Կազմակերպութեամբ Գոքինիոյ Հ.Կ. Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 14 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» զոյգ սրահներէն ներս տեղի ունեցաւ անդամական ժողով նուիրուած մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին ու «Մայրերու օր»-ուան նշումը։ Ներկայ եղան մասնաճիւղի մեծ թիւով ընկերուհիներ, Շրջանային վարչութիւնը եւ քոյր մասնաճիւղերը։
Ժողովի բացումը կատարելէ ետք, ընկերուհի ատենապետուհին խնդրեց ներկաներէն մէկ վայրկեանի յոտնկայս լռուեամբ յարգել յիշատակը մեզմէ առ յաւետ հեռացած մասնաճիւղի անդամներուն՝ Մաքրուհի Պատանեանի, Արմէնուհի Մովսէսեանի, ինչպէս նաեւ շրջանի հոգեւոր հովիւի երէցկին ընկ. Մարալ Խաչերեանի։
Իր ջերմ շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք, ընկերուհի ատենապետուհին Մայրերու օրուան առիթով յայտնեց, թէ այսօրուան անդամականը առաւելապէս նուիրուած է մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակին եւ ցօնուած է բոլոր անոնց, որոնք գործեցին ու կը շարունակեն գործել Հայ Կապոյտ Խաչի նպատակներու իրագործման համար։
Մեծ հետաքրքրութեամբ եւ յուզումով ընկերուհիները դիտեցին պաստառի վրայ ցուցադրուած մասնաճիւղի հարիւրամեայ գործունէութեան լուսանկարները, իրենց մօտ յառաջացնելով կարօտալի յիշատակներ։ Հոս պիտի ուզէինք մեր շնորհակալութիւնը յայտնել ընկ. Մանուէլ Սավուլեանին, որ սիրայօժար պատրաստեց տեսանիւթը։
Մասնաճիւղի պատմականին եւ անցեալի գործունէութեան շուրջ իր խօսքը ուղղելու հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի երկար տարիներու անդամուհի, ընկերուհի Լուսի Շանկայեան։ Ան, բացառիկ հաղորդականութեամբ, կրցաւ ներկաներուն փոխանցել անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին մասնաճիւղի կատարած գործունէութիւնը եւ մէջբերելով զանազան դրուակներ իր գործած տարիներու ընթացքին, խանդավառ տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։
Եւ քանի տարեդարձ՝ առանց կարդանդակի եւ մոմեր մառելու չըլլար՝ յաջորդեց «Սօսէ» մասնաճիւղի հարիւրամեակի գեղեցիկ կարկանդակի հատումը, որուն համար հրաւիրուեցաւ ընկերուհի Մանուշակ Ցուքալա, որ ինքն ալ իր կարգին ողջունեց մասնաճիւղի հարիւրամեակը եւ շնորհաւորութիւններ մաղթեց բոլոր մայրերուն։ Այս առիթով, ընկերուհին ընթերցեց մասնաճիւղի երկար տարիներու անդամ ընկերուհի Շաքէ Էլմասեանի ողջոյնի խօսքը, որ կը բացակայէր ժողովէն, կամքէ անկախ պատճառներով։
Ընկերուհիի ողջոյնի խօսքը լոյս կը տեսնէ առանձին։
Նախքան ժողովի փակումը, ընկերուհի ատենապետուհին իր ջերմ շնորհակալութիւնները յայտնեց Յարութիւն եւ Սերգօ Մովսէսեաններուն, որոնք իրենց մօր՝ ընկ. Արմէնուհի Մովսէսեանի յիշատակին, հոգացին հիւրասիրութեան ծախսերը։
Բոլոր ընկերուհիներուն բաժնուեցան շատ գեղեցիկ նուէրներ 100-ամեակը խորհրդանշող։ Պատրաստուած նուէրներու փորագրութիւնը եւս սիրայօժար պատրաստուեցաւ պրն. Սթեֆանոս Պարտիզպանեանի կողմէ, իր հօրաքրոջ՝ Պիստա Պարտիզպանեանի յիշատակին, որ տարիներ շարունակ եղած է Ֆալիրոյի Հայ Կապոյտ Խաչի մասնաճիւղի անդամ։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն՝ պատրաստուած մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներուն կողմէ՝ ընկերային հաճելի մթնոլորտի մէջ։
