Հայ Կապոյտ Խաչը, ի յիշատակ բարերարուհի «Թագուհի Փաշայեան»ի, որպէս նուազագոյն յարգանքի արտայայտութիւն հաստատած է մրցանակ մը, որ հայկական վարժարանները յաճախած եւ պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն բարձրագոյն նիշով յաջողութիւն արձանագրած ուսանողին կը տրուի։
Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի մասին մամլոյ յայտարարութեամբ կը տեղեկացուի հասարակութիւնը, որպէսզի հետաքրքրուողները Հ.Կ.Խաչի գրասենեակ փոխանցեն Յունաստանի համալսարաններու իրենց մուտքի քննութեանց նիշերը։
Շրջանային Վարչութիւնը քննելէ ետք ստացուած դիմումները, կը հաստատէ համալսարան մուտքի բարձրագոյն նիշը ապահոված ուսանողը։
2020-2021 տարեշրջանին համար, Հ.Կ.Խաչի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակին արժանացաւ Ալեքս Չիլինկիրեան, որ յաջողեցաւ Աթէնքի համալսարանի «Πανεπιστήμιο Πειραιά — Τμήμα Ναυτιλιακών σπουδών» բաժինին:
Դժբախտաբար, COVID-19 համաճարակի պատճառաւ նկատի ունենալով պետութեան արգիլումները, մրցանակի յանձնումը տեղի չունեցաւ, ինչպէս ամէն տարի կը կատարուէր Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան միջ-վարչական ժողովի ընթացքին բոլոր մասնաճիւղերու ներկայութեամբ կամ Շրջանային վարչութեան գրասենեակէն ներս, այլ իրեն յանձնուեցաւ անձնապէս։
Հ.Կ.Խաչը իր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ Ալեքսին եւ կը մաղթէ նոր յաջողութիւններ իր ուսանողական ասպարէզէն ներս։
Հ.Կ.ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹՒԻՆ