Տալիթա Մէքթուպճեան՝ լուսանկարուած երջանկայիշատակ Խորէն Ա. Վեհափառին եւ Սահակ Արք. Այվազեանին հետ, 1978

Ք­սան տա­րի ա­ռաջ ամ­բողջ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը եւ յատ­կա­պէս ­Հայ Կա­պոյտ Խա­չի մեծ ըն­տա­նի­քը խոր ցնցու­մի են­թար­կո­ւե­ցան ի լուր մեր սի­րե­ցեալ ըն­կե­րու­հի ­Տա­լի­թա­յի սպա­նու­թեան:
Ըն­կե­րու­հի ­Տա­լիթան ե­րի­տա­սարդ տա­րի­քին ան­դա­մագ­րո­ւած էր մեր կազ­մա­կեր­պու­թեան եւ մին­չեւ ե­ղե­րա­կան սպա­նու­թիւ­նը, նո­ւի­րու­մով ու հա­ւատ­քով կը ծա­ռա­յէր բա­րե­սի­րա­կան ու խնա­մա­տա­րա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն` բո­լոր հան­գա­մանք­նե­րու մէջ, իբ­րեւ  պարզ, թէ վար­չա­կան կամ շրջա­նա­յին վար­չու­թեան ան­դամ …:
Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եր­կա­րա­մեայ ա­տե­նա­պե­տու­հիի պաշ­տօ­նը ո­չին­չով փո­խած էր ա­նոր հա­մես­տու­թիւ­նը, ժրա­ջա­նու­թիւ­նը, աշ­խու­ժութիւ­նը եւ կա­րի­քա­ւոր­ներ գտնե­լու եւ ա­նոնց օգ­նե­լու ե­ռան­դը:
­­Կա­նա­ցի մեր մեծ կազ­մա­կեր­պու­թեան վսեմ նպա­տակ­նե­րուն հան­դէպ՝ հան­գու­ցեալ ըն­կե­րու­հիին հա­ւատքն ու նո­ւի­րու­մը, իր մտե­րիմ ժպի­տո­վը գոր­ծա­կից­նե­րը ներշն­չե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը, օ­րի­նակ դար­ձան իր շուր­ջին­նե­րուն ու նաեւ՝ յա­ջորդ­նե­րուն։
Հայ Կա­պոյտ Խա­չի ըն­տա­նի­քը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կը յի­շէ իր սի­րե­ցեալ ու եր­կա­րա­մեայ ա­տե­նա­պե­տու­հին եւ յար­գան­քով կը խո­նար­հի ա­նոր յի­շա­տա­կին…:

ՀԱՅ  ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ  ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈԻԹԻՒՆ