­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս
Հ.Կ.­­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան ար­շա­ւը իր ա­ւար­տին հա­սաւ

­­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 109-ա­մեա­կի ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս Հ.Կ.­­­Խա­չի ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան Բ. փու­լը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ, ­­­Կի­րա­կի, 7 Ապ­րիլ 2024-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00-էն մին­չեւ կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 14:00, ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն ներս։
­­­Մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ներ­կայ ե­ղան «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րոն, ուր Հ.Կ.­­­­Խա­չի ըն­կե­րու­հի­նե­րը եւ ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան բժշկա­կան խում­բը սի­րով ըն­դու­նե­ցին ա­նոնց:
­­­­Կա­րե­լի ե­ղաւ 29 ­հո­գիէ ա­րիւն ստա­նալ: Ս­տա­ցուած ա­րեան քա­նա­կը տրա­մադ­րո­ւե­ցաւ «Է­վան­կե­լիզ­մոս» հի­ւան­դա­նո­ցի հա­մա­կար­գի՝ ­­­Հայ ­­­Կա­պոյտ ­­­Խա­չի ա­նու­նին պահք դրո­ւած ա­րեան պա­հես­տա­նո­ցին։
Այս տա­րի եւս յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­ցաւ Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­րիւ­նա­տո­ւու­թեան մար­դա­սի­րա­կան ար­շա­ւը: ­­Միու­թեան ա­րիւ­նի պա­հես­տա­նո­ցը հարս­տա­ցաւ յա­ւե­լեալ ա­րիւ­նով, ո­ր կը տրա­մադ­րո­ւի կա­րի­քա­ւոր մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ա­ռանց ու­շա­ցու­մի: Հ.Կ.­­Խա­չի խիստ կա­րե­ւոր այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը օգ­նու­թեան ձեռք կ­’եր­կա­րէ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռող­ջա­պա­հա­կան պատ­ճառ­նե­րով ա­րեան կա­րի­քը կ­‘ու­նե­նան: