Յունաստասնի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութիւնը ամէն տարի հոգեհանգստեան յատուկ արարողութեամբ կը պատուէ յիշատակը իր անթիւ անդամներուն, բարերարներուն եւ կրթական մշակներուն, որոնք իր հովանիին տակ տասնեակ տարիներ նուիրումով գործեցին խնամատարական եւ կրթական մարզէն ներս։
Այս տարի եւս, Կիրակի, 10 Մարտ 2024-ին, Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան հոգեհանգստեան կարգը, ներկայութեամբ Շրջանային եւ տեղական վարչութիւններուն, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներուն եւ տասնեակ խաչուհիներու։
Նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Հ. Կ. Խաչի բարերարուհի՝ Պերճուհի Քզիրեանի մահուան քառասունքին առիթով։
Պատարագի ընթացքին քարոզեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Տ. Պարէտ քհնյ. Խաչերեան։ Ան խօսեցաւ ծառայութեան արժանիքներուն մասին, ապա զանոնք կապեց Հ.Կ.Խաչի ազգակերտ գործին ու անդամներու նուիրումին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Տէր հօր քարոզը։
* * *
Աստուած սէր է, կ’ըսէ Յակոբոս առաքեալ։ Այս կը նշանակէ, թէ երկնային վարդապետութիւնը հիմնուած է սիրոյ գաղափարին վրայ։ Աստուած սէր է, կ’ըսէ Յակոբոս առաքեալ։ Այս կը նշանակէ, թէ քրիստոնէութեան հիմքը սիրոյ ուսուցումն է։ Աստուած սէր է, կ’ըսէ Յակոբոս առաքեալ։ Այս մէկը կը վկայէ Քրիստոսի մարդասիրական երկրաւոր առաքելութիւնը։ Քրիստոսի սէրը, մարդկային կեանքի գեղեցկութեան ամբողջական պատկերն է։
Իւրաքանչիւր մարդ իր անձնական համոզումին, ըմբռնումին եւ արտայայտման ձեւին մէջ կը տեսնէ սիրոյ գաղափարը։ Ոմանք սէրը կը տեսնեն ոչ օգուտ եւ ոչ ալ վնաս հասցնելու կեանքի ձեւին մէջ։ Ուրիշ մը սէրը կը գտնէ ուրախ ժամանցի մը պահին մէջ։ Ուրիշ մը թանկագին նուէր մը տալու մտածումին մէջ եւայլն։ Այդ բոլորը մասամբ մը ընդունելի են։ Սակայն եթէ ուզենք սիրոյ իսկական մեկնութիւնը հասկնալ եւ արտացոլացումը տեսնել, մեր աչքերը պիտի սեւեռենք մէկ պատկերի վրայ։ Այդ մէկը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսն է, ու Իր առաքելութիւնը։ Քրիստոս մարդու փրկութեան համար առաքուեցաւ այս աշխարհը։ Անոր գալուստը մարդու սիրոյն համար էր։
Իսկ մենք ի՞նչ ձեւով պէտք է սիրենք մարդը։
Այս պատասխանը իմանալու համար եւս, պէտք է դարձեալ նայինք մեր փրկչին Յիսուս Քրիստոսին։ Ան աշխարհ եկաւ մարդուն ուսուցանելու եւ ծառայելու համար։ Հրաշագործութիւնները, քարոզխօսութիւնները, ժողովուրդին հետ ապրիլը, մարդասիրական Իր երկնային առաքելութեան մեկնակէտը դարձաւ։ Ուրեմն ծառայութիւնն է սիրոյ իսկական չափանիշը։ Եւ մեր փրկիչը՝ Քրիստոս, դարձաւ մեծագոյն օրինակը։
Ծառայել կը նշանակէ դիմացինը սիրել։ Անոր ժամանակ տրամադրել։ Իր մտքէն, սրտէն ու հոգիէն ապրում մը փոխանցել։ Իր ճակտի քրտինքէն բաժին մը յատկացնել։ Ուստի հետեւելով Քրիստոսի, մենք կրնանք մեր նմանը սիրել միմիայն ծառայութեամբ։
Ծառայել բայը կամ ծառայ բառը, ինքնին աշխարհի վրայ անհամակրելի եւ պարագայ ու երեւոյթ մըն է։ Մենք ծառան ու անոր աշխատանքը վերածած ենք ժխտական ու անարգական տպաւորութեան։ Ոեւէ մէկը չուզեր ծառայել, զայն նուաստացուցիչ հանգամանք մը նկատելով։ Մինչդեռ ծառային իսկական աշխատանքը բարի է եւ օգտակար։ Մարդ արարածի բնութեան եւ նկարագրային գիծերուն համաձայն, դիմացինը ծառայեցնելը աւելի հաճելի կը թուի, քան ծառայելը։
Հակառակ սոյն տխուր իրողութեան, այսօր բարեբախտաբար կան մարդիկ, որոնք թրծուած են քրիստոնէական վարդապետութեան ուսուցումով ու հաւատքով։ Անոնք սէրը ըմբռնած են իր իսկական իմաստին մէջ եւ կ’արժեւորեն գործով ու նուիրումով։ Կան նաեւ զանազան կառոյցներ, որոնք կը հետեւին Քրիստոսի մարդասիրական առաքելութեան օրինակին ու պատգամին եւ կը շարունակեն առաքելութիւնը։ Մեր ժողովուրդը ունի բազմաթիւ նուիրեալ հայ տիկիններ, որոնք Հ.Օ.Մ.-ի եւ անոր ճիւղերէն միոյն՝ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի մարդասիրական ու բարեսիրական միութենէն ներս, մեծամեծ զոհողութիւններով կը ծառայեն մարդոց։ Ուրեմն երբ անոնց առաքելութեան խորքը մտնենք, շատ յստակ կերպով պիտի տեսնենք քրիստոնէական վարդապետու-թեան ուսուցումը։ Քրիստոսի մարդասիրական առաքելութեան գաղափարը։
Այո, քրիստոնէական վարդապետութեան մարդասիրական գաղափարախօսութիւնը, Հայ Կապոյտ Խաչի մօտ սրբազան նպատակ է, ծառայութեան ուղղի եւ խօսուն պատկեր։ Մարդասիրութիւնը մարդուն գիտակցութենէն յառաջ կու գայ եւ ծառայութեամբ իր նպատակին կը հասնի։
Հայ Կապոյտ Խաչի խումբ մը տիկիններուն կատարածը, անդին հազարաւոր մարդիկ չեն կրնար կատարել դժբախտաբար։ Որովհետեւ անոնք չեն ուզեր ծառայել, այդ մէկը նուաստացուցիչ համարելով։ Մինչդեռ Հայ Կապոյտ Խաչին համար այդ մէկը մեծութիւն է, պատիւ է, արժանիք է ու շնորհք։
Այս բոլորին կողքին, սոյն կառոյցը ունի նաեւ երախտագիտութեան գնահատելի զգացում մը։ Ան ամէն տարի յատուկ հոգեհանգիստ կը խնդրէ, իր կազմէն ներս ծառայած ու այժմ մահացած խաչուհիներու հոգիներուն համար։
Հետեւաբար փախուստ չտանք ծառայելէն, որովհետեւ օրը պիտի գայ, որ մենք կարիքը պիտի ունենանք ուրիշի ծառայութեան։
ԹՂԹԱԿԻՑ