Հայ Կապոյտ Խաչը բարերարուհի Թագուհի Փաշայեանի յիշատակը յաւերժացնելու նպատակով, հիմնած է մրցանակ մը, որ կը տրուի Հ.Կ.Խաչի հայկական վարժարանները յաճախած եւ պետական համալսարաններու մուտքի քննութիւններուն բարձրագոյն նիշով յաջողութիւն արձանագրած ուսանողներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի մասին հասարակութիւնը տեղեակ կը մնայ մամլոյ յայտարարութեամբ, որպէսզի հետաքրքրուողները Հ.Կ.Խաչի գրասենեակ փոխանցեն Յունաստանի համալսարաններու իրենց մուտքի քննութեանց նիշերը։ Շրջանային վարչութիւնը քննելէ ետք ստացուած դիմումները, կը հաստատէ համալսարան մուտքի բարձրագոյն նիշը ապահոված ուսանողը։
Այս տարեշրջանին համար, Հ.Կ.Խաչի «Փաշայեան» մրջանակին արժանացաւ Սերգօ Սամուէլեան, որ յաջողեցաւ մուտք գործել Աթէնքի համալսարանի (Οικονομικό Πανεπιστήμιο Αθηνών, τμήμα Πληροφορικής) համակարգիչի գիտութեանց բաժանմունքէն ներս։
Այսպէս, 2020-2021 տարեշրջանին, «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակը յանձնուեցաւ Սերգօ Սամուէլեանին, Երեքշաբթի՝ 30 Նոյեմբեր 2021-ին, Հ.Կ.Խաչի գրասենեակին մէջ, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ժողովին ընթացքին։
Հ.Կ. Խաչի ատենապետուհի ընկհ. Լիզա Աւագեան շնորհաւորեց ուսանողը իր յաջողութեան համար եւ յայտնեց, որ Հայ Կապոյտ Խաչը հաւատարմութեամբ կը հետապնդէ կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու յաջողութիւնը՝ այն գիտակցութեամբ եւ համոզումով, որ մեր զարգացած նոր սերունդը յատուկ հպարտութիւն կը պատճառէ բոլորին։
Ատենապետուհին մաղթեց եւ յորդորեց ուսանողին գործօն դերակատարութիւն ունենալ մեր գաղութի կեանքէն ներս։
Աւարտին, ժողովականները շնորհաւորեցին երիտասարդը ու իր ծնողքը՝ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով։