Հ.Կ.­Խա­չի «­Ճէ­նա­զեան» միջ­նա­կարգ ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նը, որ­պէս «­Փի­թա­ղո­րաս» թո­ւա­բա­նու­թեան մրցու­մի քննա­կան կեդ­րոն՝ կազ­մա­կեր­պեց «­Յու­նա­կան թո­ւա­բա­նու­թեան ըն­կե­րու­թեան» ա­ռա­ջադ­րած մրցու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 9 ­Փետ­րո­ւար 2019ին, վար­ժա­րա­նի դա­սա­րան­նե­րէն ներս:
Մր­ցու­մին մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Հ.Կ.­Խա­չի «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի զա­նա­զան պե­տա­կան դպրոց­նե­րէն ա­շա­կերտ­ներ:
­Հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը կա­րո­ղա­ցան լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քի հաս­նիլ եւ նո­ւա­ճել բարձր ար­դիւնք­ներ մրցու­մի ըն­թաց­քին։ ­Պար­գե­ւատ­րում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան ­Շա­բաթ՝ 19 ­Հոկ­տեմ­բեր 2018ին, Ա­թէն­քի ­Բազ­մա­րո­ւես­տից հա­մալ­սա­րա­նի սրահ­նե­րէն ներս, ­Զող­րա­ֆու շրջա­նի հա­մալ­սա­րա­նա­կան հա­մա­լի­րին մէջ, ո­րուն ներ­կայ ե­ղան վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­նե­րը։ ­Պար­գե­ւատ­րո­ւած ա­շա­կերտ­ներն են՝

«­Յա­կո­բեան» վար­ժա­րա­նէն

Ե­զե­կիէ­լեան Ա­րամ՝ Գ. ­Դա­սա­րան
­Մար­տի­կեան Ալ­պեր՝ Գ. ­Դա­սա­րան
­Գար­ճեան Ա­րիս՝ Դ. ­Դա­սա­րան
­Մա­նիա­տա­քիս Ալ­քի­նոս՝ Ե. ­Դա­սա­րան
­Չի­լին­կի­րեան ­Կա­րա­պետ՝ Զ. ­Դա­սա­րան

«­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նէն

Մու­շո­յեան Ք­րիս՝ Դ. ­Դա­սա­րան
­Մար­տի­կեան ­Մա­րիա Զ. ­Դա­սա­րան

«­Ճէ­նա­զեան» վար­ժա­րա­նէն

Քե­րո­բեան ­Մա­րիա՝ Ա. ­Դա­սա­րան
Ս­պո­նիա ­Թէո­տո­րա՝ Ա. ­Դա­սա­րան
­Մի­նա­սեան Ա­րեգ՝ Բ. ­Դա­սա­րան
­Բար­սե­ղեան Ա­նա­հիտ՝ Բ. ­Դա­սա­րան
­Թեր­զեան ­Վար­դան՝ Բ. ­Դա­սա­րան
­Խա­նի­կեան Ատ­րի­նէ՝ Բ. ­Դա­սա­րան

Ա­շա­կերտ­նե­րուն դա­սա­րան­նե­րը ներ­կա­յա­ցո­ւած են ան­ցեալ դպրո­ցա­կան տա­րեշր­ջա­նի դրու­թեամբ: