Շաբաթ, 8 Յուլիսի երեկոյեան, Աթէնքի Հ.Կ.Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» ազգային միջնակարգի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 30+1 տարիներու գործունէութեան նուիրուած խրախճանք, կազմակերպութեամբ՝ դպրոցի Ծնողական միութեան։ Ներկայ էին շրջանաւարտներ, նախկին ու ներկայ ուսուցիչներ, պաշտօնեաներ եւ դպրոցի բարեկամներ։
Երեկոն սկսաւ Ծնողական միութեան ատենապետուհիի Մէրի Գոճայեանի բարի գալուստի խօսքով։ Ապա տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի կողմէ յոբելեանը ողջունեց տնօրէնուհի Արշալոյս Սափրիչեան։ Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ վաստակաշատ ազգային գործիչ, վարժարանի առաջին տնօրէն Միհրան Քիւրտօղլեան։
Յաջորդեց դպրոցի արխիւէն քաղուած լուսանկարներով ու տեսերիզներով յուզիչ ցուցադրութիւն մը, որ կէս ժամուան տեւողութեամբ, ամփոփ կերպով կը ներկայացնէր ներկաներուն քաղցրագոյն ապրուած պահերը։
Խոհարար Յակոբ Եսայեան, բացառիկ սեղան մը սարքած էր, իսկ երիտասարդներ Ճորճ Սթամպոլեան եւ Յակոբ Չաղանեան ներկաներուն տրամադրութիւնը բարձրացուցին իրենց պատրաստած խմիչքներով։
Երեկոն շարունակուեցաւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի հայկական պարերով ու ապա մինչեւ կէս գիշեր պարերով, խինդ ու ծիծաղով։ Շատեր, բարձրանալով իրենց հին դասարանները եւ նստելով նոյն նստարաններուն վրայ, նկարուեցան ու վերյիշեցին երանելի աշակերտական օրերը։
ԹՂԹԱԿԻՑ
***
Ծնողական միութեան ատենապետուհի
Մէրի Գոճայեանի բարի գալուստի խօսքը
Սիրելի շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ եւ բարեկամներ Հ.Կ.Խ.-ի Ճէնազեան միջնակարգ վարժարանի,
Այս երեկոյ հաւաքուած ենք նոյն վայրը, ուր քանի մը օր առաջ նշեցինք Լ. եւ Ս. Յակոբեան Վարժարանի 60-ամեակը, նշելու մեր սիրելի Միջնակարգի հիմնադրման 30+1-ամեակը:
Լ. եւ Ս. Յակոբեան Վարժարանի 60-ամեակին նուիրուած հրաշալի Յուշատետրի առաջին էջերուն վրայ տեղադրուած էր Դիոնէզիոս Սոլոմոսի խօսքը՝ «Ուրիշ բան չունիմ, քան Ազատութիւնն ու Լեզուն» քիչ մը փոփոխուած՝ «Ուրիշ բան չունիմ, քան Կրօնն ու Լեզուն», շեշտելու համար կարեւորութիւնը այս երկու ազդակներուն, գաղութի մը գոյատեւման ու յարատեւման գործընթացին: Եւ քանի որ լեզուն ազգային ինքնութիւնը պահպանելու կարեւորագոյն միջոցն է, զայն ապրեցնող ու փոխանցող դպրոցը առանցքային դեր կը խաղայ հայրենիքէն հեռու ծնած ու աճող սերունդներուն համար:
Երբ մեր պապերը, իբրեւ գաղթական հասան Յունաստան դժուարին ու խիստ աննպաստ պայմաններու տակ եւ գերմարդկային զոհողութիւններով էր, որ հիմնեցին հայկական դպրոցներ՝ մանկապարտէզներ ու նախակրթարաններ: Եւ մօտաւորապէս ութսուն տարի ետք, մեծ երազանք մը եւս իրականացաւ. հիմնուեցաւ Յունաստանի մէջ միակ հայկական միջնակարգ վարժարանը, մեր պատանիներուն ընծայելով հայեցի կրթութիւն, ամրապնդելով անոնց ազգային ինքնութիւնն ու միաժամանակ կեանքի անհրաժեշտ հմտութիւններ եւ բարձր արժէքներ: Մեր վարժարանը իւրայատուկ դպրոց մըն է, որ յունական հասարակութեան կը ծանօթացնէ մեր Ազգն ու Մշակոյթը լաւագոյն դեսպաններուն՝ մեր աշակերտներուն միջոցաւ: Այստեղ է, որ մեր զաւակները մեր մայրենի լեզուի, ազգային պատմութեան ու մշակոյթի իմացութեան ալ աւելի կը խորանան, իւրացնելով ի՛նչ որ ժառանգուած է իրենց նախկին սերունդներէն, եւ զինուած անհրաժեշտ պաշարով, որպէսզի կերտեն մեր ազգի ապագան:
Մենք՝ Ծնողական միութեան վարչութիւնս, կը շնորհաւորենք մեր դպրոցի 30+1 տարիները, մաղթելով, որ այս հաստատութիւնը շարունակէ իր ուղին երկար տարիներ, ի շահ մեր ապագայ սերունդներուն:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը կ’ուզենք յայտնել բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան, որպէսզի այս երեկոն իրականանայ:
Բարի եկած էք եւ բարի՛ զուարճութիւն բոլորի՛ս:
***
Տնօրէնուհի Արշալոյս Սափրիչեանի արտասանած խօսքը
Յարգելի հիւրեր, սիրելի՛ շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ եւ պաշտօնեաներ Հ.Կ.Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» Ազգային միջնակարգ վարժարանի,
Մեր գաղութի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային պահ մըն էր ասկէ երեսուն եւ մէկ տարիներ առաջ, երբ երկար տարիներու երազանքը, բուռ մը արիաբար մարտնչող մտաւորականներու շնորհիւ, իրականութիւն կը դառնար: Անոնք քաջ գիտակցելով հայկական վարժարանի դերակատարութեան հայ պատանիի մը հոգեմտաւոր աճման, այլասերման դէմ պայքարին ու ազգային ինքնութեան յարատեւման, հաւատքո՛վ ու վճռակամութեամբ հիմնաքարը դրին այսօրուան Յունաստանի մէջ միակ հայկական միջնակարգ վարժարանին՝ Հ.Կ.Խ.-ի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» ազգային միջնակարգ վարժարանին:
Բացման նախօրէին՝ 1991-ի Յունիս 15-ին, «Ազատ Օր»ի խմբագրականին մէջ կը շեշտուէր.
«Հայկական միջնակարգ վարժարանի բացումը իրողութիւն մըն է մեր գաղութին համար: Ժամը հասած է զայն արժեւորելու: Արժեւորելու գործնապէ՛ս,
— Որպէսզի նոր ու գալիք սերունդներու աչքին մէջ նայինք պատուո՛վ, առանց ամօթի զգացումի,
— Որպէսզի հայակրթութիւնը թափ ստանայ եւ մեր գաղութները օժտուին յանձնառու հայերով,
— Որպէսզի յանձնառու հայերու ապագայ գործունէութեամբ շարունակուին մեր սկսուած պայքարները, բոլոր մարզերուն մէջ:
Նոր սերունդի փրկութեան ակութը վարժարանն է: Վառենք զայն: Տաքնանք իր կրակով: Մանաւա՛նդ տաքցնենք մեր շրջապատը, վարակիչ անկեղծ ջերմութեամբ, տարածող հաղորդականութեամբ: Վարուժանեան ասումով, առաջնորդենք մեր աշակերտները՝ «Դէպի աղբիւրը լոյսին»:
Եւ մենք այսօր ականատես վկաներն ենք այս գեղեցիկ մթնոլորտին: Հայ երիտասարդներ, որոնք աւարտելով մեր վարժարանը, բարձունքներ կը նուաճեն ու թէ՛ յունական հասարակութեան մէջ, թէ՛ մեր ազգային կեանքէն ներս աշխուժ ներդրում ունին:
Պատահական չէ՛, որ մեր շրջանաւարտներու մասին յունական Երկրորդական դպրոցներու տնօրէնները մի՛շտ հիացումով արտայայտուած են: Որովհետեւ այս հաստատութիւնը սերունդներուն կ’ընծայէ արդիական մեթոտներով, բարձրագոյն մակարդակի հայեցի եւ ընդհանուր կրթութիւն:
Մեր վարժարանի ուսուցչական կազմի եւ տնօրէնութեան անունով կը շնորհաւորեմ մեր սիրելի «Ճէնազեան» միջնակարգի յոբելեանը, մաղթելով որ այս տաքուկ հայկական բոյնը յարատեւէ երկար տարիներ: