­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 11 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րան­նե­րու վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, Հ.Կ.­Խա­չի «Ա. եւ Ժ. ­Ճէ­նա­զեան», «­Զա­ւա­րեան», «Լ. Եւ Ս. ­Յա­կո­բեան», «Ա. ­Գա­լուս­տեան» եւ «Հ. Ու­շագ­լեան» ազ­գա­յին կրթա­րան­նե­րէն ներս եւս կա­տա­րո­ւե­ցան վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Յու­նա­հա­յոց թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի։ ­Ներ­կայ էին շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան եւ Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ու տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րը, մեծ թի­ւով ծնող­ներ եւ ազ­գա­յին­ներ։ ­Ֆիք­սի շրջա­նին մէջ գոր­ծող վար­ժա­րան­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կրօ­նից հար­ցե­րու ընդհ. քար­տու­ղար Եոր­ղոս ­Գա­լա­ծիս։
Ա­ւան­դա­կան ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, Սր­բա­զան հայ­րը եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պ. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան անդ­րա­դար­ձան նոր տա­րեշր­ջա­նի մեկ­նար­կին, շեշ­տե­ցին հայ վար­ժա­րան­նե­րու հա­յե­ցի կրթու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մե­րուն։
­Նա­խա­րա­րու­թեան ընդհ. քար­տու­ղա­րը իր ու­րա­խու­թիւ­նը յայտ­նեց, որ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ներ­կայ ըլ­լա­լու Հ.Կ.­Խա­չի ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի մը վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թեան եւ շեշ­տեց թէ, պե­տա­կան կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րու կող­քին, նոյն­քան անհրա­ժեշտ է հայ կրթու­թեան փո­խան­ցու­մը յու­նա­հայ հա­մայն­քի ա­շա­կերտ­նե­րուն։ Ան ան­գամ մը եւս շեշ­տեց նա­խա­րա­րու­թեան ու իր ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թիւ­նը հա­մայն­քի կրթա­կան բո­լոր հար­ցե­րուն։ Ա­րա­րո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, տնօ­րէն­նե­րը փո­խան­ցե­ցին անհրա­ժեշտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կրթա­կան ըն­թաց­քին հա­մար, որ­մէ ետք ա­շա­կերտ­ներ, ծնող­ներ եւ ու­սու­ցիչ­ներ նոր տա­րեշր­ջա­նի մեկ­նար­կին ա­ռի­թով բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­ցին։