
Այս դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ։ Երկու տարօրինակ դպրոցական տարիներէ ետք, այս տարի դպրոցը վերագտաւ իր բնականոն ընթացքը, վերածաղկեցաւ։ Անգամ մը եւս հաստատեցինք թէ, որեւէ հեռավար ուսուցում չի փոխարիներ դպրոցական կեանքը, դպրոցին անփոխարինելի առօրեան։ Դպրոցին մէջն է, որ երկու տարուան բացակայութենէ ետք, աշակերտները եռանդով մասնակցեցան Ծնողական Միութեան կազմակերպած Գիրքերու ցուցադրութեան իրենց ձեռային աշխատանքներով, «Թալիս» (ΘΑΛΗΣ) եւ «Փիթաղորաս» (ΠΥΘΑΓΟΡΑΣ) թուաբանութեան մրցումներուն։ Դպրոցին մէջն է, որ դիմաւորեցինք Նոր Տարին, անակնկալ ձիւնը, Բարեկենդանն ու Փակեալ Խորանը՝ թռուցիկ արձակելով, կատարեցինք մեր առաջին հնաբանական պեղումները, տօնեցինք յունական եւ հայկական ազգային տօները, Վարդանանցը, յիշատակեցինք Ցեղասպանութեան զոհերու 107-ամեակը եւ ուխտեցինք շարունակել մեր իրաւունքներու արդարացման ազգային պայքարը։ Մեր մտերմիկ օճախին մէջն է, որ ընդունեցինք, հիւրասիրեցինք Սփիւռքի՝ յատկապէս Եւրոպայի հայկական դպրոցներու հայ մանկավարժներ։
Այս տարեշրջանին ծրագրեցինք եւ իրականացուցինք այժմէական հետաքրքրութիւններով 25-է աւելի միամսեայ, երկամսեայ, եռամսեայ եւ կամ քառամսեայ տեւողութեամբ դաստիարակչական ծրագիրներ, շարքը երկայն է, սակայն նշենք մի քանին․-
- ΤΑΠΕΡΙΣΤΑΣ
- ΧΟΡΕΥΟΝΤΑΣ ΜΕ ΤΙΣ ΛΕΞΕΙΣ ΤΟΥ ΤΟΠΟΥ ΜΟΥ
- SAVING THE PLANET (անգլերէն)
- « Το φαινόμενο της Αστικής Νησίδας
- ΦΑ & ΦΙΛΑΝΑΓΝΩΣΙΑ
- ΗΜΕΡΑ ΠΑΓΚΟΣΜΙΟΥ ΔΙΑΤΡΟΦΗΣ
- ΗΜΕΡΑ ΑΤΟΜΩΝ ΜΕ ΑΝΑΠΗΡΙΑ
- ΗΜΕΡΑ ΣΧΟΛΙΚΟΥ ΑΘΛΗΤΙΣΜΟΥ
- 200 χρόνια Νεοελληνική Τέχνη»,Միհալիս Քաքոյեանիս հիմնարկութեան հետ առցանց ուղիղ կապով․ 4 շաբաթ տեւողութեամբ ծրագիր․
- Make a wish
- Եւ այլն
Իսկ հայերէն լեզուով՝
- Արեգակնային դրութիւնը
- Մեր աւանդական խաղերը
- Վերամշակում
- Ընկերութիւն եւ բարեկամութիւն
- Հայկական եւ միջազգային խոհանոց
- Ղեկավարելու վարչաձեւեր՝ ի՞նչ է ժողովրդականութիւնը
- Ազգային եւ միջազգային խոհանոց
- Մետաքսի ճամբան
- Եւ այլն
Եւ անշուշտ մեծով ու պզտիկով ներգործեցինք Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան «Զնտուկ»ի աշխարհը եւ օգտուեցանք անոր բաց պատուհանիկներէն
Յունաստանի կրթական նախարարութեան կողմէ այս դպրոցական տարեշրջանին համար առաջարկուած դպրոցին վերարժեւորման աշխատանքները (Ετήσια έκθεση Εσωτερικής Αξιολόγησης του εκπαιδευτικού Εργου της Σχολικής Μονάδας) լի ու լի կատարեցինք, ինչպէս նաեւ Հմտութեան աշխատանոցները (Εργαστήρια Δεξιοτήτων)։
Մայիսին վերջին շաբաթը մեր դպրոցը այցելեցին 14 հայ ուսուցիչներ Ֆրանսայի հայկական դպրոցներէ (Փարիզ, Լիոն, Մարսիլիա), Ա․Մ․Ն․ Արեւմտեան թեմի 12 դպրոցներու վարիչ պատասխանատուն եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկին Հայկական բաժնի Արեւմտահայերէնի զարգացման պատասխանատուն, որպէսզի դիտարկեն մեր Զաւարեան դպրոցին մէջ հայերէնի նորարար – ստեղծարար ապրումով ուսուցումը։ Կէսօրէն ետքերը այս ուղղութեամբ կը յաջորդէր աշխատանոց։ Պատիւը եւ միաժամանակ պատասխանատւութիւնը մեծ էր մեր դպրոցին համար։ Սակայն այսօր, այս բեմէն անվարան կրնամ ըսել, թէ բացառիկ յաջողութիւն արձանագրեց եւ՝ սիրելի Անի, Արաքսի եւ Անուշ, շնորհիւ մեր սքանչելի գործակցութեան եւ ձեր մանկավարժական եզակի մեթոտաբանութեան, «Զաւարեան»ը փայլեցաւ Սփիւռքի արեւմտեան տարածքին հայ ուսուցիչներու շրջանակին մէջ։
Մասնաւոր շնորհակալութիւն՝
- Առաջնորդ Սրբազան Հօր վարժարանիս հանդէպ տարած գուրգուրանքին համար
- Հայ Կապոյտ Խաչին, որ ջանք չի խնայեր եւ ամէն վայրկեան մեր կողքին է
- Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն դպրոցին զանազան կարիքներու մատակարարման համար
- Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, թաղային եւ տիկնաց մարմիններուն, որոնք միշտ դպրոցին կողքին են
- «Ազատ Օր»ի խմբագրական կազմին
- «Արմենիքա» պարբերաթերթին խմբագրութեան
- Ամերիկայի Յունահայերու Միութեան ազնուափայլ տիկիններուն եւ յարգելի պարոններուն
- Սան պահող ազնուափայլ բարերարուհիներ Անուշ Ճրագեանին ու Պերճուհի Ունճեանին
- Վարժարանիս շատ սիրելի նորարար գաղափարներով Ծնողական միութեան, որ միշտ մեր կողքին է։ Այս տարի մեծ յաջողութեամբ կազմակերպեց հայկական եւ յունական գիրքերու ցուցահանդէսը, ապահովագրեց մեր աշակերտները եւ յանձն առաւ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աւարտականներու նուէրները
- Զաւարեան կեդրոնի խորհուրդին
- Եւ բոլոր սիրելի նուիրատուներուն՝ Իոաննա եւ Արամ Գասարճեան, Հայկ Աճեմեան, Ռաֆայէլ Չալեան, Վարդ եւ Մուրատ Աւագեան, Տեսփինա Մաքետոնոփուլու։
Յատուկ շնորհակալական խօսք՝
Գալուստ Կիւպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժնին կրթական, բարոյական աջակցութեան եւ նաեւ ցուցաբերած վստահութեան համար։
Վարձքը կատար՝
Մեր սիրելի աշակերտներուն, որոնք տարեշրջանի ընթացքին բացի իրենց ամենօրեայ պարտականութիւններէն, գուրգուրացին իրենց վարժարանին վրայ:
Դպրոցի մատակարարման պատասխանատուին, դպրոցական ինքնաշարժերու վարորդներուն եւ ուղղեկցողներուն։ Մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բոլոր գործընկերներուս, Տեսփինա Մաքետոնոփուլուին, Մարինա Փարասքեւային, Տիմիթրա Ուկրինիին, Թէոտորա Մացակուրային, Անտիղոնի Փեթրային, Էֆի, Էլսա Փեսեքսիտուին, Լուիզա Միխալաքոփուլուին, Ֆուլի Քալոքսիտուին, Էմիլիա Ֆոլիային, Էֆի Քիրիաքուտիին եւ Ալեքսանտրոս Ցացոս-Պապունիսին, մանկապարտէզի օգնական Թամար Պետոյեանին ու հայ ուսոցչական կազմին։ Անոնց հասկացողութեան եւ անկեղծ գործակցութեան շնորհիւ մեր դպրոցը կը զարգանայ, կը բարգաւաճի եւ կը ստեղծագործէ կիրթ մթնոլորտի, անկեղծ, հաղորդական ու ջերմ միջավայրի մէջ։
Յատուկ յիշատակում մեզմէ անդարձ մեկնած Սթաւրօ-Խաչիկ Ապարեանին։ Ան ծառայեց մեր դպրոցը 1986 Սեպտեմբերէն մինչեւ իր անակնկալ մահը՝ 36 տարիներ շարունակ, դարձաւ անոր անբաժան մասը։ Յաջորդ տարեշրջանի սեմին Սթաւրոյին համար ծրագրուած է յատուկ երեկոյ մը։
Սիրելի աշակերտներս,
Զուարթամիտ, կատակասէր՝ բառին իսկական իմաստով, ընկերասէր, գործնական, ստեղծագործ դասարան մը եղաք, ուր յայտնաբերուեցան ապագայի տաղանդներ, ի միջի այլոց բանաստեղծ մը․․․։
Ձեր կեանքին մէջ շարունակեցէք զարգացնել մեր դպրոցին՝ Զաւարեանին մէջ յայտնաբերած ձեր հետաքրքրութիւնները։ Անոնք վստահ եմ , պիտի սատարեն ձեր ապագայի անձնական յաջողութիւններուն եւ նաեւ պիտի ներգործեն մեր համայնքի կեանքին։
Վառ պահեցէք ձեր շարունակ ներկայութիւնը – մասնակցութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական-սկաուտական խումբերուն մէջ, Պատանեկան Միութեան, եւ կամ պարզապէս ազատ ժամանցը հո՛ս, Զաւարեան կեդրոնին մէջ։
Բարի երթ ունենաք, սրտագին կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ եւ ձեր բոլորին երազներուն իրականացում։
ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ
Այս տարի «Μαθηματικά Πυθαγόρας» մրցաշարքին 13 աշակերտներ մասնակցեցան` անունները պիտի յայտարարուին մեր դպրոցին կայքէջէն (https://dim-kyan-stavr-nikaias.att.sch.gr/ ) եւ անոնցմէ մրցանակին արժանացան 4 հոգի (Էկեան Մարղարիթա, Մինասեան Սեւակ, էկեան Ալեքսանտրոս)։ Աւարտական դասարանէն մասնակցողները գնահատանքի արժանացան, իսկ մրցանակին կ՛արժանանայ Վալենթինա Առաքելեան։
Հ.Կ.Խ.ը ամէն տարի Հ.Յ.Դ Պատանեկան միութեան բանակումին մասնակցութեամբ կը գնահատէ աւարտական դասարանէն հայերէն լեզուի գերազանց աշակերտին։ 15 աշակերտներէն 10-ն գերազանց, որոնցմէ 5-ը փայլուն արդիւնքներով՝ Փոլ, Վալենթինա, Մարտին, Վարդ եւ Արման։ Մրցանակին կ՚արժանանայ բացառիկ 10 նիշով Վարդ Կարապետեան։
Տիկին Մէրի Փափազեան եւ պարոն Ռոպերթ Արշակունի իրենց ծնողած՝ Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներուն յիշատակին 200 եւրոյով կը պարգեւատրեն Հայոց Պատմութեան լաւագոյն աշակերտին. Հոս ալ դժուար էր որոշումը՝ Մելին, Փոլ, Մարտին, Վարդ, Ռիթա, Արման։ Մրցանակին կ՚արժանանան Աւագեան Փոլ եւ Ղազարեան Մարտին։
Դասարանը, ինչպէս արդէն ներկայացումներէն նկատեցիք, կը սիրէ ստեղծել, բանաստեղծել․․․։ Երկլեզու հակիրճ ներկայացումներն ալ իրե՛նք ստեղծեցին` Մելինը, Ռիթան, Վալենթինան, Մարիան, Վարդը, Մարիանան, Միքայէլը, Լազարոն, Գաբրիէլը, Նիքոլան, Սերճիկը, Արմանը, Եորղոն, Մարտինը, Փոլը․․․ներշնչուեցան «Հայրենի Աղբիւր» դասագիրքին «Պ» շարքի «Մեր ճափոնական ճաշը» նիւթէն, իսկ յունական ներկայացումը՝ Զաւարեան դպրոցին մէջ իրենց կեանքէն։ Մեր 15 աշակերտները քուէարկեցին եւ ընտրեցին դասարանի բանաստեղծը․ այն է՝ Արման Յովհաննէսեան։ Ուսուցչական կազմը անոր կը նուիրէ Արմենիքա պաբերաթերթի հրատարակութեան «Արմենիքի Մուսա» բանաստեղծաշարքը եւ Անահիտ Սարգիսեանի «Բարեւ Արեւ» շարքէն «Պարոն Սեդրակը» բանաստեղծական երգիծանաշարքը, մաղթելով երբեք չդադրի գրելէ։
Սիրելի ծնողներ,
Շնորհակալ ենք ձեզի, որ մեզի վստահեցաք ձեր հոգեհատորները՝ զաւակները․ միասին ձեռք ձեռքի գործակծեցանք 8, 6 եւ կամ ալ 3-4 տարիներ, ու այսօր հոս, բոլորս միասին հրաժեշտ կու տանք մե՛ր զաւակներուն։ Վարձքերնիդ կատա՛ր
Բարի ամառ։