներ անցան այս դպրոցէն, մէկ նպատակ ունենալով. հայթայթել ուրախ եւ ստեղծագործ կրթութիւն, որ կը պատրաստէ գիտուն ու երջանիկ անձեր: Ասոնք հիմնական իրաւունքներ են, որոնցմէ պէտք չէ զրկուին մեր զաւակները:
Այժմ, պիտի ուզէինք մեր խորին շնորհակալութիւնը յայտնել Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան, Ազգային վարչութեան, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, ծնողներուն, դպրոցական ինքնաշարժներու վարորդներուն եւ անոնց ընկերակցող տիկիններուն եւ բոլորը անոնց, որոնք աշխատեցան եւ կը շարունակեն աշխատիլ մեր դպրոցին համար:
Խորին շնորհակալութիւն նաեւ շրջանաւարտներու յանձնախումբին, որ ընդունեց Ծնողական միութեան հրաւէրը եւ մեծ խանդավառութեամբ աշխատեցաւ մեր դպրոցին 60-ամեակի կազմակերպութեան աշխատանքներուն համար:
Մենք՝ նոր սերունդի աշակերտներու ծնողներս, երախտապարտ ենք բոլոր անոնց, որոնք այսքան տարի ամէն ձեւով թիկունք կանգնեցան մեր դպրոցին, եւ մեր զաւակներուն առիթը տուին, իրենց մատղաշ տարիքին ապրիլ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանին գիրկը: Բոլորիս ցանկութիւնն ու ակնկալիքն է ապահովել մեր դպրոցի յարատեւումը, որպէսզի այս բակը շարունակէ լեցուն ըլլալ ուրախ ու զուարթ աշակերտներու ձայներով: Որպէսզի պահենք մեր լեզուն, մեր մշակոյթը եւ մեր աւանդութիւնները: Շնորհակալ ենք բոլորիդ, ձեր ներկայութեան համար»:
Յաջորդաբար, բեմ հրաւիրեց վարժարանի այսօրուայ տնօրէն պրն. Բաբգէն Գասապեանը, որ իր խօսքը ուղղէ:
Ապա՝ շատ սիրուած ուսուցիչ պրն. Եաննիս Եաննիեորղիս, որ դասաւանդեց 1973-էն մինչեւ 1986 ժամանակաշրջանը, բեմ հրաւիրուեցաւ որ ան ալ իր ապրումները եւ յիշտակաները ներկայացնէ ներկաներուն:
Շարունակելով, հրաւիրուեցաւ 1991-ի շրջանաւարտ Հեկի Աղապապեան, որպէսզի շրջանաւարտներու անունով իր խօսք ուղղէ:
Երկար տարիներ դասաւանդած եւ սերունդներ դաստիարակած պրն. Սոթիրիս Տելիս, որ այս տարի թոշակի անցաւ, վարժարանին մէջ երկարամեայ ծառայութենէն իր փորձառութիւնը բաժնեկից եղաւ ներկաներուն հետ:
Յաջորդաբար, օրուան հանդիսավարը, մեծ ուրախութեամբ բեմ հրաւիրեց դաստիարակ պրն. Եորղօ Նիքոլաուն, որ վարժարանին մէջ դասաւանդած էր 1989-էն մինչեւ 1991 ժամանակամիջոցը, որպէսզի իր տպաւորութիւնները պատմէ:
Ապա՝ բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի երկարամեայ վաստակաւոր տնօրէն պրն. Միհրան Քիւրտօղլեան իր սրտի խօսքը փոխանցելու:
Հանդէսի ընթացքին մաս առ մաս ցուցադրուեցաւ վիտէօ-երիզ մը, ուր կը ներկայացուէր վարժարանի 60-ամեայ պատմականը իր հիմնադրութեան տարիներէն մինչեւ այսօր:
Հարց ու պատասխանի ընդմէջէն խօսք առին ու իրենց ապրումները փոխանցեցին նախկին եւ ներկայ ուսուցիչները, տնօրէնները, որոնք վարժարանին ծառայած են ու կը ծառայեն մինչեւ մեր օրերը: Նաեւ, նորօրեայ աշակերտները մէկ բառով ըսին, ի՛նչ կը նշանակէ իրենց համար դպրոցը, ի միջի այլոց ըսին՝ տուն, ընտանիք, սէր, ընկերութիւն, բարեկամութիւն, կեանք:
Յուզիչ ու միաժամանակ ոգեւորիչ հանդէսը իր աւարտին հասած ըլլալով՝ հանդիսավարը հրաւիրեց շրջանաւարտները 60 տարուան կարկանդակի մոմերը մարելու եւ երկար տարիներ մաղթելու «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» վարժարանին, որպէսզի շարունակէ պատրաստել հայորդիներ, հայոց պատմութիւնը դասաւանդելու եւ հայ լեզուն կենդանի պահելու իր առաքելութիւնը:
Շրջանաւարտներու կողմէ՝ 1991-ի շրջանաւարտ
Հեկի Աղապապեանի արտասանած խօսքը
Յոյն մեծ փիլիսոփայ Արիստոտել ըսած էր «անոնք որ լաւ դաստիարակութիւն կու տան փոքրերուն, մեծագոյն պատուի պէտք է արժանանան ծնողներէն»: Եւ բոլորս հոս ենք այսօր ոչ միայն կրկին միասին ըլլալու համար ինչպէս հին օրերուն , այլ նաեւ պատուելու համար շարք մը անձեր որոնց ջանքերուն եւ պայքարին շնորհիւ հոս կը գտնուինք բոլորս, այս յիշատակներով լի բակին մէջ:
Ասկէ պիտի սկսիմ ուրեմն եւ ձեզ պիտի տանիմ 60 եւ աւելի տարիներ ետ,, դժուար տարիներու, աղքատ տարիներու, խռովալից տարիներու երբ Յունաստանը տակաւին կը ջանար մոռնալ պատերազմի սոսկալի հետեւանքները: 50ական տասնամեակի հեռաւոր այդ օրերուն բուռ մը երազահար գաղթականներ տեսիլքը ունեցան եւ հիմը դրին այն իրականութեան որ աւելի վերջ պիտի դառնար մեր գաղութի փեթակը:
Նախաձեռնութիւնը դժուար եւ արժեգինը մեծ, սակայն աւելի մեծ էր գաղթականներու հոգին:
Հաւաքուած գումարը բաւարար չէր բայց Սօֆիա Յակոբեանի ազնիւ նուիրատուութեամբ երազը իրականութիւն դարձաւ ու 1959-ի վերջաւորութեան դպրոցի հիմնաքարը դրուեցաւ: Հսկայ է ուրեմն մեր երախտագիտութիւնը այս անձերուն նկատմամբ եւ բացառիկ մեր շնորհակալական խօսքը:
Դպրոց մը սակայն իր մարդիկն է եւ մեր դպրոցը նոյնը պիտի չըլլար եթէ հոն չգտնուէին բոլոր անոնք որոնք տարիներ աշխատեցան ու կ՝աշխատին նաեւ քուլիսային ջանքերով: Հսկիչները, վարորդները, հետեւորդները, մաքրութեան անձնակազմը: Մեզմէ քանինե՞ ր չվազեցին անոնց գիրկը երբ պէտքը զգացինք:
Ո՞ րքան ապահովութիւն եւ մտերմութիւն կը զգայինք ամէն առտու տեսնելով անոնց դէմքերը: Ի խորոց սրտի մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք անոնց: Հսկայ շնորհակալական խօսք մը մեր ուսուցիչներուն եւ տնօրէններուն,: Անոնց որոնք մեզ ներշնչեցին, անոնց որոնք անձնական ժամեր վատնեցին, որոնք պարզ գիտելիքներէն շատ աւելին տուին մեզի, որոնք հաւատացին մեզի: Եւ վերջապէս շնորհակալութիւն բոլոր այն կամաւորներուն որ ծառայեցին Կապոյտ Խաչէն ներս, Ազգային Վարչութենէն ներս, Դաշնակցութեան շարքերուն ճամբով, Ուսումնական Խորհուրդի դիրքերէն, անձնական կեանքի եւ ժամանակի գնով ժամեր վատնեցին որպէսզի լուծման յանգին երբեմն բարդ խնդիրներ որ անխուսափելիօրէն նման հաստատութիւն մը կը դիմագրաւէ:
Պատուենք ուրեմն բոլոր այս անձերը ծափահարութեամբ մը:
Շուրջս նայելով կը վերակենդանանան աշակերտական կեանքի բոլոր յիշատակներս: Առաւօտեան խակ նայուածքները աղօթքի ժամուն, կատակները եւ դասարանի մթնոլորտը, հին խաղավայրը այսօրուայ մանկապարտէզին տեղը, սանդուխն ի վար սահնակը, թթենիին տակ սաւանը ամառուայ սկիզբը: Կը յիշեմ սկրթուած ծունկեր, գլուխներ,վէճեր, սրտի տրոփիւնը ամէն անգամ որ մեր կարգը կու գար ելլելու ատամնաբուժի փոքր սենեակը եւ շատ մը այլ բաներ:
Այս է պատճառը որ կը սիրեմ միշտ վերադառնալ հոս: Այդ օրերու պարզունակութեան վերադառնալու տպաւորութինը կ’ունենամ , զգացումներու անկեղծութեան ու վէճերու լուծման որ գրասեղաններու վրայ անջատման գիծ մը քաշելով կը յատկանշուէր: Եթէ գնացուցակ մը գոյութիւն ունենար, հոս ապրած մեր այդ վայրկեանները մեր կեանքի ամենասուղ ժամերը պիտի ըլլային վստահաբար…
Սիրելիներ
Մեր շուրջ նստած են բոլոր անոնք որոնց հետ մեծցանք, անոնք որոնց հետ ժամեր անցուցած ենք խաղալով, մեր դասընկերները,, մեր խաղի ընկերները, մեր հակառակորդները, մեր առաջին սէրերը, քոյր հոգիները: Եւ հոս մեր դիմաց կը գտնուին մեր դպրոցը, մեր արմատները, մեր պատմութիւնը, մեր հասունացման կողմնացոյցը: Տուինք անոր մեր երիտասարդութիւնը եւ երազները, ան տուաւ մեզի մեր հիմերը եւ կեանքի բարեկամութիւնները:
Եթէ, ինչպէս ըսուած է, մեր միակ հայյրենիքը մեր մանկութիւնն է , այս դպրոցն է մեր հայրենիքը: Հոս սորվեցանք որ վերջ ի վերջոյ մարդը շատ բանի պէտք չունի երջանիկ ըլլալու համար:
Շնորհակալ եմ
Վարժարանի երկարամեայ վաստակաւոր տնօրէն
ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեանի արտասանած խօսքը
Սոֆիա Յակոբեան նախակրթարանի 60-ամեակ
Որեւէ խօսք ըսելէ առաջ, նախ ջերմապէս շնորհաւորենք նախակրթարանի ծնողական միութիւնը, յատկապէս անոր վարչութեան անդամերը, որովհետեւ հակառակ որ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը ամբողջ գաղութին դպրոցն է ու կը շարունակէ վայելել անոր հովանաւորութիւնն ու գուրգուրանքը, բայց եւ այնպէս ձեռնարկ նախաձեռնելու մտածումը, յանդգնութիւն ունեցողը եւ ոգի ի բռին աշխատող անձերը եղան անոնք, որպէսզի վարժարանին հիմնադրութեան 60-ամեակի այս տօնակատարութիւնը արժանաւորապէս իրականացնեն, աղուոր մթնոլորտին մէջ մեզ քով-քովի բերեն, հին յիշատակներ վերաթարմացնեն, տարիներու ընթացքին իրարու նկատմամբ մեր կուտակած կարօտը յագեցնեն եւ մեզի հրամցնեն նաեւ պատուաբեր ու նկարազարդ ալպոմ մը, որուն համար կ‘ենթադրեմ, թէ բոլորիդ թարգմանը եղած պիտի ըլլամ բարձրաձայնելով՝ «սրտագին շնորհակալութիւններ ծնողական միութեան եւ վարչութեան եւ անոնց գործակցող շրջանաւարտներուն:
Անոնց շնորհիւն է, որ նախատեսութիւններէն շատ աւելի, շշմեցնելու աստիճան շրջանաւարտներու այսքան մեծ բազմութիւն մը, իբրեւ հարազատ տանտէր, հաւաքուած է դպրոցի այս բակին մէջ, ինչ որ աննախընթաց է, միաժամանակ՝ յուսադրիչ, ամրապնդող: Երանի թէ ձեւ մը գտնուէր, տարին գոնէ մէկ անգամ, այսօրուան պէս բոլոր տարիքի շրջանաւարտները, անցեալի ու ներկայի ուսուցիչներ քով-քովի գան, հին յիշատակներ գրգռեն ու միասին խանդավառ պահեր անցընեն..:
Հոգեւոր հայրեր, սիրելի շրջանաւարտներ, բարեկամներ,
Այս պահուս, ես ալ ինքզինքս արդարացուած կը նկատեմ կարծելու, որ բոլորէդ աւելի զգացուածը ու միաժամանակ հպարտը իմ անձս է, որ իր կեանքին լաւագոյն տարիները, եւ արդիւնաւոր տարիները, անցուց այս յարկին տակ, 40 տարի տուաւ ինչ որ կրնար տալ իրարայաջորդ սերունդներուն, իր շրջապատին, գաղութին : Եւ փոխադարձաբար՝ իր շրջապատէն առաւ եռանդ, ներշնչում , ապագայի նկատմամբ հաւատք եւ վայելեց շրջապատի սէրն ու յարգանքը, վստահութիւնը: Այդ 40 տարիներուն ամէն ամէն մէկ օրը կը քաղցրանար աշակերտներու պոռչտուքներով, խաղերով, դասարանային աշխատանքներով եւ պաշտօնակիցներուս ազնիւ գործակցութեամբ:
Հպարտ եմ, եւ իմ այս հպարտութեանս համար ինչ որ կ’ուզէք ըսէք, ինչի որ կ‘ուզէք վերագրեցէք, խաբկանքի՞, անձնասիրութեա՞ն, մեծամտութեա՞ն…, կարեւոր չէ: Կարեւորը այն է, որ հպարտ եմ ես, որովհետեւ կը համարեմ, որ այս հաստատութեան 60 տարիներու տոկունութեան եւ հայակրթական վաստակին նուիրուած պատուաբեր այս տօնը բոլորիս, ամբողջ գաղութին հպարտութիւնն ըլլալէ ետք, անոր 40 տարիներու անձիս բերած բաժինը կը շոյէ ինքնասիրութիւնս եւ հպարտութեամբ կը լեցնէ զիս:
Թոյլ տուէ՛ք եւ ներեցէ՛ք ինծի, որ անձիս կապուած եւ անձս շոյող միջադէպի մը անդրադառնամ: Տարեվերջի մը հանդէսէն աւելի քան 25 կամ թերեւս 30 տարիներ ետք պէտք եղաւ,որ խնդրի մը համար կապուիմ շրջանաւարտուհիներէն մէկուն հետ, զոր չէի տեսած եւ որուն հետ խօսելու առիթ երբեք չէի ունեցած անցնող այդ 25-30 տարիներու ընթացքին: Ասդին-անդին դիմելով գտայ տան հեռախօսին համարը եւ զանգեցի: «Բարի լոյս»է մը ետք ուղղակի հարցուցի, «հասկցա՞ր, թէ ով է հետդ խօսողը…»: Պատասխանը. «այս ձայնը կը մոռցուի՞ պարոն…»:
Դո’ւք ըսէք հիմա, այսքան անկեղծ, անմիջական ու սրտաբուխ երախտագիտական արտայայտութիւն կը մոռցուի՞ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին: Անշո՛ւշտ, չի մոռցուիր:
Նոյնպէս, առիթն է հիմա, որ հարց տանք նաեւ մենք մեզի.
Որքան ալ տարիները անցին, որքան ալ կենցաղային պայմանները փոխուին, կը մոռցուի՞ն արդեօք անչափելի զոհողութիւնները մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, որոնք գաղթականական աննկարագրելի թշուառ պայմաններու մէջ իրենց դժուար ձեռքբերած ամէնօրեայ պատառ մը հացէն բաժին հանեցին դպրոցաշինութեան գործին, որպէսզի իրենց թոռներն ու ծոռները, ապագայ սերունդները, այսինքն մենք ու մեր զաւակներն ու թոռները կրթական ու հայակրթական ամուր արմատներով ինքնութիւն կազմաւորեն, վերականգնեն ազգը եւ հետամուտ ըլլան ազգային նպատակներու: Իսկ անոնց յաջորդները ամէն ջանք թափեցին, որ բարեզարդեն գաղթական սերունդին հաստատած կրթական օճախները: Վկայ՝ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վրժ.ի այս կառոյցը…: Վկայ նաեւ նախակրթութիւնը միջնակարգի մակարդակին հասցնելու փաստը:
Կրնա՞նք երախտամոռ ըլլալ մեր մեծ հայրերու յիշատակին: Անշուշտ թէ ո’չ…: Կրնա՞նք երախտամոռ ըլլալ մեր բոլոր դպրոցներուն եւ սիրելի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանի վաստակին՝ սերունդներու միջոցով ազգին ու գաղութին տուածին հանդէպ: Անշուշտ թէ չենք կրնար եւ ատոր համար ալ պիտի պահենք ու պահպանենք կրթական մեր հաստատութիւնները ամէն գնով:
Փոքր Հայաստան է ամէն հայկական դպրոց, ուր սերունդը կ’աճի ու կը կազմաւորուի երկու որակներով: Մեր պարագային, իբրեւ հայ՝ Հայաստանին ուղղորդուած ազգային նպատկներով եւ իբրեւ յոյն քաղաքացի՝ Յունաստանին եւ յոյն ժողովուրդին ուղղորդուած յանձնառութեամբ: Այս երկու որակները իրարու չեն հակադրուիր, այլ ընդհակառակը զիրար կը հարստացնեն եւ կը կերտեն ամբողջական հայը եւ ամբողջական յոյն քաղաքացին:
Հիմա, հարցնող գտնուի թերեւս, թէ անցնող տարիներու ընթացքին Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը եւ միւս դպրոցները կրցա՞ծ են արդեօք տէր կանգնիլ իրենց առաքելութեան, այսինքն արդարացուցա՞ծ են ազգը վերականգնելու, գաղութ կազմակերպելու եւ գաղութը քաղաքական ազդակի վերածելու այնքան կարեւոր գործը, որ կը յուսային մեր մեծհայրերն ու մեծմայրերը, երբ իրենց պատառ մը հացէն բաժին կը հանէին դպրոցաշինութեան:
Այսօրուան այսքան մեծաթիւ ու խանդավառ շրջանաւարտներու, այսինքն ձեր ներկայութիւնը հոս, դպրոցի բակին մէջ բաւ է արդէն, որ տրուած ըլլայ պատասխանը վերի հարցումին:
Ասկէ անդին, մեր մշակութային աշխուժութիւններուն, դպրոցներու եւ եկեղեցիներու գործունէութեան, հաւաքատեղիներու գոյութեան, սկաուտական շարժումներու, բարեսիրական միութիւններու, կուսակցական, երիտասարդական թէ պատանեկան կազմակերպութիւններու եւ այլ գործօններու խորքին մէջ եւ իբրեւ անփոխարինելի հիմքը անոնց՝ մի՛ կասկածիք, որ հայկական դպրոցն է անպայման: Եկեղեցին իր հաւատացեալներով համայնք կը կազմէ, իսկ դպրոցը հիմը կը դառնայ գաղութի կազմակեպման: Այս երկուքը միասին գաղութը կը հասցնեն այն մակարդակին, որ երկրի կրթական նախարարութիւնը գործնապէս երաշխաւորէ մեր դպոցներու գոյութիւնը եւ Յունաստանի մեծայարգ նախագահուհին յանուն պետական ապարատին ու յոյն ժողովուրդին, անձա՛մբ ի’նք դափնեպսակ զետեղէ Անծանօթ զինուորի յուշարձանին, ի յարգանս ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներուն…:
Այնպէս որ երբեք մտահան չընենք, որ հայկական դպրոցը հիմքն է հայագաղութին, իսկ հայակրթութիւնը հայուն արմատն է, որուն վրայ կ’աճի ու կը կազմուի ազգային ինքնութիւնը: Եթէ հիմքը տկար է, փոքր ցնցումէն կը փլի շէնքը, կառոյցը: Նոյնպէս, եթէ արմատը առողջ ու հաստատուն չէ, պտուղ չի տար ծառը եւ առաջին փոթորիկէն արմատախիլ կ’ըլլայ:
Այնքան ատեն, որ չենք մոռնար, թէ հիմքը ամրացած է մեր մեծհայրերուն երկաթեայ կամքով եւ արմատը իր սնունդը առած է անոնց արդար քրտինքով, իսկ մենք երախտամոռ չենք ըլլար ու հաւատարիմ կը մնանք անոնց յիշատահին, հայակրթական ճակատի վրայ յաղթական նոր 60-ամեակներ կ’արձանագրուին անպայման:
Ուրեմն՝ կեցցե՛ն հայկական դպրոցները: Կեցցէ՛ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը: Ընդմիշտ կեցցեն: