Առաջին զանգը արդէն զարկաւ Հ.Կ.Խաչի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան համար։ Այս տարի եւս, Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբերի առաւօտեան, վարժարաններու բակերը լեցուեցան աշակերտական խանդավառ ձայներով, մեկնարկը տալով հայեցի կրթութեան նոր տարեշրջանին։
Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի գլխաւորութեամբ, Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ դպրոցական շէնքերուն մէջ կատարուեցաւ ջրօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, ներկայութեամբ բազմաթիւ ծնողներու։
Ֆիքսի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» նախակրթարանի ու «Ճէնազեան«» միջնակարգ վարժարանի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 9-ին, որուն մասնակցեցան շրջանի հոգեւոր հովիւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Նազար Աւագեան, Ուսումնական խորհուրդի անդամ Փոլ ֆարաճեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամ ընկ. Նորա Քիւրտօղլեան եւ Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան։
Յաջորդաբար, առաւօտեան ժամը 10-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանի բակին մէջ արարողութեան մասնակցեցան շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ քհնյ. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան, Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի տիկ. Լիզէթ Գիրազեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան անդամ ընկ. Ազնիւ Աճէմեան եւ Հ.Յ.Դ. կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Սերգօ Մանկոյեան։
Արարողութենէն ետք, Սրբազան հայրը, երկու շրջաններուն մէջ իր խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն, մաղթելով բարի դպրոցական կեանք եւ գիտելիքներու նուաճում։ Ան յորդորեց բծախնդրութեամբ հետեւիլ հայեցի կրթութեան եւ լաւագոյն արդիւնքները նուաճել այս տարուան ընթացքին։
Խօսք առաւ նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետը, որ իր կարգին բարեմաղթանքներ կատարեց բոլորին, արդիւնաւէտ եւ հեզասահ դպրոցական տարեշրջան մը բոլորելու ակնկալիքով։
Արարողութենէն վերջ, վարժարաններու տնօրէնները՝ Հայկանուշ Մինասեան, Բաբգէն Գասապեան եւ Արշալոյս Սափրիչեան, իւրաքանչիւրը իր վարժարանի աշակերտութեան դիմելով, կատարեցին կարգ մը անհրաժեշտ յայտարարութիւններ եւ տուին ուղղութիւններ կրթական տարեշրջանի մեկնասկիզբին առիթով։
Նշենք, որ «Ազատ Օր» օրաթերթի պատրաստութեամբ այս տարի եւս տրամադրելի են հայկական նիւթերով եւ ճով կողքով աշակերտական տետրակները, որոնք կարելի է ստանալ դիմելով վարժարաններու տնօրէնութեանց։