Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի Արցախի համար մարդասիրական
օգնութիւնը հասաւ Հայաստան
օգնութիւնը հասաւ Հայաստան
Յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ
յանձնուեցաւ պետական մարմիններուն ու Հ.Օ.Մ.-ին

Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի ու Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի կողմէ կազմակերպուած Արցախի հայութեան համար մարդասիրական օգնութեան ծրագիրը՝ իր երեք շաբթուան վրայ երկարած տեւողութեամբ բարւոք աւարտին հասաւ եւ Շաբաթ՝ 12 Դեկտեմբերին, առաջին փուլը յատուկ թռիչքով Երեւան փոխադրուեցաւ ու յանձնուեցաւ պատկան նախարարութեան ու Հ.Օ.Մ.-ին։
Յատկանշական էր, որ երեք շաբաթ անդադար Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ ակումբներն ու հայկական կեդրոնները մեղուափեթակներու վերածուած ըլլալով, Խաչեան մեր անդամուհիները տենդագին աշխատանք կատարեցին ընդունելու, դասաւորելու եւ ծրարելու մեր հայրենակիցներուն եւ յոյն եղբայրակից ժողովուրդին կողմէ սիրտէն բխած մարդասիրական օգնութիւնը։ Մեր խաչուհիներու կողքին, հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանք տարին Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան կամաւորները։
Հոս, երախտագիտութեամբ պէտք է նշել յունական հասարակական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը՝ նշանակալից քանակութեամբ օգնութեան բաժինով, դեղերով եւ բժշկական իրերով։
Մարդասիրական օգնութեան հաւաքումին զուգահեռ, անմիջական կապ հաստատուեցաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային Զարգացումի Գործակցութեան սպասարկութեան հետ (ΥΔΑΣ), որ գործակցութեամբ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, կարգաւորեց զինուորական բեռնատար օդանաւի տրամադրումը, որուն միջոցով կարելի եղաւ առանց յապաղումի օգնութիւնը փոխադրել Հայաստան։ Արցախի համար օգնութեան առաջին փուլը պատրաստ ըլլալով, մօտ 10 թոն հագուստեղէն, դեղօրայք ու անմիջական կարիքի բժշկական իրերը, Ուրբաթ՝ 11 Դեկտեմբերի առաւօտուն փոխադրուեցան էլեւսինայի ռազմական օդակայանը եւ յանձնուեցան պատասխանատուներուն։ Փոխանցման արարողութեան ներկայ եղաւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատկան սպասարկութեան (ΥΔΑΣ) տնօրէն պ. Ե. Լարիսիս ու իր գործակիցները։ Հայկական կողմէն յանձնումը կատարեցին Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ընկերները եւ Հ.Կ.Խաչի ու Հ.Գ.Խաչի ներկայացուցիչները։
Հայկական պատուիրակութիւնը իր երախտագիտական անկեղծ զգացումները յայտնեց արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններուն, որոնք ընդառաջեցին եւ սատար հանդիսացան օդանաւի տրամադրումին ու դիւանակալական բոլոր ձեւակերպութիւններու ամբողջացման, կարեւոր ներդրում ունենալով Արցախի մեր ժողովուրդին ուղղուած մարդասիրական օգնութեան ջանքերուն։ Յաջորդաբար, ծրարներու մեծադիր խշտեակները բեռցուեցան օդանաւին վրայ։

ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Շաբաթ՝ 12 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 12-ին, բեռնատար օդանաւը սկսաւ դէպի Հայաստան թռիչքը։ Նախօրօք կատարուած դասաւորումով եւ յանձնումի աշխատանքները համադրելու նախատեսութեամբ, մարդասիրական օգնութեան ուղեկցեցաւ յունահայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցչական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Հ.Յ.Դ Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Յարութիւն Սերոբեանէ, Հ.Կ.Խաչի ատենապետուհի ընկ. Լիզէթ Շանկայեանէ, Հ.Գ.Խաչի ներկայացուցիչ ընկ. Տիգրան Պլէճեանէ, Համազգայինի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Յուլիանա Մանուկեանէ եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտ. Միութեան անդամ ընկ. Երուանդ Մանուկեանէ։ Դէպի Հայաստան ճամբորդեցին եւ ուղեկցեցան նաեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ պ. Ե. Լարիսիս եւ յունական պետական ΕΡΤ հեռատեսիլի նկարահանող խումբը։
Օդանաւը հասաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը երեկոյեան ժամերուն, ուր դիմաւորուեցաւ Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան պ. Էւակելոս Թուրնաքիսի, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Համեստ Պէօճէքեանի, Հ.Օ.Մ.-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Մարինէ Համբարձումեանի, Ա.Գ.Ն. եւ Արտակարգ Իրավիճակներու նախարարութեանց ներկայացուցիչներուն կողմէ։
Մարդասիրական օգնութեան դեղօրայքի եւ բժշկական անհրաժեշտութեան իրերը փոխանցուեցան Ա.Ի.Ն.-ի ներկայացուցիչին, իսկ հագուստեղէնի եւ այլ կարիքներու իրերը փոխանցուեցան Հ.Օ.Մ.-ի ներկայացուցիչներուն։ Բոլոր կողմերը ստորագրեցին համապատաստան յանձնման եւ ստացման փաստաթուղթերը, որմէ ետք իրերը տեղափոխուեցան օդակայանի մաքսատունը, որպէսզի ամբողջանան դիւանակալական բոլոր ձեւակերպութիւնները։
Տեղւոյն վրայ, յունական ΕΡΤ հեռատեսիլի կայանի նկարահանող խումբը հարցազրոյցներ ունեցաւ հայկական պատուիրակութեան եւ Յունաստանի դեսպանին հետ։
Յանձնումի աշխատանքներու ամբողջացումէն ետք, օդանաւը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Յունաստան վերադարձաւ ուշ գիշերին։ Նշենք , որ մարդասիրական օգնութեան փոխադրումէն առաջ, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուէր օգնութեան առաքելութեան համակազմակերպումը նախարարութեան, Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի հետ միասնաբար։
Երեւան ժամանումէն վերջ, Հայաստանի լրատուական միջոցները եւս անդրադարձան Յունաստանի հայութեան կողմէ մարդասիրական օգնութեան, յատուկ նշում կատարելով Հ.Օ.Մ. ի Յունաստանի երկու կառոյցներու կատարած աշխատանքին։