Երեք տարուան ընդմիջումէն ետք, որ համավարակի տարածումը ստիպողաբար պատճառեց, Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան» միջնակարգ ազգային վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտները կը կատարեն իրենց աւանդական պտոյտը դէպի Հայաստան։ Այս անգամ սակայն, Արցախի շրջափակման պատճառով, մեր աշակերտները պիտի չկարողանան այցելել արծուաբոյն Արցախը, սակայն իրենց տնօրէնուհիին ու ուղեկցող ուսուցիչին գլխաւորութեամբ, պիտի վայելեն Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերը, պատմական շրջանները, յուշակոթողները եւ առիթը պիտի ունենան մօտէն ճանչնալու հայրենի կեանքի գունաւոր պատկերները։
Իրենց 10-օրեայ պտոյտի առաջին օրն իսկ շրջանաւարտներու խումբը այցելեց Խոր Վիրապ եւ մօտէն վայելեց զոյգ Մասիսներու փառահեղ տեսարանը։ Յաջորդաբար, անոնք ուղղուեցան դէպի Նորավանք եւ Արենիի քարայրը, տեսնելու համար մեր հազարամեայ քաղաքակրթութեան յատկանշական նմուշները։
Դէպի Հայաստան պտոյտը միջնակարգի աշակերտութեան ամէնէն սպասուած առիթն է, որ աշակերտները անհամբերութեամբ կը սպասեն։ Իրենց ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ երեք տարիներու ուսման վերջին հանգրուանն է, ուր հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան կարեւոր դասաւանդութեան մթնոլորտին մէջ, մեր աշակերտները կը ստեղծեն հայրենիքին հետ հոգեկան կապ ու երանգաւոր պատկերներ, որոնց պսակումը կը դառնայ Հայաստանի հողին վրայ 10 անմոռանալի օրեր ապրելու յուզումը եւ հպարտութիւնը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Կ.Խաչի «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» վարժարանի աւարտականները Հայաստան կ՚այցելեն