Ժողովը փակուեցաւ Հայ Կապոյտ խաչի քայլերգով եւ ներկաները մեկնեցան մեծ գոհունակութեամբ եւ վերանորոգ տրամադրութեամբ, որ նախորդներուն գործը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի իր սիրելի ժողովուրդին հետ՝ հայրենիքին համար։
Ողջոյնի խօսք ընկ. Շաքէ Էլմասեանի կողմէ
Սիրելի խաչուհիներ,
Այսօր պանծալի օր մըն է մեզի համար, որովհետեւ կը տօնակատարենք մեր սիրելի միութեան՝ Հայ Կապոյտ Խաչի հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ բարեդէպ զուգադիպութեամբ մը հայ մայրերուն նուիրուած «Մայրերու օր»ը:
Հ. Կ. Խաչը, սիրելիներ, հայ ժողովուրդի ցաւատանջ ծոցէն ծնունդ առած, հայ ժողովուրդին ծառայող միակ հայ կնոջական միութիւնն է: Հայ Կապոյտ Խաչը 100 տարեկան է այսօր, հարիւր տարեկան երիտասարդ մը, այնքան առոյգ, այնքան գործօն. վկայ՝ իր հինգ մասնաճիւղային շարքերը, վկայ՝ ժողովուրդին անոր հանդէպ տածած սէրն ու յարգանքը. վկայ՝ իր կազմակերպած ձեռնարկներուն առաւել մեծ յաջողութիւնը. վկայ՝ «Մայրերու օր»ուան եւ այլ յարգանքի եւ սիրոյ երեկոներու հերթական տօնակատարութիւնները…։
Այս առթիւ՝ ընկերուհիներ, քոյրեր, թոյլ տանք, որ մեր սրտերը եւ մտքերը սաւառնին 100-ամեակ մը ետ, ոգեկոչենք եւ մեր երախտիքը յայտնենք բոլոր այն նուիրեալ եւ ծառայասէր անհատներուն, որոնք կարիքը, հրամայականը կանխատեսեցին եւ այդ դժուար օրերուն հիմնադրեցին հայ կնոջական միութիւն մը, որ կոչուեցաւ «Հայ Կապոյտ Խաչ»:
Յարգանք եւ պատիւ անոնց:
Կը խոնարհինք նաեւ մեզմէ յաւերժ հեռացած այդ աննման խաչուհիներուն, հոգիի մեծութեան առջեւ, որոնք հարիւր տարիներ իրենց ճիգով ու աշխատանքով երաշխաւորեցին Հ.Կ.Խաչի հարիւրամեայ երթը, գոյութիւնը, «Ժողովուրդին հետ՝ ժողովուրդին համար» կարգախօսով:
Չենք մոռնար երէկը, կը հպարտանանք երէկի մեր յաջողութիւններով, կը գնահատենք երէկը, կ՚օրինակուինք անկէ եւ ընթանալով անոնց մեր առջեւ բացած շաւիղէն, կը կերտենք նորը, այսօրը, միշտ պատշաճելով օրուան կարիքներուն ու պահանջքներուն: Նորը, այսօրը, կը ստեղծուի խտացնելով մեր շարքերը, վառ պահելով մեր հաւատքը ու սէրը մեր ըրածին հանդէպ:
Ես ալ՝ իմ կարգին կ’ողջունեմ Հ.Կ.Խաչի 100-ամեակը եւ «Մայրերու օր»ը:
Կը շնորաւորեմ կազմակերպիչ վարչութիւնը, կը մաղթեմ որ Հայ Կապոյտ Խաչը մնայ տեւապէս առոյգ, երիտասարդ եւ 100-ամեակներ տօնելու արժանանանայ:
«Դո՛ւն, մեր կամքը կռանող,
Հաւատք ներշնչող.
Դո՛ւն, ցաւերու, վիշտերու բալասան,
Լոյսի, յոյսի ճառագայթ.
Մի՛ ընկրկիր, մի՛ նահանջեր
Ապրէ՛ ապրեցո՛ւր
Ո՜վ «Կապոյտ Խաչ»
Կեցցէ՜ Հայ Կապոյտ Խաչը,
Կեցցէ՜ «Մայերու օր»ը
Ժողովի ընթացքին կատարուեցան նուիրատուութիւններ Հ.Կ.Խաչի «Սօսէ» մասնաճիւղին, որոնց համար վարչութիւնը իր ջերմ շնորհակալութիւնները կը յայտնէ։
Փոխան նուիրատուութեան ընկերուհիներ Կարինէ Կարապետեան, Սիլվա Գզիրեան եւ Նունէ Կիրակոսեան օժանդակեցին անդամական ժողովի ծախսերուն։
Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Տիկնանց մարմնոյ անդամուհիները՝ 60 եւրօ:
Ընկհ. Շամի Տելիյեաննի 50 եւրօ:
Ընկհ. Եղիս Մանկոյեան 50 եւրօ:
Ընկհ. Վարվարա Հաննէյեան 30 եւրօ:
Ընկհ. Անժէլ Գզիրեան 30 եւրօ:
Ընկհ. Պերճուհի Ունճեան 50 եւրօ:
Ընկհ. Սեդա Ռաֆայէլեան 100 ամ. տոլար:
Ընկհ. Սեդա Յովակիմեան 50 եւրօ: