Իւրաքանչիւրիս կեանքին ամենապայծառ եւ անմոռանալի յիշողութիւնները կապուած են մանկութեան եւ յատկապէս մեր մանկապարտէզին հետ, հոն ուր կը դրուին հասուն կեանքի մուտք գործելու անհրաժեշտ հիմքերը: Մեր միտքը բերելով մեր մանկութեան առաջին տարիները եւ տեսնելով մեր hամակարգի փոքրիկները, ինքնաբուխ կը ժպտինք՝ մանաւանդ երբ անոնք մեր շուրջը կը գտնուին: Օրհնութիւն եւ նուէր է իրենց հետ գործել եւ աշխատիլ, որովհետեւ կը տեսնես ու կ՚ապրիս քայլ առ քայլ՝ ինչպէս ներկայէն ապագայ մը կրնայ շինուիլ իրենց անմեղութեամբ եւ մաքուր զեփիւռով, թէ չափահաս մը փոքր կրնայ զգալ իրենց զգացումներու գոյնատախտակով, թէ անոնք միայն վառ գոյներ մեզի կրնան փոխանցել ու նուիրել յոյս եւ կեանք, կարող են ստեղծել այս փայլուն ապագան եւ ըլլան ժառանգորդները մեր ազգային արժէքներուն, սկսելով վաղահաս տարիքներէն: Յուսաբեր են նաեւ հայեցի կրթութեան առաջին արդիւնքները եւ անոնց կողքին տեսնելով փոքրիկներուն աչքերուն մէջ գոհունակութեան, անհամբերութեան եւ սիրոյ ցոլացումը, որ մենք եւ դուք տեսանք ամբողջ տարուան ընթացքին եւ վայելեցիք այսօր այս հանդէսով: Մեր մշակոյթը, մեր աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները, մեր պատմութիւնը եւ մեր լեզուն միանշանակ կը գոյատեւեն, երբ փոքրիքները կը գործեն անոնց ընդմէջէն եւ իրենց հորիզոնները կ՚ընդլայնեն: Գիտելիքներ ստանալով կը ստեղծագործեն եւ կը նուիրեն ու միաժամանակ հասուն անձնաւորութիւններ կը դառնան:
Յատկապէս, այս փոքրիկներն էին, երբ մանկական գիրքերու համաշխարհային օրուան եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին առթիւ , անդրադարձան մանկական գրականութեան կարեւոր դերը՝ զանազան աշխատանքներով, ապա առիթը ունեցան ծանօթանալու մեր հայ հեղինակները եւ բանաստեղծները՝ կազմակերպուած աշխատանքներով: Նոյն փոքրիկներն էին նաեւ, երբ արուեստին մօտեցան, ծանօթանալով հռչակաւոր օտար եւ հայ գեղանկարիչներ. այս ծրագրին նպատակն էր՝ փոքրիկները անդրադառնան ստեղծագործական գործերու արժէքին եւ դրական կեցուացք որդեգրեն գեղանկարչութեան եւ արուեստին հանդէպ, իսկ ծրագրին վերջին փուլին փոքրիկները նկարեցին Մարտիրոս Սարեանի բնանկարներէն իրենց նախընտրածը:
Մեր հայեցի դաստիարակութիւնը ալ աւելի ամրապնդեցաւ երբ փոքրիկները ներածեցինք երաժշտութեան աշխարհին մէջ: Այս ծրագրի ընթացքին ստեղծեցինք միջավայր մը զանազան երաժշտական խաղերով, անոնք լսեցին հայկական երաժշտութիւն եւ անոր հետ խաղցան, խմբային փորձառութիւններ ձեռք ձգեցին, նուագարաններ գործածեցին եւ հայկական արհեստագիտութեան մօտեցան: Երգերու ընդմէջէն մեր աւանդութիւնները ապրեցան ու կենդանանացուցին՝ նուագարաններ գործածելով ու զանոնք թատերացնելով: Այսօր, կրցաք դուք ալ համ ու հոտը առնել այս ծրագրէն՝ հանդէսի սկիզբին, արդիւնքը ըլլալով՝ ո՛չ այս հանդէսը, այլ մեր աւանդութիւններու ծանօթացումը երգի եւ խաղի միջոցաւ: Այս ծրագրով երեխաները նաեւ քննադատական մտածում գործածեցին, իսկ իւրացուցին կեցուացքներ եւ կարողութիւններ, որոնք օգնեցին հաղորդակցիլ եւ գործակցիլ իրենց ընկերներուն հետ, մշակելով ընկերային փոխազդեցութիւնը խմբային գործունէութիւններու միջոցաւ: Փոքրիկներն են, որ ընտրեցին երաժշտութիւն եւ պար ամբողջ տարուան ընթացքին՝ ուկնդրելով Կոմիտասը, ճանչցալով զայն, սիրելով, եւ ահա՝ այսօր վայելեցիք:
Շնորհիւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութան, որ երկրորդ տարին ըլլալով բարոյապէս ու նիւթապէս նեցուկ կանգնեցաւ, բարձրորակ արդիւնք մը ապահովուեցաւ «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի ծրագիրներու համակարգման եւ իրագործման համար:
Սիրելի ծնողներ,
Չորրորդ տարին բոլորեցինք՝ իրագործելով զանազան աշխատանոցներ մեր մանկապարտէզին մէջ, ուր դուք եւս ներկայ եղաք։ Վերջինը՝ մեր հրաժեշտի հանդիպում-աշխատանոցն էր, որ կազմակերպուեցաւ «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի ուսուցչական կազմէն։ Ուրախութիւնը ունեցաք մօտէն տեսնելու ձեր զաւակներուն աշխատանքները, եւ որոշ հաճելի պահեր ապրեցաք՝ մանկակապարտէզի առօրեայէն եւ մեր ծրագիրներէն կարճատեւ տեսաերիզի մը ցուցադրութեամբ:
Յաջորդաբար, առիթը ունեցաք աշխատելու ձեր զաւակներուն հետ, շինելով գեղեցիկ յիշատակներ, որոնք դրօշմեցին այդ գեղեցիկ օրը:
Մասնաւոր շնորհակալութիւն՝ մեր գիտակից ծնողներուն, որոնք գնահատեցին այս նախաձեռնութիւնը։ Շնորհակալութիւն՝ նաեւ Ծնողական միութեան, որ սատարեց այս ծրագրին։
2018-2019 տարեշրջանի առիթով ջերմագին շնորհակալութիւններ կը յայտնենք՝ Առաջնորդ Սրբազան հօր, շրջանիս հոգեւոր հովիւին, Ազգային Վարչութեան եւ ուսումնական-տնտեսական խորհուրդներուն, կալուածային խորհուրդին,Գոքինիոյ Թաղային եւ Տիկնանց մարմնոյ, վարժարանիս տնօրէնութեան, մանկապարտիզպանուհիներ Մելեթի Խրիստինա, Աճէմողլու Անժել, վարժարանիս Ծնողական միութեան եւ բոլոր այն ծնողներուն եւ հայրենակիցներուն, որոնք թիկունք կանգնեցան մեր մանկապարտէզին:
Շնորհակալութիւններ՝ մանկապարտէզի բոլոր աշակերտներու ծնողներուն, որոնք վստահեցան իրենց զաւակները հայկական մեր այս ծաղկուն պարտէզին:
90 տարի ետք, հպարտ կը զգանք եւ պատիւը ունինք՝ առաքելական այս գործունէութեան. մեզի տրուած լոյսերով, հայաշունչ ոգիով, գիտելիքներով եւ նորութիւններով պիտի շարունակենք ազգային արժէքներու փոխանցումը այս մատղաշ փոքրերուն, որոնք մեծնալով եւ զարգանալով պիտի դառնան մեր արժանի փոխարինողները:
Շնորհաւորութիւններ՝ «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի սիրելի շրջանաւարտներ:
Վարձքերնիդ կատար:
Աբիկեան Անի
Վարիչ մանկապարտիզպանուհի