Հ.Կ.­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ ­Սօ­սէ մաս­նա­ճիւ­ղի գլխա­ւոր ծրա­գիր­նե­րէն կը հան­դի­սա­նայ տա­րե­կան պա­զա­րը, որ այս տա­րի եւս ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Շաբաթ, 9 ­Դեկ­տեմ­բեր 2023-ի ե­րե­կո­յեան, «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրահ­նե­րէն ներս:
­Վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րու ժրա­ջան աշ­խա­տան­քով զար­դա­րո­ւած սրահ­նե­րէն ներս, սե­ղան­նե­րը գե­ղեց­կօ­րէն լե­ցո­ւած ա­ւան­դա­կան հայ­կա­կան ճա­շե­րով եւ ա­նու­շե­ղէն­նե­րով՝, ա­րա­գօ­րէն պար­պո­ւե­ցան այ­ցե­լու­նե­րու գնում­նե­րով:
Եր­կու ա­մի­սէ ի վեր, ­Գո­քի­նիոյ «­Սօ­սէ» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը եւ իր ան­դա­մու­հի­նե­րը գոր­ծի լծո­ւած էին: ­Պատ­րաս­տո­ւե­ցան մեծ քա­նա­կու­թեամբ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ճա­շեր, ինչ­պէս նաեւ ա­նու­շե­ղէն­ներ: Աս­կէ զատ մաս­նա­ճիւ­ղի թէ՛ ան­դա­մու­հի­նե­րը եւ թէ՛ ազ­գա­յին­ներ սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րե­ցին զա­նա­զան ապ­րանք­ներ, ո­րոնց մե­ծա­պէս իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ վար­չու­թիւ­նը:
­Նա­խորդ տա­րի­նե­րու նման, այս տա­րի ալ յա­տուկ սե­ղան­ներ տրա­մադրուած էին Ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան տե­ղա­կան խում­բե­րուն, Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազգ. վար­ժա­րա­նի Ծ­նո­ղա­կան միու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ­նե­րուն, ո­րոնք պա­զա­րի ա­ռի­թով վա­ճա­ռե­ցին ապ­րանք­ներ՝ հա­սոյթ մը ա­պա­հո­վե­լով ի­րենց միու­թեան հա­մար։
Այ­ցե­լու­նե­րը՝ յոյ­ներ եւ հա­յեր, վստահ ըլ­լա­լով ճա­շե­րու ո­րա­կին՝ կա­տա­րե­ցին ի­րենց գնում­նե­րը, քա­ջա­լե­րե­լով ըն­կե­րու­հի­նե­րու աշ­խա­տանքն ու ի­րենց գնում­նե­րով հա­սոյթ ա­պա­հո­վե­ցին մաս­նա­ճիւ­ղին:
­Պա­զա­րը այ­ցե­լեց նաեւ ­Նի­քէա-­Ռէն­տիի նո­րըն­տիր քա­ղա­քա­պետ պրն. ­Քոս­թաս ­Մա­րա­կա­քիս, որ պա­զա­րի յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց՝ ընդգ­ծե­լով Հ.Կ.­Խա­չի կա­տա­րած բա­րե­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը:
Ա­մէն ինչ վա­ճա­ռո­ւե­ցաւ՝ մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով բո­լո­րին՝ թէ՛ վար­չու­թեան եւ թէ՛ ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ո­րոնք տես­նե­լով թէ ի­րենց ջան­քե­րը ար­դիւ­նա­ւո­րո­ւե­ցան՝ մոռ­ցան յոգ­նու­թիւ­նը:
Ս­րա­հի կէս բա­ժի­նը, ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, դա­սա­ւո­րո­ւած էր այն­պի­սի ձե­ւով, ուր բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կը հրամ­ցո­ւէր վար­չու­թեան ըն­կե­րու­հի­նե­րէն պատ­րաս­տո­ւած հիւ­րա­սի­րու­թիւն եւ տաք սուրճ, ստեղ­ծե­լով հա­ճե­լի մթնո­լորտ մը:
­Վարձ­քը կա­տար պէտք է ը­սել վար­չու­թեան եւ բո­լոր աշ­խա­տող ըն­կե­րու­հի­նե­րուն ու օ­ժան­դակ­նե­րուն, ո­րոնք եր­կու ա­մի­սէ ա­ւե­լի ժա­մա­նակ տրա­մադ­րե­ցին ու ի­րենց անձ­նա­կան զբա­ղում­նե­րը մէկ­դի դրին, հաս­նե­լու հա­մար Հ.Կ.­Խա­չի կա­րե­ւոր գոր­ծին, որ ինչ­պէս միշտ՝ բա­րե­սի­րա­կան եւ գա­ղու­թա­յին նպա­տակ­նե­րով պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի:

ԹՂԹԱԿԻՑ