Հ.Կ.Խաչի «Ճէնազեան» ազգ. միջնակարգ վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն վկայականներու տուչութիւնը տեղի ունեցաւ 29 Յունիս 2020ի, երեկոյեան ժամը 8ին, կրթական նախարարութեան կողմէ փոխանձուած՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակի սփռման զգուշացման ուղղութիւններով:
Մեր սիրելի աշակերտներուն ուղղուած՝ դպրոցիս տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի խրախուսական խօսքերէն ետք, կարդացուեցաւ
2019-2020 դպրոցական տարեշրջանի գերազանց աշակերտներուն անունները.
Ա. Դասարան
I. Տամատեան Ռոզինա 18 12/13
Բ. Դասարան
I. Սպոնիա Թէոտորա 19 08/14
I. Քերոբեան Մարիա 19 08/14
II. Մահտեսեան Տիգրան 19
III. ՊարղուտեանՓաթիլ 18 10/14
Գ. Դասարան
I. Բարսեղեան Անահիտ 19 10/14
II. Թերզեան Վարդան 19 01/14
III. Խանիկեան Ատրինէ 18 08/14
Ապա Հայ Կապոյտ Խաչի հաստատած մրցանակըհայերէնի մէջ լաւագոյն ճիգը ցուցաբերող եւ համապատասխան արդիւնքի հասնող աւարտական աշակերտին համար, որ կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Պատանեկան միութեան ամառնային բանակումին անվճար մասնակցութիւն
Շրջանային վարչութեան հոգատարութեամբ, այս տարի շնորհուեցաւ Անի Փիլաֆեանին: Կը շնորհաւորենք եւ մեծապէս կը գնահատենք նմանօրինակ քայլեր, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան մեր աշակերտութեան` աւելի լաւ սորվելու եւ ամրապնդելու հայոց լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ իրենց ունացած գիտելիքները:
Դպրոցս շնորհակալութիւն կը յայտնէ՝
Գերաշնորհ Սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, յարակից եւ պատկան մարմիններուն, Ուսումնական եւ Տնտեսական խորհուրդներուն, իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքին համար:
Խորին շնորհակալութիւն՝ Հ.Կ.Խ.ի Շրջանային վարչութեան, իրենց նուիրական ու անսակարկ նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար:
Հրապարակային շնորհակալութիւն՝ Հ.Օ.Մ.ին, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան, Ֆիքսի Հ.Յ.Դ. «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի սկաուտներու վարչութեան, «Կիւլպէնկեան» եւ «Աւետիքեան» հիմնարկութիւններուն, կրթասէր ազգայիններուն եւ ծնողներուն՝ մեր վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին համար:
Շնորհակալութիւն՝ շրջանիս քահանայ հօր:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը նաեւ կրթական նախարարութեան, նոյնպէս «Β’βάθμια Εκπαίδευση Α’ Αθήνας»ի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք մեծապէս օժանդակեցին մեր վարժարանի անխափան գործունէութեան եւ գոյատեւման:
Շնորհակալութիւն՝ նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, որ որեւէ ճիգ չի խնայեր օգտակար դառնալու համար մեր դպրոցի աշխատանքներուն:
Շնորհակալութիւն՝ դպրոցիս ծնողական միութեան անդամներուն, մասնաւորապէս տիկին Մէրի Գոճայեանին եւ տիկին Սառա Միսաքեանին, որոնք ամբողջ տարին եղան մեր կողքին, ինչպէս նաեւ շրջանաւարտներուն, որոնք պատրաստեցին գեղեցիկ նուէրներ:
Շնորհակալութիւն՝ տիկին Մէրի եւ օրիորդ Մարալ Ծերոնեաններուն, որոնք այս դժուարպայմաններուն՝ հարազատի օգնութեան ձեռքը երկարեցին դպրոցիս՝ նուիրելով ձեռակերտ դիմակներ (mask)եր, եռանդուն, նախշուն գոյներով եւ պատկերներով:
Շնորհակալութիւն՝ պարոն Լուլումարիս Սիմոսին, որ դպրոցիս նուիրեց տպագրիչ սարքաւորում մը, գրասենեկային աթոռներ եւ պիտոյքներ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Մինասեան Խաչիկին, որ ծնողականին միջոցով պատրաստուած աշակերտներու նուէրներուն վրայ փորագրեց դպրոցին անունն ու իւրաքանչիւր աշակերտի անունը:
Շնորհակալութիւն՝ պրն. Մանուէլ Սավուլեանին, նկարներու եւ ձայնաերիզներու պատրաստման համար:
Շնորհակալութիւն՝ մեր վարժարանի յարակից պաշտօնէութեան, որոնք իրենց նպաստը բերին մեր աշխատանքներու յաջողութեան:
Վերջապէս սրտագին շնորհակալութիւն՝ իմ բոլոր պաշտօնակիցներուս, որոնց համախումբ ճիգերուն շնորհիւ հնարաւոր եղաւ արդիւնաւոր տարի մը բոլորել:
Սրտագին շնորհակալութիւն՝ տիկ. Քոլցիտա Ալեքսանտրային, տիկ. Փափաիլիա Նաւսիքային, տիկ. Փիփերիտու Էլէնիին, տիկ. Վլախոփուլու Նիքիին, տիկ. Ճամուզեան Նազիկին, պրն. Մանոլաքոս Էվանկելոսին, պրն. Ստամաթաքիս Արկիրիսին, պրն. Տումաս Թէոտորիին: Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ յանձնուեցան աւարտական աշակերտներուն վկայականներն ու նուէրները, մաղթելով միշտ լաւագոյնը: